Մենք Ու Նորը

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Նոր տարուան շեմին ենք:  Տարի մը եւս հասած է իր աւարտին:  Սակայն պիտի գայ նորը` նոր փայլք մը տալու անցեալին, շարունակելու անցեալի գործը:

Այս  Նոր տարին դաշնակցական երիտասարդին համար ա՛լ աւելի գեղեցիկ կը թուի ըլլալ: Մեզի համար ալ հասաւ նորը, նոր կեդրոնը: Նոր փայլք մը տուաւ դաշնակցական երիտասարդութեան աշխատանքներուն:

Նոր տարի, նոր կեդրոն:

Տարիներու սպասուած փափաք մը: Վերջապէս կարելի պիտի ըլլայ համախմբել Դաշնակցութեան երիտասարդութիւնը մէկ երդիքի տակ, մէկ կառոյցի մէջ:  Կատարուեցաւ այդ մէկը, եւ աւելի՛ն, կեդրոնը կրեց «Աբրահամ Աշճեան» անունը:

Այս անունին որոշումը վստահաբար յատուկ նպատակ ունի: Ճիշդ է, որ այս տարի կ՛ամբողջանայ ընկեր Աբոյի առեւանգման

30-ամեակը, սակայն միմիայն այդ պատճառով չէ այս կեդրոնին անուան ընտրութիւնը: «Աբրահամ Աշճեան» անունը գործի մղող ուժ մըն է: Աբրահամ Աշճեանը հաւատացած էր եւ փաստած` Սիմոն Զաւարեանի խօսքը. «Խօսքը առանց գործի` մեռեալ է» : Ան աշխատած էր հայութեան համար, Դաշնակցութեան համար:  Աշխատած էր լուռ, անձայն, կատարած էր այն, ինչ որ պէտք էր կատարէր, թերեւս ալ` աւելի՛ն:  Աբրահամ Աշճեան անունը  համեստութիւն, գաղտնապահութիւն, վստահութիւն եւ ապահովութիւն արտացոլող անուն մըն է, ներշնչման աղբիւր մը` բոլորիս համար, մանաւանդ` երիտասարդներուն համար:

Անունէն անդին,  խօսինք այս կեդրոնի կարեւորութեան մասին մեր` երիտասարդութեան, առօրեայ կեանքին մէջ:

Գլխաւոր եւ կարեւորագոյն դերը` երիտասարդութեան  համախմբում եզակի հաստատութեան մը  մէջ: Ինչպէս մեր բոլոր միւս կառոյցները, այս կեդրոնն ալ  իւրայատուկ տեղ մըն է: Տեղ մը, ուր չկան այս օրերուս  դժբախտաբար տարածուած անբարոյ ու ամօթալի երեւոյթներ: Տեղ մը, ուր չկան թմրամոլներ, գողեր, անկիրթ ու փողոցային  անհատներ: Տեղ մը, ուր չկայ ձուլումի ահազանգ, չկայ օտար մշակոյթ, օտարի ազդեցութիւն, հայ ինքնութեան անհետացում: Այլ  կայ միմիայն առողջ մթնոլորտ, հայկական ու դաշնակցական մթնոլորտ: Կեդրոնը հաւաքավայր պիտի դառնայ երիտասարդներու, որոնք քով քովի գալով` պիտի զրուցեն, կարծիքներ փոխանակեն, զուարճանան, ծրագիրներ մշակեն, աշխատին հայօրէն, հայութեան համար:

Մեր կառոյցներուն զուգահեռ, աւելցաւ նաեւ նոր կառոյց մը: Դեռ ալ պիտի աւելնան նորերը, քանի որ տակաւին կը մնանք սփիւռքի մէջ, տակաւին ձուլումը գազանօրէն, ազատօրէն կը խլէ հայ անհատներ,քանի որ  տակաւին կան օտարամոլներ:

Մինչեւ այն ատեն որ այս բոլորը գոյութիւն ունին ու մուտք կը գործեն մեր իրականութեան մէջ, մենք պարտաւոր ենք կառուցել նոր կեդրոններ, նոր կառոյցներ: Պարտաւոր ենք կերտել «նոր» հայեր, նոր ուժեր:

Մենք տակաւին շատ ընելիք ունինք, մենք տակաւին շատ տալիք ունինք երիտասարդութեան, հայութեան, ինչպէս նաեւ` Դաշնակցութեան:

Մենք կրնանք, մենք պէ՛տք է որ ընենք:

Մենք ենք ապագան, մենք պիտի ապրինք գալիքը:

Ուստի մենք գիտնանք, թէ`

Նոր կեդրոնը նոր ոգի, նոր շունչ ու նոր եռանդ կը պարտադրէ իւրաքանչիւրիս:   Որովհետեւ այսօր բոլորին ուշադրութիւնը մեր` երիտասարդութեան վրայ է, բոլորին ալ թիրախը մենք ենք, երիտասարդութիւ՛նն է:  Որպէսզի կարենանք իրագործել այն, ինչ որ մեզմէ կը սպասուի, պէտք է համախմբուինք, մէկտեղենք մեր ուժերը, նոր կեդրոնին մէջ, ընկեր Աբրահամ Աշճեանի հսկողութեան տակ ու աշխատինք իր եւ նմաններուն պէս, չխօսինք ընելիքներու մասին, միշտ յիշենք` «Խօսքը առանց գործի` մեռեալ է» կարգախօսը ու գործենք: Գործենք տիպար դաշնակցականի պէս: Չմնանք անցեալի փառքերուն վրայ: Պէտք է բերենք նորը` մեր աշխատանքով, մեր ներդրումով:  Շնորհաւոր Նոր տարի, հաւաքական աշխատանքի ու գործի տարի:

Share this Article
CATEGORIES