Դեսպան Ալի Այցելեց Սելիմ Հըսի

Հըս եւ Սուրիոյ դեսպանը

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ալի, անդրադառնալով սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն դէմ արձակուած բերման գիրերուն, յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւններուն մեղսակցող կողմերը արաբ ազգին եւ իրենք իրենց անձերուն թշնամիներն են:

Ալի յայտնեց, որ պաղեստինցի գաղթականները Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դարձնող կողմերը անոնք են, որոնք Սուրիոյ զինեալ միջադէպերուն սկիզբէն ի վեր ամէն ջանք ի գործ դրած են Սուրիան թիրախ դարձնելու` պաղեստինեան դատին զօրակցելու եւ պաշտպան հանդիսանալու անոր կեցուածքին պատճառով:

Ալի նշեց, որ նման աշխատանք տանողը կը հետապնդէ իսրայէլեան երազները իրականացնելու նպատակներ եւ չի փափաքիր պաղեստինեան հարցին արդար լուծում գտնել ու շրջանին մէջ իսրայէլեան ախորժակներուն դէմ պայքարիլ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Շաարի առողջական իրավիճակին` դեսպան Ալի յայտնեց, որ ըստ բժիշկներուն, անոր առողջական վիճակը կայուն է:

Share this Article
CATEGORIES