Վ. Սապունճեան. «Լիբանանցիներու Հարցերուն Լուծման Միակ Ձեւը Իրերօգնութիւնն Է»

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը 2012-ի իր բոլոր յանձնառութիւնները կատարած է եւ կարելի եղածին չափ պահպանած` երկրին ապահովական կայունութիւնը, հակառակ անոր որ իրենք շարք մը տագնապներ կը դիմագրաւեն:

Վ. Սապունճեան զգուշացուց շրջանային զարգացումներուն Լիբանանի վրայ ունենալիք հետեւանքներէն` աւելցնելով, որ պէտք է զգուշանալ նաեւ ցեխարձակումներէն եւ ժխտական ու սուր յայտարարութիւններէն եւ կեդրոնանալ երկրին տնտեսութեան բարգաւաճման վրայ:

Նախարար Սապունճեան հաստատեց, որ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերը պէտք է կեդրոնանան շուկայ ունեցող արտադրութիւններուն արդիւնաբերութեան վրայ:

Նախարար Սապունճեան նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը միասնական է` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն հարցերուն լուծումը կարելի է ապահովել միայն իրերօգնութեամբ:

Անդրադառնալով պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն հարցին` Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ կառավարութիւնը այդ յաւելումներուն ֆինանսաւորումը հանդարտօրէն կը սերտէ, որպէսզի անիկա Լիբանանի տնտեսութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն չունենայ:

 

Share this Article
CATEGORIES