Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը
Երկուշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Նոր տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն նախօրեակին դեսպան Քոչարեան եկած էր շնորհաւորելու վեհափառ հայրապետը:
Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին Լիբանան կատարած վերջին այցելութեան եւ անոր դրական արդիւնքներուն: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց հետզհետէ ծաւալող Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը` մաղթելով, որ Նոր տարին Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ սփիւռքի համար դառնայ մեր ազգի երազներու իրականացման ճամբուն վրայ նոր իրագործումներով լեցուն տարի մը:
CATEGORIES Գաղութային

