Լօխ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղ. Կաղանդի Տօնավաճառի Բացում
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2012-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Այնճարի Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ.Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնավաճառի բացումը:
Ժապաւէնը կտրեցին Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանն ու քաղաքապետ` Կարօ Փամպուքեանը:
Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Մատլեն Խօշեան ողջունեց ներկաները եւ արտայայտելով իր երախտագիտութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնեց Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, որ երեք օրերու վրայ տրամադրած էր սրահը ԼՕԽ-ի վարչութեան,ապա քաղաքապետութեան, որ ստանձնած էր այս ձեռնարկին հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացած էին տօնավաճառի յաջողութեան:
Խօշեան աւելցուց, որ ԼՕԽ-ը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան` պահպանելու ու տարածելու հայ մշակոյթը, յղացաւ Ամանորի առիթով տօնավաճառ կազմակերպելու այս գաղափարը. տօնավաճառի իւրաքանչիւր անկիւնը կը ներկայացնէր հայկական մշակոյթի ու աւանդութեան մէկ օրինակը, ինչպէս` հայ կնոջ ճարտար ձեռքերու արդիւնքը հանդիսացող ուտելիքներու տեսակներ, նուրբ ճաշակով պատրաստուած տօնական կողովներ, ձեռային այլազան աշխատանքներ, մանուկը դաստիարակող եւ անոր մէջ գիրքի նկատմամբ սէր արթնցնող գրքոյկներ, օրիորդներու եւ տիկիններու խոհանոցի մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով անուշեղէններու եւ ճաշերու գրքոյկ-խոհագիրներ, եւ վերջապէս` հայրենիքի մէջ պատրաստուած հայկական յուշանուէրներ եւ գեղեցիկ գորգեր, որոնք տօնական օրերուն մեր տուներուն զարդերը պէտք է ըլլան:
Ապա, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, արտայայտեց իր գնահատանքն ու քաջալերանքը ԼՕԽ-ի նուիրեալ անդամներուն կազմակերպուածութեան ու նրբաճաշակ ներկայացումին գծով:
ԼՕԽ-ի կազմակեպած այս տօնավաճառը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ժողովուրդին մօտ:


