Ըստ «Պոքս Սփոր» Ամսաթերթին Արթուր Աբրահամ` Գերմանիոյ Լաւագոյն Կռփամարտիկը
PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ «Պոքս Սփոր» ամսաթերթին, WBO-ի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ դարձեալ հանդիսացած է Գերմանիոյ լաւագոյն կռփամարտիկը, իսկ անոր մարզիչը` Ուլի Վեկնըր` լաւագոյն մարզիչը:
Նշենք, որ Աբրահամ յաջորդաբար 9-րդ տարին ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Այս տարի Աբրահամ WBO-ի ախոյեանութեան գօտիին տիրացած է յաղթելէ ետք Ռապըրթ Շթիքլիցի: Ապա, ան այդ մէկը իր մօտ պահած է, յաղթելէ ետք Մեհտի Փուաթլայի: Ան ապրիլ 2013-ին դարձեալ պիտի ճակատի Շթիքլիցի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

