ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՈՃԻՐ Է Կ՛ԸՍԷ ՊԱՐՈՆՈՒՀԻ ՖՐԵՏԸՐ
Բրիտանիոյ խորհրդարանի բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խմբակի անդամ պարոնուհի Շրիլայ Ֆրետըր, հինգշաբթի, ապրիլ 21-ին, Հայաստանի խորհրդարանի շէնքին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ` «Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն էր»:
Բրիտանահայկական երեսփոխանական խմբակը, որ նոյն խմբակի ղեկավար պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի հետ եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր, այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ինչպէս նաեւ` Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը:
Բրիտանացի երեսփոխանները շեշտած են, որ իրենք ցնցուած են Հայոց ցեղասպանութեան փաստը վկայող ապացոյցերէն, զորս տեսած են ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:
«Իբրեւ բրիտանահայկական խմբակի անդամ` ես բաւական մանրակրկիտ կերպով իրազեկ դարձայ Հայոց ցեղասպանութեան, եւ ես վատ զգացի, որ այդքան ապացոյցներ կան, սակայն մեր երկիրին կառավարութիւնը դեռ չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութեան փաստը», յայտարարեց Ֆրետըր:
Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս, իր կարգին, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան` յայտնեց, թէ` «Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութիւնը ինծի համար ցաւալի է: Շատ տխուր է, երբ երկրի ղեկավարութիւնը կ՛ապրի ճշմարտութիւնը ըսելու վախի մէջ: Լաւ բան չէ, երբ կը վախնան ճշմարտութիւնը ըսելէ». ան աւելցուց` ըսելով, որ որեւէ ցեղասպանութեան ժխտում եւ անպատժելիութիւն պատճառ կը դառնան նոր ցեղասպանութիւններու:
«Ցեղասպանութեան վէրքերը պիտի չսպիանան, եթէ չընդունուի Ցեղասպանութիւնը: Ես որոշ ժամանակ առաջ Թուրքիա գտուած եմ իբրեւ բուժքոյր, եւ այնտեղի պաշտօնակիցներս ինծի կ՛ըսէին, թէ իրենք կ՛ուզեն, որ Թուրքիան ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ իրենք չեն կրնար անընդհատ սուտի մէջ ապրիլ: Սակայն նաեւ դուք տեղեակ էք, թէ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսողները ի՛նչ սուղ գին կը վճարեն», նշեց պարոնուհի Քոքս` յիշեցնելով «Ակօս» օրաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը:

