Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ իր խօսքը ուղղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապը երկար պիտի տեւէ եւ Մարտ 14-ը երբեք պիտի չկարենայ օգտուիլ անոր ունենալիք արդիւնքներէն:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Ծննդեան իր պատգամը պիտի փոխանցէ յառաջիկայ երկուշաբթի յետմիջօրէին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ կուսակցութիւնը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան աշխատանքներուն պիտի սկսի մասնակցիլ Նոր տարիէն ետք: Մարունի յայտնեց, որ ինք մտահոգ է, որ Լիբանան հասնող սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականները երկրին մէջ ընդհարումներու պատճառ պիտի դառնան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ֆաթհ Իսլամի հիմնադիր Շաքեր Ապսի իր 100 հետեւորդներով վերադարձած է ու հաստատուած պաղեստինեան Սապրա – Շաթիլա գաղթակայանին մէջ, ուր կը ծրագրէ Պէյրութի մէջ գործադրուելիք բան մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, սուրիական Մարտ 14-ը նման է այն լիբանանցիին, որ օտարին հաւատարիմ է եւ ազատութեան անունով կը վաճառէ իր գերիշխանութիւնը:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք պիտի ընդառաջեն խորհրդարանի նախագահին կողմէ ուղղուած երեսփոխանական սեղմ յանձնախումբին նիստերուն մասնակցութեան կոչին:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ սէյիտ Ալի Ֆատլալլա շեշտեց, որ եթէ լիբանանցիները մէկ սեղանի շուրջ համախմբուին, ապա անոնք կրնան շրջանցել երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ առանց քրիստոնեաներուն Արեւելքը պիտի վերածուի երկրորդ Աֆղանիստանի մը:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ, տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի գրասենեակներու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Շքէյր նշեց, որ Լիբանանը տնտեսական իր դժուար կացութենէն անցած է վտանգաւոր կացութեան հանգրուան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հակառակորդները պատասխանատու պէտք է նկատել երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով արձանագրուելիք յապաղումին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆար Նասեր յայտնեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին կուսակցութիւնը յաւելեալ կեդրոնացում պիտի ցուցաբերէ քաղաքացիական ընկերութեան ձեռնարկած շարժումներուն նկատմամբ:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուներէն մէկը յայտնած է, որ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ համաձայն է 1960-ի ընտրական օրէնքին փոփոխութեան եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի օժանդակած է անոր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան իսլամ կրօնաւորներ, որոնք ուղղակի գործակցութեան մէջ են սուրիական գաղտնի սպասարկութեան հետ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ հոգեւոր խորհրդանիշներ թիրախ դարձնելու որեւէ ծրագիր երկրին մէջ կրնայ մեծ սադրանքներ նախապատրաստել:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Քըպպէ շրջանին մէջ երիտասարդ մը եւ երիտասարդուհի մը սպաննուած գտնուած են ինքնաշարժի նորոգութեան յատուկ խանութի մը մէջ:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ Սուրիոյ միւֆթին իր կրօնը, խիղճն ու արժանիքները կորսնցուցած մարդ մըն է եւ մեծ խաբեբայ մը:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կրնայ Ազգային երկխօսութեան նիստին թուականը յետաձգել փետրուար 2013-ին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնեն խոչընդոտելու երեսփոխանական ընտրութիւնները` պահպանելու համար երկրին իշխանութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ ընդգծեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կ՛աշխատին պահպանել երկրին պետական հաստատութիւնները եւ զանոնք պաշտպանել Հըզպալլայի զէնքին սպառնալիքէն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Իրան առաջին եւ հիմնական երկիրն է, որ կը զօրակցի Դիմադրութեան եւ կը ներկայանայ իբրեւ արաբ ժողովուրդին ռազմավարական խորքը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց ճշդուած թուականին կատարելու եւ ոչ թէ սադրանքներու, այլ` լուծումներու յանգելու:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը երկարատեւ պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ տակաւին պիտի արձանագրուին արիւնալի նոր հանգրուաններ, որոնք աւելի ցնցիչ պիտի ըլլան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն միջքրիստոնէական համախոհական օրէնք մը ստեղծելու առումով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES