Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ տօնական օրերու սեմին Պըրրիի հետ հանդիպումը զիրենք կ՛առաջնորդէ լաւատեսութեան:
«Խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեցինք զանազան հարցեր, յատկապէս ընտրական օրէնքին, երկրին կայունութեան եւ տնտեսական կացութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Այս լաւատեսութիւնը թարգմանուեցաւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներէն մէկուն կողմէ Պըրրիի հետ արձանագրուած հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ, որուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահին փոխանցուեցաւ, թէ ընդդիմութիւնը համաձայն է ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին աշխատանքները շարունակել: Եւ ըստ այնմ որոշուեցաւ Հայկական Ս. Ծնունդէն ետք վերսկսիլ ընտրական յանձնախումբի նիստերուն», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը` իբրեւ Լիբանանի մէջ հիմնական համայնք, կրցած է անցնիլ դէպի լաւատեսութիւն եւ կը փափաքի յանգիլ արդար ընտրական օրէնքի մը, ուր իւրաքանչիւր համայնքի եւ քաղաքական կողմի արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովուի: «Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօներուն առիթով լիբանանցիներուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն յաւելեալ միասնականութիւն, փոխըմբռնում եւ անկեղծութիւն կը մաղթեմ», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:
Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Աունի, երեսփոխան Միշել Մըրի, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ շարք մը նախարարներու եւ երեսփոխաններու հետ` անոնց փոխանցելով իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները` Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:


