«Դամասկոս Ընդդիմութեան Դէմ «Սքոտ» Արձակեց» Կ՛ըսէ Ռասմուսըն

Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՕԹԱՆ-ի ուժերը «երէկ սուրիական կանոնաւոր բանակին կողմէ «Սքոտ» տիպի հրթիռի արձակում նշմարած են»: ՕԹԱՆ այդ երեւոյթը «քանդուելու եզրին գտնուող վարչակարգի մը յուսահատ արարքը» նկատեց: Իսկ ՕԹԱՆ-էն աղբիւր մը յայտնեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը զինեալ ընդդիմութեան դէմ «Սքոտ» տիպի հրթիռներ արձակեց:

Այս ծիրին մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն Պրիւքսելի մէջ յայտնեց, որ «կը հաստատեմ, որ «Սքոտ» տիպի հրթիռի մը արձակումը նշմարեցինք»: Ան դէպքին համար ցաւ յայտնեց` աւելցնելով, որ «այդ հարցը կը նկատենք քանդուելու եզրին գտնուող յուսահատ վարչակարգի մը ոճիրներէն մէկը»:

Ռասմուսեն յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ այդ հրթիռին օգտագործումը մեր դաշնակից Թուրքիան պաշտպանելու կարեւորութիւնը կ՛ընդգծէ»` նշելով, որ «մինչեւ հիմա սուրիական որեւէ հրթիռ թրքական հողամասեր չհասաւ»:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը աւելցուց սակայն, որ «անշուշտ հաւանական սպառնալիք գոյութիւն ունի»: «ՕԹԱՆ որոշեց «Փաթրիոթ» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ տեղակայել», ըսաւ ան:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ պաշտօնատար մը յայտնած է, որ «ընդդիմադիր զինեալներուն դէմ աւելի քան վեց հրթիռներ արձակուեցան», իսկ այլ պաշտօնատար մը նշած է, որ «հրթիռները Դամասկոսի շրջանէն արձակուեցան Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող թիրախներու դէմ»:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով յատուկ խորհրդական Ատամա Տինկ զգուշացուցած է, որ Սուրիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութիւնները, ներառեալ` նախագահ Պաշշար Ասատի կրօնակից ալեւիները, կը գտնուին վրէժխնդրութեան եւ ճնշումներու վտանգին տակ:

Տինկ նշած է, որ 21 ամիսէ ի վեր ընթացող սուրիական տագնապը կ՛ընդլայնէ իր ծաւալները` միջկրօնական բռնութիւնները աւելի ուժեղ դարձնելով:

«Ես խորապէս մտահոգ եմ, որ բոլոր համայնքները յայտնուած են Սուրիոյ կառավարութեան գործած մեղքերուն համար ծանր գին վճարելու վտանգին տակ», ըսած է ան:

Տինկ մասնաւորաբար նշած է, որ ալեւիներն ու միւս փոքրամասնութիւնները կը գտնուին վրէժխնդրութեան եւ ճնշումներու սպառնալիքի տակ, որովհետեւ իբրեւ իշխող վարչակարգի դաշնակիցներ եւ աջակիցներ կ՛ընկալուին:

Ինչպէս գործիչները տեղեկացուցած են, սուրիացի ընդդիմադիրները պաշարած են Համա նահանգին մէջ գտնուող ալեւիներով բնակուած եւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող Թլէյսիյա քաղաքը: Մեծամասնութեամբ սիւննիներէ բաղկացած զինեալ ընդդիմութեան այս գործողութիւնները առաւել եւս կը բորբոքեն միջկրօնական տագնապը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Տեպքա» կայքէջը հաղորդեց, որ Ասատ Ռուսիայէն ստացած է «Իսքանտար» արդիական հրթիռներ, զորս տեղակայած է Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ Յորդանանի հետ սահմանին վրայ:

Կայքէջը կը նշէ, որ ռուսական նշեալ հրթիռներուն տեղակայումը պատասխան քայլ մըն է Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ ամերիկեան, հոլանտական եւ գերմանական «Փաթրիոթ» հրթիռներու տեղակայման:

Իսրայէլեան կայքէջը նաեւ կը հաղորդէ, որ ռուսական երեք մարտանաւեր հասած են Թարթուսի նաւահանգիստ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ կը գտնուին երեք հարիւր նաւազներ` աւելցնելով, որ այս անգամ նաւերը կը պարունակեն առաքուած ապրանքներ, որոնք Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմավարական հաւասարակշռութիւնը կը փոխեն, ոչ միայն Սուրիոյ մէջ պատերազմին շրջագիծին մէջ, այլ նաեւ` Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմավարական հաւասարակշռութիւնն ու իրանեան հիւլէական կեդրոններուն դէմ յարձակում գործելու Իսրայէլի բոլոր ծրագիրները կը փոխեն:

Մինչ այդ, ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ամրօ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Սուրիոյ տագնապը եւ զայն լուծելու կարելիութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES