Category: Մարզական
Եուրօ-2016. Հայաստան 2014 Տարին Աւարտեց Վերջին Դիրքին Վրայ
Փորթուգալ - Հայաստան մրցումէն Երէկ գիշեր Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հիւրը եղաւ Փորթուգալի, նուազագոյն հաշիւով պարտութիւն մը կրեց դաշտին տիրոջմէն` Փորթուգալէն (1-0): ... Շարն.
Եուրօ-2016. Յունաստան Եւ Սերպիա Պարտուեցան Իրենց Հիւրերէն
Սերպիա - Դանիա Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան 8 ճակատումներ: Ֆարօ կղզիներ ստեղծեցին մեծագոյն անակնկալը` յաղթելով զիրենք հիւրընկալող Յունաստանի` 1-0 արդիւնքով: Պարտութիւն կրեց նաեւ ... Շարն.
Ճատրակ. Սամուէլ Սեւեանի Շնորհուեցաւ Կրանտմասթըրի Կոչում
Սամուէլ Սեւեան Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` armchess.am կը հաղորդէ, որ ՖԻՏԷ-ն ամերիկահայ 13 տարեկան ճատրակ խաղացող Սամուէլ Սեւեանին շնորհեց կրանտմասթըրի կոչում: Այդ կոչումին շնորհումը վերջնականապէս ուժի մէջ կը մտնէ ... Շարն.
Հաքի. Հայաստանի Պատանիներու Հաւաքականը Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին
Հայաստանի հաքիի պատանիներու հաւաքականը Լեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքին մէջ աւարտած հաքիի միջազգային մրցաշարքին, տիրացաւ պրոնզ մետալին, կը յայտնէ ArmSport.am: 3-րդ դիրքի մրցումին, հայրենի հաւաքականը փայլուն յաղթանակ մը արձանագրեց Չեխիոյ Մորաւսքօ Սիլիզիան ... Շարն.
Թեքուանտօ. Հայաստանի Ախոյեանութեան Մասնակցեցան 41 Մարզիկներ
ArmSport.am կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստան Տինամօ մարզական-հասարակական կազմակերպութեան մարզադահլիճին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի թեքուանտոյի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 41 մարզիկներ` Երեւանէն, Արցախէն, Արագածոտնէն, Կոտայքէն եւ Արմաւիրէն: Ըստ դասակարգերու, ախոյեան ... Շարն.
Անտրէ Օնանա Կրնայ Հեռանալ Պարսելոնայէն
Սպանական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի 19 տարեկանէն վար խումբի 18 տարեկան քամերունցի բերդապահ Անտրէ Օնանա շատ հաւանաբար լքէ իր կազմը, որովհետեւ եւրոպական շարք մը ակումբներէ առաջարկներ ստացած է: Օնանայով հետաքրքրուած են ... Շարն.
Մարզադաշտ Ներխուժած Հանրածանօթ Ֆութպոլի Համակիրը Սնանկացաւ
Անցեալին, Եւրոպայի ամէնէն կարեւոր մրցումներուն Ճիմի ճամփ անունով ֆութպոլի համակիր մը անպայման մարզադաշտ կը ներխուժէր: «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ այժմ ան շատ սուղ գին կը վճարէ իր այդ ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ Կրեց Իր 8-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 4 ճակատումներ: Շարունակելով իր ձախող ելոյթներու շարքը` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, այս անգամ պարտուեցաւ Տալաս Մավըրիքսէն` 123-70 արդիւնքով: Անիկա այսպիսով եղաւ Սիքսըրզի կրած ... Շարն.
«Լա Լիկա». Պենզեմա Եւ Անչելոթթի` Հոկտեմբեր Ամսուան Լաւագոյնը
Ինչպէս կը յայտնէ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պաշտօնական կայքը, Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա ճանչցուեցաւ «Լա լիկա»-ի հոկտեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Իսկ ամսուան լաւագոյն մարզիչը ճանչցուեցաւ արքայական խումբին եւ Պենզեմայի մարզիչը` ... Շարն.
Լինեքըր. «ՖԻՖԱ-ն Պէտք Է Լուծարել»
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Կերի Լինեքըր, որ այժմ անգլիական պատկերասփիւռի կայանէ մը ուղղակիօրէն պատկերասփռուող մրցումներու մեկնաբանութիւն կը կատարէ, խստիւ քննադատեց ՖԱՖԱ-ն: Ան ըսաւ. «ՖԻՖԱ-ն ծաղրանքի առարկայ է, իսկ ... Շարն.
Ազատ Ոճի Ըմբշամարտ. Հայաստան 5 Մարզիկով Կը Մասնակցի Ֆրանսայի Միջազգային Մրցաշարքին
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ 27-30 նոյեմբերին ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարք մը: Այս մրցաշարքին ... Շարն.
Եուրօ-2016. Այսօր` Փորթուգալ – Հայաստան
Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 14 նոյեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Փորթուգալի: Թ. խմբակին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` ... Շարն.
Եուրօ-2016. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 8 Մրցումներ
Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան 8 ճակատումներ` Դ., Զ. եւ Թ. խմբակներուն մէջ: Վաղուան յայտագիրին վրայ են 9 մրցումներ, իսկ կիրակի օրուանին վրայ` 9 այլ ... Շարն.
Ֆութսալ Հայաստանի Բարձրագոյն Խումբի Ախոյեանութեան Կը Մասնակցին 6 Խումբեր
22 նոյեմբերին կը սկսի Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանը` մասնակցութեամբ 6 խումբերու: Անոնք են` Երեւան Այ. Թի., Մռաւ, ՀՊՏՀ, Հրազդան, Գիւմրի Թալ - Կրիկ: Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը ... Շարն.
Վոլիպոլ. Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2014-2015 Տարեշրջանը Կը Սկսի Ուրբաթ, 2 Յունուար 2015-ին
Իր գումարած մէկ ժողովին, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանը կը սկսի ուրբաթ, 2 յունուար 2015-ին, Պլաթ - Լիբանանեան բանակ բացման մրցումով: Ա. դասակարգին մասնակցող ... Շարն.
Եուրօ-2016. Քերիք Քաշուեցաւ Անգլիոյ Կազմէն
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ միջնապահ Մայքըլ Քերիք (Մանչեսթըր Եունայթըտ) քաշուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: 33 տարեկան միջնապահը, որ փորձերու ընթացքին վիրաւորուեցաւ, ... Շարն.
Եուրօ-2016. Թաունսենտ Քաշուեցաւ Անգլիոյ Կազմէն
Թոթենհամի միջնապահ Անտրոս Թաունսենտ, որ վիրաւոր է, քաշուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբէն, յայտնեց Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը: 23 տարեկան Թաունսենտ, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով բացակայեցաւ այս տարի տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալէն, ... Շարն.
Սթարիճ` Ամբողջութեամբ Ապաքինած
Լիվըրփուլի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յառաջապահ Տանիել Սթարիճ ամբողջութեամբ ապաքինած է, որովհետեւ ան սկսաւ իր փորձերուն, իր խմբակիցներուն հետ: Նշենք, որ 25 տարեկան Սթարիճ վիրաւորուեցաւ նախորդ ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Լէյքըրզի Եւ Նիքսի 7-րդ Պարտութիւնը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Նիւ Եորք Նիքս կրեցին տարեշրջանի իրենց 7-րդ պարտութիւնը: Առաջինը պարտուեցաւ Նիւ Օրլինզէն (109-102), մինչ երկրորդը` ... Շարն.
Փելէ Շուտով Դուրս Պիտի Գայ Հիւանդանոցէն
Պրազիլցի ֆութպոլի անցեալի աստղ Փելէ այժմ բաւական լաւ վիճակի մէջ է եւ շուտով դուրս պիտի գայ հիւանդանոցէն, յայտնեց Սան Փաուլոյի հիւանդանոցին բժիշկներէն մէկը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Փելէ ... Շարն.

