«Կը Մաղթենք, Որ Ս. Ծնունդը Ըլլայ Լիբանանի Փրկութեան Սկիզբը» Նշեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Ապու Ֆաուր

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները եւ յատկապէս քրիստոնեաները` անոնց փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները: Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ Ս. Ծնունդը ըլլայ Լիբանանի փրկութեան սկիզբը, յատկապէս լիբանանեան հզօր պետութիւն մը հիմնելու առումով:

Այս առիթով նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի, սակայն այսօր ներկայ պիտի գտնուի Պքերքէի մէջ մատուցուելիք Ս. Ծննդեան պատարագին, որուն պիտի նախագահէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ վարչական ապակեդրոնացման վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Ապու Ֆաուր հաստատեց Լիբանանի կողմէ զանոնք ընդունելու կարեւորութիւնը եւ շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի նաեւ իրենց գտնուած վայրերուն մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատելու առումով:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ վառելանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ: Քննարկուեցան քարիւղի եւ բնական կազի պեղումներ կատարելու աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES