Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Այնթուրա` 101-50. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պիլիվըրզ` 92-24
Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի կազմերը մրցումներ կատարեցին:
Առաջինին, տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբը մրցեցաւ Այնթուրայի դէմ:
ՀՄԸՄ, որ նախքան երէկուան իր մրցումը արձանագրած էր երկու յաղթանակ, իր չորրորդ յաղթանակը արձանագրեց 101-50 արդիւնքով: Մրցումին երրորդ քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 27-12, 25-8, 21-8 եւ 28-22:
Վերոնշեալ մրցումին յաջորդեց ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պիլիվըրզ մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 92-24 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 30-5, 20-2, 26-0 եւ 16-19:


