Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Որոշեցին Վերադառնալ Ընտրական Օրէնքի Խորհրդարանական Սեղմ Յանձնախումբի Նիստերուն

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ երէկ երեսփոխան Պութրոս Հարպի բնակարանին մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին որոշեցին վերադառնալ ընտրական օրէնքի խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբի նիստերուն:

Հանդիպումէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց երեսփոխան Սամիր Ժսըր, որ յայտնեց, թէ ընտրական օրէնքի խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երեսփոխանները այդ նիստերուն տեւողութեան ընթացքին պիտի մնան խորհրդարանին ապահովական գօտիին մէջ գտնուող պանդոկի մը մէջ, պայմանաւ որ այդ ժամանակաշրջանը մէկ շաբաթէն աւելի չտեւէ:

Ժսըր յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը` հիմնուած ընտրական նոր օրէնքի մը վրայ:

Ժսըր նաեւ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն տապալումը կը նշանակէ:

Նշենք, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը դարձեալ պահանջեցին կառավարութեան հրաժարումը, ինչպէս նաեւ պահանջեցին փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը` կազմակերպելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES