Ուահապ. «Սուրիոյ Աֆղանացումը Լուրջ Մտահոգութիւն Է Մեզի Համար»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, հանդիպելէ ետք Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի, յայտնեց, որ իրենք քննարկած են Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:

Ուահապ շեշտեց, որ սուրիական զարգացումներուն առումով Ռուսիոյ կեցուածքը հաստատ է եւ ան կրնայ Սուրիոյ տագնապին լուծման տարազ մը գտնել:

Ուահապ նշեց նաեւ, որ Զասպիքինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիան աֆղանացնելու հաւանականութենէն եւ Լիբանանի վրայ այդ իրականութեան ունենալիք հետեւանքներէն:

Ուահապ խստիւ դատապարտեց երկխօսութիւնն ու երկխօսութեան սկզբունքը մերժելու գաղափարը եւ կոչ ուղղեց կասեցնելու բռնարարքները:

Միւս կողմէ, Ուահապ նախանցեալ օր կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտած էր, թէ կարելի չէ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ կայացնել 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Ան աւելցուցած էր նաեւ, որ Իսլամ եղբայրներուն ճակատամարտները պիտի հասնին Լիբանան, եթէ անոնց դէմ չդրուի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )