Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Պարաղեմ Նապաթիէ – ՀՄԸՄ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 22 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Սաֆայի դաշտին վրայ պիտի մրցի Պարաղեմ Նապաթիէի դէմ: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն արձանագրած է երեք յաղթանակ, մէկ հաւասարութիւն եւ կրած մէկ պարտութիւն:
Առաւելագոյն 15 կէտէն 10 կէտ ապահոված ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը Թատամոն Պէյրութի ետին, որ ունի 11 կէտ: Վերջինին վաղուան մրցակիցն է Ժամհիեթ Մաարաքէ:
Նշենք, որ այսօրուան մրցումը ՀՄԸՄ-ի համար պիտի ըլլայ 2012 տարուան վերջինը, որովհետեւ խումբը 7-րդ հանգրուանին (յառաջիկայ շաբաթավերջին) մրցում չունի կատարելիք:
Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն, շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
ՇԱԲԱԹ, 22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սալամ Սուր – Անսար 2:15 Սուր
Թրիփոլի – Շապապ Սահել 2:15 Թրիփոլի
Նըժմէ – Սաֆա 3:30 Մարզական Աւան
ԿԻՐԱԿԻ, 23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Շապապ Ղազիէ – Իժթիմահի 2:15 Քֆարժոզ
Ռասինկ – Ախա Ահլի Ալէյ 2:15 Պուրճ Համուտ
Ահտ – Թատամոն Սուր 2:15 Ահտ

