Category: Մարզական

Ասիական Ծովեզերեայ 4-րդ Խաղեր.  Լիբանանի Ժիւտոյի Պատուիրակութիւնը 4 Մետալով Վերադարձաւ Փիւքեթէն

Ասիական Ծովեզերեայ 4-րդ Խաղեր. Լիբանանի Ժիւտոյի Պատուիրակութիւնը 4 Մետալով Վերադարձաւ Փիւքեթէն

November 20, 2014

PROFOTO Երէկ յետմիջօրէին Փիւքեթէն (Թայլանտ) Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք ասիական ծովեզերեայ 4-րդ խաղերուն: Ժիւտոյի մարզիկները յաջողեցան բարձր պահել Լիբանանի անունը` տիրանալով 4 մետալի: 90 քկ ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2014-2015 Տարեշրջանին Որդեգրուելիք Օրէնքը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2014-2015 Տարեշրջանին Որդեգրուելիք Օրէնքը

November 20, 2014

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին որդեգրուելիք օրէնքը: Ա. հանգրուանին խումբերը երթուդարձի դրութեամբ մրցումներ կատարելէ ետք, յաջորդաբար 1-էն 8 դիրքերը կը գրաւեն: ... Շարն.

Հրացանաձգութիւն. Արաբական Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Կրտսերներու Խումբը Տիրացաւ Արծաթ Մետալի

Հրացանաձգութիւն. Արաբական Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Կրտսերներու Խումբը Տիրացաւ Արծաթ Մետալի

November 20, 2014

Քաթարի մէջ տեղի ունեցող Արաբական հրացանաձգութեան կրտսերներու 11-րդ ախոյեանութեան, Լիբանանի տղոց կրտսերներու խումբը յաջողեցաւ կարեւոր իրագործում մը կատարել, երբ տիրացաւ արծաթ մետալին: Լիբանանի ազգային խումբին մաս կը կազմեն Էտմոն Ժալըխ, ... Շարն.

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

November 20, 2014

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները եւ հրապարակելէ ետք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը, տուաւ շարք մը որոշումներ: Իրենց ... Շարն.

Քոնկ Ֆու – Անկախութեան Մրցաշարք.  Անթունիէ Եւ Պել Հորիզոն Հանդիսացան Առաջին

Քոնկ Ֆու – Անկախութեան Մրցաշարք. Անթունիէ Եւ Պել Հորիզոն Հանդիսացան Առաջին

November 20, 2014

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին, Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով տեղի ունեցան Քինտայի մրցումները 12-17 տարեկան դասակարգին մէջ: Անթունիէ (Պաապտա) եւ Պել Հորիզոն (Ատմա), ապահովելով 44-ական կէտ, միասնաբար հանդիսացան առաջին: 2-րդ ... Շարն.

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւն

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւն

November 20, 2014

Երէկ` չորեքշաբթի, 19 նոյեմբերին, Նիոն քաղաքին մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի աղջկանց 17 տարեկանէն վար 2015-2016 տարեշրջանի աղջկանց ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ... Շարն.

Նախագահ Դառնալու Պարագային.  Լափորթա Մտադիր Է Պարսելոնայի Մարզիչ Նշանակել Չաւին

Նախագահ Դառնալու Պարագային. Լափորթա Մտադիր Է Պարսելոնայի Մարզիչ Նշանակել Չաւին

November 20, 2014

Խուան Լափորթա, որ մտադիր է 2016-ին իր մասնակցութիւնը բերել Պարսելոնա ակումբի նախագահական ընտրութիւններուն, կը նպատակադրէ ակումբին մարզիչ նշանակել Չաւին, կը հաղորդէ «Մարքա»-ն: Քաթալոնական ֆութպոլի խումբին այժմու խմբապետը, որ իր արհեստավարժ ... Շարն.

Պուլկարիա Շատ Հաւանաբար Պաշտօնանկ Ընէ Փենեւը

Պուլկարիա Շատ Հաւանաբար Պաշտօնանկ Ընէ Փենեւը

November 20, 2014

Երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պուլկարիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լուպոսլաւ Փենեւ կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնը` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Պուլկարիա ... Շարն.

«Էն. Պի. Էյ.»  Լէյքըրզի Երկրորդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզի Երկրորդ Յաղթանակը

November 20, 2014

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրն էր Աթլանթա Հոքսի, արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` 114-109 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քոպի ... Շարն.

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ – Ահլի Սայտա Մրցումը Շաբաթ, 22 Նոյեմբերին` Պուրճ Համուտի Մէջ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Ահլի Սայտա Մրցումը Շաբաթ, 22 Նոյեմբերին` Պուրճ Համուտի Մէջ

November 19, 2014

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը շաբաթասկիզբին իր գումարած ժողովին հրապարակեց շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, ... Շարն.

Քարաթէ. Եուրօ-2014-ի Կրան Փրի.  Հայ Մարզիկները Ոսկի Մետալներու Տիրացան Չեխիոյ Մէջ

Քարաթէ. Եուրօ-2014-ի Կրան Փրի. Հայ Մարզիկները Ոսկի Մետալներու Տիրացան Չեխիոյ Մէջ

November 19, 2014

Նախորդ շաբաթավերջին Չեխիոյ Օսթրաւա քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Քարաթէի Եուրօ-2014-ի կրան փրի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները, կը յայտնէ ArmSport.am: 60 քկ դասակարգին մէջ բանակի կեդրոնական մարզական ակումբի ... Շարն.

Շալանտ Ներկայ Եղաւ Իտալիա – Ալպանիա Մրցումին

Շալանտ Ներկայ Եղաւ Իտալիա – Ալպանիա Մրցումին

November 19, 2014

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ երէկ կը գտնուէր Ճենովա (Իտալիա), ուր ներկայ եղաւ Իտալիա - Ալպանիա ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին: Նշենք, որ մարտ 2015-ին Ալպանիա պիտի հիւրընկալէ ... Շարն.

Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ֆուատ Շեհապի Անուան Մարզահամալիր

Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ֆուատ Շեհապի Անուան Մարզահամալիր

November 19, 2014

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէի, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ փոխնախագահ Էլի Սաատէի եւ ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանիի, այցելեց Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիր (Ժունիէ) եւ յատուկ հանդիպում ... Շարն.

Համալսարաններու Միջազգային Մրցաշարք (Իտալիա).  Սեն Ժոզեֆ Տիրացաւ Երկու Պրոնզ Մետալի

Համալսարաններու Միջազգային Մրցաշարք (Իտալիա). Սեն Ժոզեֆ Տիրացաւ Երկու Պրոնզ Մետալի

November 19, 2014

Երէկ, Հռոմէն (Իտալիա) Պէյրութ վերադարձաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք համալսարաններու միջազգային մրցաշարքի մը: Համալսարանը տիրացաւ 2 պրոնզ մետալի, առաջինը` փինկ փոնկի, իսկ երկրորդը` հենտպոլի մրցումներուն: Նշենք, ... Շարն.

Քոփա Ամերիքա – 2015.  Չիլի Ներկայացուց Մրցաշարքին Պաշտօնական Որմազդը

Քոփա Ամերիքա – 2015. Չիլի Ներկայացուց Մրցաշարքին Պաշտօնական Որմազդը

November 19, 2014

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Չիլիի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ներկայացուց 2015-ի «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին պաշտօնական որմազդը: Աղուէսի անուան ընտրութեան համար կայ 3 տարբերակ. Զինչա, Անտի եւ Քուլ: Ընտրութիւնը պիտի կատարուի համացանցի ... Շարն.

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանը Մեկնեցաւ Մատրիտ

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանը Մեկնեցաւ Մատրիտ

November 19, 2014

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ համալսարանին մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մատրիտ (Սպանիա)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար «Եուրոքոմիլլաս-2014» համալսարաններու միջազգային մրցաշարքին: Լիբանանեան համալսարանը իր մասնակցութիւնը ... Շարն.

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Պէյրութի Դրամատունը Եւ Մայատին` Յաղթական

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Պէյրութի Դրամատունը Եւ Մայատին` Յաղթական

November 19, 2014

Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Պէյրութի դրամատունը ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 6-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լիբանանեան բանակին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պէյրութի դրամատունը այժմ ունի 42 կէտ ... Շարն.

Ռոնալտինիօ Մօտ Է Լոս Անճելըս Կալաքսի Տեղափոխուելուն

Ռոնալտինիօ Մօտ Է Լոս Անճելըս Կալաքսի Տեղափոխուելուն

November 19, 2014

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ռոնալտինիօ շատ հաւանաբար տեղափոխուի Լոս Անճելըս Կալաքսի, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Մէյճըր լիկ»-ին (Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութիւն), կը յայտնէ ArmSport.am: Ըստ «Թրանսֆըր Նիուզ ... Շարն.

«Էն. Պի. Էյ.».  Կրիզլիզի 10-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.». Կրիզլիզի 10-րդ Յաղթանակը

November 19, 2014

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Մեմֆիս Կրիզլիզ, որ կրած է միայն մէկ պարտութիւն, արձանագրեց իր 10-րդ յաղթանակը` 119-93 արդիւնքով յաղթելով Հիուսթըն Ռոքեթցի: Անոր ետին ... Շարն.

Պոսնիոյ Մարզիչը Պաշտօնազրկուեցաւ

Պոսնիոյ Մարզիչը Պաշտօնազրկուեցաւ

November 19, 2014

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Պոսնիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը` Սաֆեթ Սուսիչ, (59 տարեկան), պաշտօնազրկուեցաւ, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Նշենք, որ ան իր ... Շարն.