«Անվերջակէտ Զրոյց` Մեր Գրականութեան Երախտաւորներուն Հետ» (Հեղինակ` Մաքրուհի Պ. Յակոբեան)

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

MHM82437-copy2013 թուին, Պոլիս, «Մարմարա» օրաթերթի «Մուրատ օֆսեթ» տպարանէն լոյս տեսաւ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի վերոյիշեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 506 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ ութ հարցազրոյցներ` պոլսահայ վաստակաւոր գրողներու հետ: Սոյն ստուար եւ պատկառելի գործը լոյս կը տեսնէ պէյրութահայ մտաւորական եւ գրագէտ Արմէն Յարութիւնեանի եւ Պէյօղլուի Ս. եկեղեցեաց Թաղային  խորհուրդի ատենապետ, գրասէր եւ մշակութասէր անձ Աբիկ Հայրապետեանի մեկենասութեամբ:

Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կ՛ըսէ, թէ սրտի ճմլումով կ՛ունենայ հարցազրոյց պոլսահայ ութ երախտաւորներուն հետ այն տխուր իրողութեամբ, որ այլեւս անոնք պիտի չկրնան ունենալ իրենց յաջորդները` մեր ժամանակակից իրականութեան մէջ: Ուստի անյետաձգելի պարտք համարած է վարել հարցազրոյցներ հետեւեալ ութ հայ գրողներու հետ.

1.- Ռոպէր Հատտէճեան (Ծն. 1926)
2.- Վարդ Շիկահեր (Ծն. 1926)
3.- Արամ Գամպուրեան (Ծն. 1926)
4.- Կարպիս Մուրատեան (Ծն. 1924)
5.- Իգնա Սարըասլան (Ծն. 1945)
6.- Արման Վարդանեան (Ծն. 1930)
7.- Զարեհ Խրախունի (Ծն. 1926)
8.- Արա Կարմիրեան (Ծն. 1920)

Դատելով իրենց ծննդեան թուականներէն` վերոյիշեալ մոհիկաններուն կրտսերագոյնը կը համարուի Իգնա Սարըասլան, որ ծնած է 1945 թուին, Պոլիս:

Այսպէս, պատասխանելով Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն` Ռոպէր Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ ծնած է 1926-ին, Պաքըր գիւղի մէջ: Կը նկարագրէ Գուրթուլուշը` Պոլսոյ ընտիր թաղամասերէն մէկը, ուր բնակութիւն հաստատած է իրենց ընտանիքը: Ունեցած են յոյն դրացիներ:

Հայրը ունէր երեք հարազատ եղբայրներ եւ մէկ ալ խորթ եղբայր, որոնք ունէին գորգի գործարան մը եւ լայն կալուածներ: Մայրը  Եգէականի շրջանէն` Այտընի կողմերէն էր, իսկ հայրը` Պոլսոյ:

Ռոպէր Հատտէճեան տարի մը յաճախած է Պէզազեան վարժարանը, ապա` Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը:

Կ՛ըսէ, թէ երբեք չէ սիրած ուսումնական կեանքը: Եղած է ամչկոտ աշակերտ: Շատ կանուխ տարիքին սկսած է կարդալ մանկական գիրքեր եւ հետեւիլ գրականութեան: Այս շրջանին կ՛արթննայ իր մէջ թատրոնի սէրը:

Իր պատանութեան ունէր երեք անբաժանելի ընկերներ` Եդուարդ Աճէմեանը, Գէորգ Վարդանեանը եւ Պերճ Ֆազլեանը: Վերջինս հետագային դարձաւ դերասան ու բեմադրիչ:

Ռոպէր Հատտէճեան կը պատմէ, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ, 1946-ին, մուտք կը գործէ գրականութենէ ներս: Այս առիթով կը պատմէ նաեւ, թէ ինչպէ՞ս ծնունդ կ՛առնէ Մխիթարեան սանուց միութեան «Սան» պարբերաթերթը:

Ժամանակ մը կ՛աշխատի հօրը հետ` շարունակելով իր համալսարանական ուսումը, ուր կը հետեւի մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան:

Զինուորական ծառայութեան շրջանին կը ծանօթանայ ականաւոր լեզուաբան ու բանասէր Յակոբ Մարթայեանի հետ:

12 սեպտեմբեր 2011-ին, Հայաստանի անկախութեան քսանամեակի տօնակատարութեան օրերուն, նախագահ Սերժ Սարգսեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը կը յանձնէ Ռ. Հատտէճեանին:

Վարդ Շիկահերի ծնողներուն ծննդավայրը եղած է Իզմիթ քաղաքի Պարտիզակ գիւղաւանը:

Հայրը` աւազանի անունով Միհրան, Իզմիթի մէջ քահանայ կը ձեռնադրուի 1920-ին, ձեռամբ Յովակիմեան սրբազանի եւ 24 տարեկանին կը վերակոչուի Թովմա քահանայ: Ապա իբրեւ դիւանադպիր` կը ծառայէ առաջնորդարանի: Ապա կը հաստատուի Պոլսոյ Պէշիկթաշ թաղը, ուր կը վախճանի 1954-ին:

Վարդ Շիկահեր յաճախած է Պէշիկթաշի Մաքրուհեան, Օրթագիւղի թարգմանչաց, Թաքսիմի Էսաեան վարժարանները եւ, ապա, շրջանաւարտ եղած է Վիեննական Մխիթարեան Լիսէէն:

Կը հետեւի բժշկութեան ասպարէզին` անձնական նախասիրութեամբ:

Վաթսուն տարի կը ծառայէ որպէս բժիշկ: Բժշկութեան չափ սիրած է ուսուցչական աշխատանքը: Երեսուն տարի ծառայած է կրթական այլազան հաստատութիւններու մէջ` դասաւանդելով հայոց լեզու, գրականութիւն եւ գրաբար:

Վարդ Շիկահեր կ՛ըսէ, թէ կը ծանօթանայ իր կեանքի ընկերուհիին` ուսանողական շրջանին: Ժրաջան ուսանողուհի մըն էր ան, որ կը կոչուէր Զեփիւռ Նշանեան:

Դպրոցական տարիներուն կը սիրէր գրականութիւնը: Կ՛ըսէ, թէ փորձած է գրական բոլոր սեռերը` բանաստեղծութիւն, բանասիրական, վերլուծական, հրապարակագրական էջեր, մենագրութիւններ եւ քրոնիկներ: Ցարդ լոյս ընծայած է 18 հատոր գիրք: Կ՛ըսէ, թէ ալեկոծ կեանքի մէջ գրականութիւնը անդորրաւէտ պարտէզ մը եղաւ իրեն համար: Եւ թէ` գեղապաշտ արուեստի հաւատաւոր խնկարկու մըն է ան:

Պատասխանելով Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կողմէ իրեն ուղղուած հարցուներուն` Վարդ Շիկահեր կ՛ըսէ, որ թէեւ կը հաւատայ ճակատագրին, բայց մարդկային էակն է, որ կ՛երգէ իր ճակատագիրը` իր սրատես դիտարկումներով:

Թէեւ կը հաւատայ, որ ունի թերութիւններ, բայց կ՛ատէ կեղծաւորութիւնը:

Կը սիրէ ազգասիրութիւնը, որ կը նշանակէ, տէր կենալ իր ազգային աւանդութիւններուն:

Կը սիրէ ազգասիրութիւնը, որ կը նշանակէ տէր կենալ իր ազգային աւանդութիւններուն:

Կը սիրէ բնութիւնը, կը սիրէ շրջիլ անդաստաններուն մէջ: Կը սիրէ գիւղական պարզ ու տոհմիկ կեանքը:

Եթէ օր մը հանդիպէր իր նախահայրերուն եւ հանգուցեալ ծնողներուն, սիրալիր վերաբերում ցոյց պիտի տար անոնց: Իսկ երիտասարդներու պիտի թելադրէ ըլլալ չարքաշ եւ ժուժկալ:

Հայաստանի մշակոյթի նախկին նախարարը` Ռոլանտ Շառոյեան, պաշտօնական այցելութեամբ Պոլիս գտնուած միջոցին, տոքթ. Վարդ Շիկահերը կը պարգեւատրէ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:

Ութ երախտաւորներուն շարքին կը դասուի Արամ Գամպուրեան, որուն հայրը` Գրիգոր, ծնած է Պրուսա, 1890-ին, եւ իր մահկանացուն կնքած է 1959-ին, Պոլիս:

Իր ծնողքը սակաւախօս էին: Հայրը կը զբաղէր առեւտուրով: Բնաւորութեամբ ներամփոփ անձ մըն էր ան: Իր կրած վնասներուն պատճառով դարձած էր թախծոտ: Իսկ մայրը ունէր մեղմ բնաւորութիւն: Անոր մտահոգութեան կեդրոնը տունն էր եւ ընտանիքը:

Արամ Գամպուրեան հինգ տարեկանին կը յաճախէ Ազնիւ եւ Սաթենիկ Դպիրեան քոյրերուն Լուսաւորչեան մանկապարտէզը, երեք դասարանով, ծիլ, բողբոջ եւ կոկոն: Այս շրջանին կը սորվի հայերէն խօսիլ, գրել, կարդալ եւ իւրացնել թուաբանական չորս գործողութիւնները:

Մանկապարտէզը աւարտելէ ետք կը յաճախէ Յ. Թ. Հինդլեանի (1866-1950) «Նոր դպրոց»-ը, ուրկէ շրջանաւարտ կ՛ըլլայ 1938 թուի յունիսին: Նոյն տարին, «Նոր դպրոց»-էն քանի մը ընկերներով կը դառնան Մխիթարեան վարժարանի աշակերտ:

Արամ Գամպուրեան կը գրէ այն շրջանին, երբ առիթով մը ուխտի կ՛երթայ դէպի Երուսաղէմ` առաջնորդութեամբ Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի (այժմ պատրիարք): Մեսրոպ սրբազանի թելադրանքով գրի կ՛առնէ դէպի Երուսաղէմ ուխտագնացութեան վերաբերեալ յօդուածաշարք մը, որ կը կազմէ կորիզը իր ճամբորդական առաջին գիրքին` «Ուխտագնացութիւններ եւ ուղեւորութիւններ», 2002: Ապա կը հրատարակէ հետեւեալ երկերը` «Ճամբաներ նոր ու անվերջանալի», 2005, «Թարգմանութիւններ ու ուղեւորութիւններ», 2008:

Իր ողբացեալ կինը` Շաքէն, եղած է զաւակը աւանդապաշտ ընտանիքի մը` տէր եւ տիկին Արթօ եւ Պերճուհի Տիոնեաններու: Շաքէն եղած է եկեղեցասէր, բարեպաշտ եւ ազգասէր հայուհի մը:

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազան Արամ Գամպուրեանի կը շնորհէ «Օրմանեան» արծաթեայ մետալը:

Պոլսահայ գրողներու յաջորդ երախտաւորը` Կարպիս Ե. Մուրատեան ծնած է Պոլիս, 1924-ին, Գատըգիւղ, Մարմարայի ափին, Մօտա կոչուած հայահոծ թաղամասին մէջ: Մկրտուած է Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ:

Ծնողները Իզմիթցի էին: Հայրը` Եդուարդ Մուրատեան, բժիշկ էր:

Կարպիս Մուրատեան նախ կը յաճախէ Գատըգիւղի Արամեան-ՈՒնճեան վարժարանը, ապա` Սեն Ժոզեֆ ֆրանսական լիսէն:

Այդ օրերուն հայ վարժարաններուն մէջ կը տիրէր հայաբոյր մթնոլորտ, ուր կային հայերէնի արժէքաւոր ուսուցիչներ:

Կարպիս Մուրատեան ամուսնացած է Էսաեանցի Ովսաննա (Պոյաճեան) Մուրատեանին հետ: Ունին Եդուարդ անունով զաւակ մը, որ հաստատուած է Իտալիա եւ աւարտած` Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը:

Կարպիս Մուրատեան կը ծանօթանայ իր կնոջ 1962-ի ամառը, երբ Հայաստան պիտի երթար միւռոնօրհնութեան արարողութեան մասնակցելու համար: Այս հանդիպումը վերջ կը գտնէ ամուսնութեամբ: Արդարեւ, Սուրբ պսակի արարողութիւնը կը կատարուի 1964-ին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Կարպիս Մուրատեան կ՛ըսէ, թէ Ովսաննան իր կեանքի գլխաւոր կռուանն է, որ ունի տոկուն նկարագիր: Ազգասէր է, մեծահոգի եւ օժտուած` բազմապիսի առաւելութիւններով:

Շրջան մը ան պաշտօնավարած է հայկական վարժարաններու մէջ` իբրեւ ուսուցիչ:

Տասնվեց տարեկանին կը սկսի կատարել գրական նախափորձեր: Կը գրէ երգիծական յօդուածներ ու քրոնիկներ: Կ՛աշխատակցի պոլսահայ բազմաթիւ թերթերու եւ պարբերաթերթերու: Կը կատարէ հարցազրոյցներ գրողներու հետ: Կ՛ըլլայ խմբագիրն ու պատասխանատու տնօրէնը` Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Ս. Փրկիչ» ամսաթերթին:

Կ՛ըսէ, թէ խոստումնապահ է, կը հաւատայ ճակատագրին եւ կը սիրէ մարզական խաղերը:

Այժմ կ՛անցնինք հինգերորդ երախտաւոր` Իգնա Սարըասլանին, որ ծնած է 12 փետրուար 1945-ին, Պոլիս: Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը կ՛անցընէ Գատըգիւղի Մօտա թաղամասին մէջ:

Կը յաճախէ Արամեան-Ունճեան վարժարանի մանկապարտէզը:

Միջնակարգի եւ լիսէի իր ուսումը կը ստանայ Սեն Ժոզեֆ ֆրանսական վարժարանին մէջ:

ժամանակ մը ընտանեկան սերտ բարեկամութիւն կը հաստատէ հանրածանօթ լեզուաբան եւ հայագէտ Յակոբ Մարթայեանի եւ անոր ազնուափայլ կնոջ` Մելինէին հետ:

Իգնա Սարըասլան կ՛ըսէ, թէ ֆաքիւլթէի վերջին տարին` 18 մարտ 1969-ին, կը կորսնցնէ իր հայրը, որ զոհ կ՛երթայ ստամոքսի անողոք հիւանդութեան:

Սակայն, ուրախ առիթով մը, Իգնա Սարըասլան կը ծանօթանայ բժշկական բաժանմունքի յառաջադէմ ուսանողուհի Մարի Շեխիկեանին, որ ապագային պիտի ըլլար իր կեանքի ընկերուհին:

1961-ին մաս կը կազմէ Ս. Թագաւոր երգչախումբին եւ 1964-ին կ՛անդամակցի Կրօնական ժողովին:

Բժշկականը աւարտելէ ետք, մասնագիտութիւն ձեռք ձգելէ առաջ, իր զինուորական պարտականութիւնը կը կատարէ Կելիպօլուի մէջ:

Ապա կը մասնագիտանայ իւրոլոժիի ճիւղին մէջ, ուր կը պաշտօնավարէ երկար տարիներ:

Գրական կեանքի մէջ յաջողութիւն ձեռք կը ձգէ, երբ «Լօ» խորագրեալ գիրքը կ՛արժանանայ ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան առաջին գրական մրցանակին: Ներկայիս անգտանելի գիրք մըն է «Լօ»-ն:

Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ սոյն գործի վաճառքէն գոյացած հասոյթը կը յատկացնեն Յակոբ Մնձուրիի (1886-1978) «Կռունկ ուստի՞ կու գաս» պատմուածքներու տպագրութեան հիմնադրամին:

«Լօ»-էն 20 տարի ետք, 1994-ին լոյս կը տեսնէ «Քառասմբակ սէրերով» բանաստեղծութեան հաւաքածոն, որ կ՛արժանանայ Թէքէեան մշակութային միութեան Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակին:

25 յուլիս 1967-ին, երեքշաբթի օր, Իգնա Սարըասլան, իբրեւ «Մարմարա»-ի աշխատակից` կը տեսակցի Պօղոս Զ. պապին հետ, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէ Պոլիս:

Այժմ կ՛անցնինք ութ երախտաւորներէն Արման Վարդանեանին, որ ծնած է 1930-ին, Պոլիս, Շիշլի թաղին մէջ: Մկրտուած է Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցին:

Իրենց ընտանիքի անդամները եղած են արուեստի եւ գրականութեան սիրահարներ:

Վեց տարեկանին կը յաճախէ Հինդլեան նախակրթարանը: 1942-ին կը տեղափոխուի անգլիական վարժարանը, ուր կը մնայ չորս տարի:

Կը հետեւի դաշնակի դասերու: 1949-ին կ՛երթայ Անգլիա, ուր կ՛ընդունի Լոնտոնի Երաժշտական թագաւորական քոլեճի դաշնակի բաժինը:

1951-ին կը մեկնի Աւստրալիա եւ կ՛ընդունուի Վիեննայի երաժշտանոցի դաշնակի դասարանը:

1955-ին կը լծուի զինուորական պարտադիր ծառայութեան:

1976-ին կը վերսկսի գրական գործունէութեան: 1977-ին կը գրէ ու կը հրատարակէ իր առաջին երկու գործերը` «Թոխորը» եւ «Մամլեկը»: Այնուհետեւ կը գրէ 27 թատերախաղեր` ապաւինելով Ռոպէր Հատտէճեան բարոյական աջակցութեան:

2011 թուի մայիսին Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ Արման Վարդանեանը կը պարգեւատրուի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանով:

Ապա, Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Արման Վարդանեանը կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» մետալով:

Իր կարգին Արթօ Ճիւմպիւշեան, գրական ծածկանունով` Զարեհ Խրախունի, Եշիլ գիւղի Գափամաճեան վարժարանը աւարտելէ ետք կը յաճախէ Մխիթարեան դպրոցը: Երկրորդ Աշխարհամարտի պատճառով այս շրջանին ամէնուրեք կը տիրէր մահաբոյր մթնոլորտ:

8 մայիս 2011-ին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Զարեհ Խրախունին կը պարգեւատրէ նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:

Պոլսոյ պատրիարքարանի պարտէզին մէջ Հայաստանի նախագահի օգնական Աւետիս Պէրպէրեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը կը յանձնէ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի, 4 սեպտեմբեր 2012-ին:

Ութերորդ երաշխաւորը` Արա Կարմիրեան, ծնած է Պոլիս, 14 յուլիս 1920-ին: Հայրը` Գառնիկ Գրիգորեան ծնած է Պոլիս, իսկ մայրը` Ակնա Կամարակապ գիւղին մէջ, 1889-ին: Աղքատասէր էր իր հայրը:

Մէկ տարի Աղքատասէր դպրոցի մանկապարտէզէն ետք Արա Կարմիրեան կ՛անցնի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, ուր կ՛ուսանի 11 տարիներ:

2009 թուին լոյս կ՛ընծայէ «Գրախօսականներ եւ մտորումներ» խորագրեալ գիրք մը, ուր կը պարզէ հրատարակուած գիրքերու մասին իր տպաւորութիւնները:

2010 թուին «Երազի պէս» խորագրեալ երկրորդ գիրքով մը բարոյական իր պարտքը կը վճարէ հօրը, վարժարանի վարդապետներուն եւ ուսուցիչներուն, դպրոցական իր ընկերներուն եւ բարեկամներուն:

Արա Կարմիրեան կ՛ըսէ, թէ հրատարակած է «Անմեղունակ մանկութիւն» խորագրեալ գրքոյկ մը, ուր կու տայ բացատրութիւններ հայոց լեզուի եւ կրօնին մասին:

Արա Կարմիրեան կ՛ըսէ, թէ զինք խորապէս տպաւորած է հայագէտ եւ բանասէր Յակոբ Մարթայեան:

Կարմիրեան կ՛ըսէ, թէ նամակադրոշմներու հանդէպ ունեցած է սէր եւ հետաքրքրութիւն: Ահա թէ ինչո՛ւ ան տարիներէ ի վեր ձեռնարկած է նամակներ հաւաքելու:

Արդարեւ, պէտք է ըսել, որ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան վերոյիշեալ ութ երախտաւորներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցներով յայտնաբերած է անոնց կեանքին եւ գործունէութեան շուրջ շահեկան նորութիւններ:

 

Օգոստոս, 2013
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )