Category: Լիբանանեան
Լիբանանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Նոյեմբերի Կիսո՞ւն
Ներքին գործոց նախարար Նոհատ Մաշնուք երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, ըստ որուն լիբանանեան խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 16 նոյեմբերին: Առ այդ, թեկնածուները պարտին իրենց դիմումները ներկայացնել նախքան 16 սեպտեմբերի գիշերը: ... Շարն.
Իմամ Մուսա Սատըրին Անհետացման 36-Ամեակին Առիթով. Միացեալ Բովանդակութեամբ Լրատուութիւն` Լիբանանեան Բոլոր Կայաններէն
«Ամալ» շարժումի հիմնադիր, շիի կրօնաւոր Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներ շէյխ Մոհամետ Եագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անյայտացման 36-ամեակին առիթով յատուկ ձեռնարկներ եւ միջոցառումներ կը կազմակերպուին` ոգեկոչելու շիի ղեկավարին ... Շարն.
Սաատ Հարիրի Կը Շնորհաւորէ Ահմեթ Տաւութօղլուն
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռագիր մը յղեց Թուրքիոյ նոր վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին` շնորհաւորելով զայն իր նոր պաշտօնին առիթով: Հարիրի մաղթեց, որ Տաւութօղլուի իշխանութեան օրով «Շարունակուին եւ ամրապնդուին լիբանանեան-թրքական բարեկամական ... Շարն.
Կրթութեան Նախարարութիւնը Յայտարարեց Վկայագիրներու Տուչութեան Թուականը
Կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ յայտարարեց, որ քննութեանց յաջողութեան վկայագիրները վաւերացնող եւ օրինականացնող նախարարաց խորհուրդի որոշումին հրապարակումէն ետք, արտասահման ուսանիլ փափաքող աշակերտները կրնան իրենց յաջողութեան վկայագիրները ստանալ վաղը` 30 ... Շարն.
Մասնակցութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Գլխաւորած Պատուիրակութեան. Արեւելեան Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողովը Ահազանգ Հնչեցուց Շրջանի Քրիստոնեաներուն Գծով
Երէկ յետմիջօրէին Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ արեւելեան եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու վեհաժողովը` մասնակցութեամբ լիբանանցի եւ շրջանի (յատկապէս` Իրաքի) քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն: Ուշագրաւ էր, որ այս ժողովին պապական նուիրակին կողքին մասնակցեցան նաեւ ՄԱԿ-ի ... Շարն.
Բագրատունի Ընդունեց Ճափոնի Դեսպանը
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ճափոնի դեսպան Սէիշի Օթսուքան: Դեսպանը ներկայացուց անցնող տարեշրջանին Լիբանանի մէջ գործող հայկական հաստատութեանց հետ գործակցութեան մարզերն ու ... Շարն.
Քաղաքական Պատասխանատուներու Ճիգերը Կեդրոնացած Են Արսալի Եւ Առեւանգուած Զինուորներու Հարցին Վրայ
Սալամ եւ Պըրրի «Որեւէ տեղեկութիւն կամ մանրամասնութիւն առեւանգեալ զինուորներուն մասին կրնայ խափանել կամ դժուարացնել անոնց ազատ արձակման ճիգերը», յայտարարեց վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Այն Թինէ կատարած իր այցելութեան ընթացքին: Սալամ ... Շարն.
Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Նախարար Ժպրան Պասիլը
Արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ երէկ տեսակցեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ: Քննարկուեցան երկրի ընդհանուր իրավիճակն ու հրատապ հարցերը: Այս առիթով նախարար Պասիլ վարչապետ Սալամի փոխանցեց ՄԱԿ-ի ժողովին մասնակցելու մեկնող լիբանանեան ... Շարն.
Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով`. Հարպ Կոչ Ուղղեց Տեղեակ Պահելու Որեւէ Խանգարումի Մասին` Խոստանալով 150 Նոր Կայաններ Հաստատել
Պութրոս Հարպ Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ կէսօրին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան պարզեց Լիբանանի հեռաձայնի, յատկապէս` բջիջային տեղական թէ միջազգային (ռոմինկ) հաղորդակցութեան վիճակը, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու ... Շարն.
Զօրավար Ժան Քահուաժիի Շփումները Կեդրոնացան Բանակի Զինման Եւ Անոր Զօրակցութեան Ճիգերուն Վրայ
Զօր. Քահուաժի եւ Պըրրի Առեւանգեալ զինուորներու եւ ներքին Ապահովութեան ուժերէն անդամներու հարցը, ինչպէս նաեւ բանակի զինումն ու անոր որդեգրած քայլերուն զօրակցութիւնը առանցքը կազմեցին երէկ երկրի քաղաքական թէ զինուորական պատասխանատուներու խորհրդակցութեանց: ... Շարն.
ՏԱՀԵՇ 48 Ժամով Կ՛երկարաձգէ Ժամկէտը. Զգուշաւոր Հանդարտութիւն Արսալի Մէջ
Երկրին եւ յատկապէս Արսալի մէջ ապահովութեան ու կայունութեան ամրապնդման իր ճիգերուն ծիրին մէջ, բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ կիրարկեց Արսալի մուտքին, յատկապէս այն տեղեկութիւններուն լոյսին տակ, թէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ մայրամուտէն ետք ... Շարն.
Վերահաստատելով Սուրիոյ Իշխանութեան Իր Զօրակցութիւնը`. Ուիամ Ուահապ Որոշած Է Փակել Սուրիոյ Մէջ Իր Հոսանքին Գրասենեակները
Արաբական Թաուհիտ հոսանքի պետ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ յայտարարեց, որ որոշած է փակել Սուրիոյ մէջ ծառայասիրական իր գրասենեակները` ապահովական ճնշումներու պատճառով: Միւս կողմէ, Ուահապ վերահաստատեց նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան ... Շարն.
Նախագահական Ընտրութեան Կայացման Գծով. Սլէյման – Քաչիա – Փլամպլի Եռեակ Խորհրդակցութիւն
Զօր. Միշել Սլէյման - Տերեք Փլամպլի Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վերջերս Եարզէի իր բնակարանին մէջ հանդիպում ունեցած է պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիայի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք ... Շարն.
Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սայտայի Քրիստոնեայ Մարմիններուն
«Երկրին քաղաքական ու ապահովական պայմանները կ՛առաջադրեն յաւելեալ միասնականութիւն ցուցաբերել», յայտարարեց Հըզպալլայի քաղաքական դիւանի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ երէկ արեւելեան Սայտայի քրիստոնեայ մարմիններուն տուած իր այցելութեանց ընթացքին` գլխաւորելով Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը: Շարն.
Նախարար Ապու Սաապ Այցելեց Աուտէ Եպիսկոպոսին
«Երկիրը կ՛ապրի խիստ դժուար պայմաններու մէջ` նկատի ունենալով, որ Լիբանանին սպառնացող վտանգը սպառնալիք է նաեւ բոլորին նկատմամբ», յայտարարեց նախարար Իլիաս Ապու Սաապ, երէկ Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ ... Շարն.
Ելեկտրական Հոսանքի Նորոգման Աշխատանքները Առկախուեցան` Ցուցարարներուն Կողմէ Հաստատութեան Փակման Պատճառով
Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը ներում հայցեց քաղաքացիներէն` հոսանքի նորոգման աշխատանքներուն առկախման պատճառով: Հաղորդագրութիւնը յայտնեց, որ նորոգման պաշտօնեաներն ու ճարտարագէտները չեն կրցած մուտք գործել ընկերութիւն եւ առնել նորոգութեան անհրաժեշտ սարքերն ... Շարն.
Ապրուստի Տարրական Կարիքներու Գծով Ընկերային Բողոքի Ելոյթները Շարունակուեցան
Ելեկտրականութեան ընկերութեան հետ գործակցող սարակները երէկ կրկին փակեցին հաստատութեան դռները Նահրի կեդրոնին մէջ, ինչ որ արգելք հանդիսացաւ նորոգման աշխատանքներու շարունակման: Միւս կողմէ Սայտայի Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ ցուցարարներ հրկիզուած անիւներով ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԵՐԿՈՒ եւ հինգ տարեկան երկու մանուկներ նախանցեալ գիշեր զոհ գացին ինքնաշարժի արկածի մը` Պէյրութի օդակայանի ճամբուն վրայ: Վարորդը` Ֆաթմէ Համտան Ուըհպէ, ձերբակալուեցաւ ու անոր ինքնաշարժը դրուեցաւ ապահովական պատկան ուժերու հսկողութեան ... Շարն.
Շրջանային Եւ Տեղական Ապահովական Իրավիճակի Լոյսին Տակ. Դիւանագիտական Եռուզեռ Պետական Թէ Քաղաքական Շրջանակներու Մօտ
Շրջանի` Իրաքի թէ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, յատկապէս` Արսալի ապահովութեան դէպքերուն լոյսին տակ, դիւանագիտական եռուն հաղորդակցութիւններ կայացուեցան երէկ` զօրաշարժի մատնելով պատկան կողմերը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին իր մօտ ... Շարն.
Սպասելով Ռայի Պատրիարքին Նախաձեռնութեան`. Լիբանանի Նախագահի Ընտրութիւնը` Յառաջիկայ Աշնան
Սահմանադրական կարեւորագոյն հանգամանք ներկայացնող նախագահական թափուր աթոռն ու խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումի հաւանականութիւնը շարունակեցին առանցքը կազմել երկրին պետական թէ քաղաքական կողմերու եւ ղեկավարներու թեր ու դէմ կեցուածքներուն: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ... Շարն.

