ՄԵՆՔ ԵՆՔ` ՄԵՐ ՑԱՒԵՐԸ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԵՏ ՎԵՐԱԲԵՐԵԼՈՒ ՆՐԲՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԼՐՋՈՒԹԻՒՆԸ

Իրաւացի՞ է, երբ կ՛ըսուի, թէ` «Հայաստանը զօրաւոր է սփիւռքով, իսկ սփիւռքը` Հայաստանով»:

Ոմանք, հաւատքով, համոզումով, վճռակամութեամբ կամ լաւատեսութեամբ, «այո» կը պատասխանեն, ուրիշներ` թերահաւատ, կասկածամիտ, վերապահ կամ յոռետես, անշուշտ, իւրաքանչիւրը մեկնելով իր տրամաբանութենէն կամ փորձառութենէն:

Կասկած չկայ (թերեւս պէտք չէ՞ ըլլայ), որ վերոյիշեալ բանաձեւումը, ըստ ամենայնի, կը ծառայէ համայն հայ ժողովուրդին, ի Հայաստան թէ ի սփիւռս, սակայն հարցերուն հարցը կը դառնայ, երբ զայն կը կշռադատենք, կը խորաչափենք ու կը քննարկենք իր ամբողջականութեամբ:

Այլ խօսքով, եթէ Հայաստանը իրօք զօրաւոր է սփիւռքով, իսկ սփիւռքը` Հայաստանով, ատիկա որքանո՞վ իրականութիւն է, որքանո՞վ համադրուած, որքանո՞վ ներդաշնակուած եւ որքանո՞վ հունաւորուած:

«Սուզուելու» համար այս թղթածրարին մէջ կամ` լայնօրէն բանալու անոր էջերը, պէտք է մենք զմեզ հեռու պահենք զգացականութենէ, դիւրագրգռութենէ, հեշտասիրութենէ, մանաւանդ` «շափլոն»ացած հայրենասիրութենէ:

Շատեր կը կարծեն, թէ երբ Հայաստան, հայրենիք կամ հայ ժողովուրդ կ՛ըսուի, ուրեմն հոն գերակշռողը պէտք է ըլլայ միայն զգացական հայրենասիրութիւնը, մոռնալով, որ չոր ու կարծր իրականութիւններ կան, որոնց կողքէն կարելի չէ անցնիլ ինքնասիրահարուածութեան եւ ինքնասիրութեան բովերով:

Եթէ մենք սփիւռքը կը քննադատենք, անոր թերի ու յոռի բարքերով` օտարացում, քաղքենիացում, կապկումներ, անկումներ, եւ առ հասարակ մեր արմատներէն հեռացումներով ու սրտցաւօրէն մատնանշելով զանոնք, ապա ինչո՞ւ նոյնը պիտի չընենք հայրենի ներկայ իրականութեան մասին, ուր աւագանիական ու վերնախաւային փտածութիւնները աղէտներու դուռ կը բանան, ողբերգութիւններ կը ստեղծեն, արտագաղթի հոսանքներ կը պատճառեն:

Սփի՞ւռքը թաղած կ՛ըլլանք այս ոճով, հակահայաստանցի՞ կ՛ըլլանք այս հպումներով:

Քա՜ւ լիցի: Ո՛չ մէկը, ո՛չ միւսը, այլ «մատը վէրքին վրայ դնելու» կառուցողական փորձ մը կատարած կ՛ըլլանք, երբ կը տեսնենք սփիւռքի մէջ տատանելի, նոյնիսկ նահանջելի, մինչ Հայաստանի մէջ խոցելի, նոյնիսկ պախարակելի երեւոյթներ:

Սփիւռքը իր զանազան բաղադրամասերով ու շեշտաւորումներով հսկայական ու լայնածաւալ շտեմարան մըն է, «լաւայ»ի ուժգնութեամբ, որուն բովանդակութեան, տարողութեան ու համապարփակութեան ծանօթանալու համար, գերբնական ուժ պէտք է` մասնագիտական եւ որակական առումներով:

Բազմիցս ըսինք ու գրեցինք, թէ սփիւռքը ճանչնալը չի կրնար ըլլալ միայն բարի կամեցողութեամբ, բարի տրամադրութեամբ, բարի հասկացողութեամբ կամ բարի մտածողութեամբ, ոչ ալ հպանցիկ-սլացիկ, անցողակի-սողոսկակի կամ հպանցիկ-թռուցիկ ճանապարհներով:

Այո՛, սփիւռքը ո՛չ միայն բարդ խրթնակառոյց մըն է, այլեւ` փշախառն, որուն հետ կարելի չէ վերաբերիլ քմահաճութեամբ, պատահականութեամբ ու մանաւանդ անլրջութեամբ:

Խօսքը, հասկնալի է, կը վերաբերի Հայաստանէն սփիւռք մօտեցումներուն ու վերաբերմունքներուն, դիտարկումներուն, որոնք երբեք պէտք չէ ըլլան չուսումնասիրուած եւ չսերտուած հիմունքներով, երբ անոնք կը վերաբերին հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն, ներգաղութային առնչութիւններուն, կազմակերպութիւններու դերաբաշխումներուն ու համայնքային դրուածքներուն:

Եթէ կը կարծուի, թէ ասոնք չեն պատահիր (ու չեն պատահած), անճշդութիւններ կամ չափազանցութիւններ են, ո՛չ, կան բազմաթիւ տուեալներ եւ օրինակներ, որոնցմէ իրազեկ են պատկան կողմեր, սակայն մտահոգիչը այն է, որ գիտակցաբար թէ այլապէս, կը շարունակուի սփիւռքին հետ վերաբերիլ «անհաշտ» գործելաոճով մը,:

«Անհաշտ»ութիւնը պէտք չէ մեկնաբանել իր ժխտական կամ բացասական իմաստներով, այլ, միգուցէ, անգիտութեա՞ն, անտեղեակութեա՞ն, շուտիկութեա՞ն, բայց նման մօտեցումներ որքանո՞վ այլեւս կրնան ըլլալ արդարանալի կամ ընդունելի, երբ որ գործ ունինք պետականութեան հետ:

Հայրենի կարգ մը պատասխանատուներու հեւքը, թափը կորովը, օրինակի համար, անտարակո՛յս, խիստ գովելի են, սակայն սփիւռքը ճանչնալու, անոր հետ յարաբերելու ու առնչուելու կամ զայն կարեւորելու եւ անկէ օգտուելու համար կան բազմակոյտ մարտահրաւէրներ ու պահանջներ, որոնց «լուծում» կամ «ելք» գտնելու համար անհրաժեշտ են փոխադարձ համախոհութեան ու համագործակցութեան եզրեր, առանց դառնալու… պայթուցիկ ու ցուցադրիկ:

Այս ընդգծումը, գէթ տուեալ պարագային, ոչ թէ յիշեցումի կարգով, այլ` պարզապէս ցոյց տալու ու հաստատելու համար սփիւռք հասկացողութեան իրերամերժութիւնը, հակադրութիւնը ու բեւեռայնութիւնը` գաղութային, համանքային, կուսակցական, միութենական եւ տակաւին բազմաթիւ այլ մարզերէ ներս, որոնք, երբեմն, իւրաքանչիւր «ցնցում»է ետք, կը յառաջացնեն փոթորիկներ:

Այս բոլորէն բազմաթիւ նմուշներ կան ու պիտի շարունակեն ըլլալ, այնքան ատեն որ սփիւռքի նկատմամբ, մեղմ ըսած, կրնայ «հարեւանցի» վերաբերմունք ցուցաբերուիլ կամ մատուցուիլ:

Պէտք է մտածել, լա՛ւ մտածել, նախքան գործի անցնիլը կամ որոշումներ կայացնելը, թէ սփիւռքը ի՞նչ կը ներկայացնէ, եւ կամ որեւէ հայրենական «տնօրինում», ուրկէ ալ գայ ան, ի՞նչ (դրական կամ ժխտական) հակազդեցութիւններու տեղի կրնայ տալ:

Պէտք չէ՛ մոռնալ, սփիւռքը, ունենալով հանդերձ իր «ներքին հարցերը», ճիշդ չէ անոր հետ վերաբերուիլ, երբեմն «պատահական քար»եր նետելով ու զայն ալեկոծելով, ինչպէս պատահեցաւ վերջերս «պալատ»ականութիւններու… թռուցիկութեամբ, որուն «ո՛չ առջեւը, ո՛չ ալ ետեւը» յայտնի եղաւ… տակաւին:

«Ինչո՞ւ» հարցնելն իսկ անհեթեթութիւն է, որովհետեւ սփիւռքը ինքնին «անլոյծ խճանկար» մըն է` լի որոգայթներով ու դարաններով, որոնց չէզոքութեան հարցով սփիւռքահայութիւնը կը մնայ անզօր, իսկ Հայաստանի պաշտօնական իշխանութիւնները պէտք է հասկնան այս «դրուածք»ը ու համապատասխան ձեւով վերաբերին անոր հետ` առանց «զգայացունց» ըլլալու կամ «զգայացունց»ութիւն առաջացնելու, թէկուզ` բարի կամ շինիչ նպատակներով:

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Պէյրութ, 2 մայիս 2011

Share this Article
CATEGORIES