Տարեվերջի Սլաքներ

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Գլորեցաւ տարի մըն ալ` ներկայ հեւքի օրերուն հետ մրցելով… ճեպընթացի մը նման եւ շարունակ քայլ պահելով աննահանջ սլաքներուն հետ:

Հետզհետէ կատարելագործուած եւ մեքենացած կեանքին ու ապրելաձեւին արդիւնքն է այս «սփրինթ»-ը, որուն հաւանաբար ամէնէն աւելի քաջատեղեակ ըլլայ դեռ անցեալ օգոստոսի Լոնտոնի Ողիմպիականին… ամբողջ աշխարհը ելեկտրականացնող, աշխարհի ամէնէն աւելի արագ մարդը` հարիւր մեթր վազքի աշխարհի մրցանշակիր Ուսայն Պոլթը:

Բիւրաւոր մարդիկ հետեւեցան այս մկաններու կոյտի ակնթարթային վազքին: Դժբախտաբար այս սխրագործութեան չկրցաւ հետեւիլ աշխարհի ամէնէն աւելի դանդաղ էակը` Կալափակոս կղզիի (Էքուատոր) իր տեսակին մէջ միակ շնչող արարածը` վիթխարի կրեայ հանրածանօթ «Լոնլի Ճորճ»-ը, որ հետզհետէ աւելի դանդաղելով, խոր ծերութեան մէջ, վերջնականապէս ընդհատեց իր շարժումները… անցեալ յունիսի աւարտին:

Թէեւ անկապ, այս երկու ծայրայեղութիւնները բաղդատելով, ընթերցողը կրնայ պատկերացնել, թէ որքա՜ն տարօրինակ սկսած է դառնալ աշխարհն ու անոր բնակիչները: Աշխարհ մը, որուն աւարտը պիտի կատարուէր ըստ Կեդրոնական Ամերիկայի մայա քաղաքակրթութեան… 21 դեկտեմբեր, 2012-ին: Սակայն «Յայտնութիւնն այժմ» կը մնայ ցայսօր անյայտ, եւ կեանքը, ինչպէս որ է..կը  շարունակուի:

Դեռ շատ մելան կարելի է հոսեցնել անցնող տարեշրջանին մասին: Սակայն համաշխարհայնացում բուրող այս ապրելաձեւէն դուրս գալով եւ կարկինը սեղմելով ու հայորդիի ակնոցով թերթատելով առկայ կացութիւնը` վստահաբար բոլորին կիզակէտն է Սուրիոյ դժոխային վիճակն ու տարիներ շարունակ, Լիբանանի կողքին երբեմնի բազկերակ նկատուող տեղւոյն գաղութը:

Ներքին քաղաքացիական պատերազմը արդէն իսկ սկսած էր անցեալ տարի, սակայն այս տարուան ընթացքին է, որ դանակը հասաւ ոսկորին եւ խլրտումները հասան հայաշատ Հալէպ` քարուքանդ ընելով բազմաթիւ կառոյցներ, հաստատութիւններ, կալուածներ: Դժբախտաբար բարելաւման ոչ մէկ նշոյլ կը թուի ըլլալ:

Հրաժեշտ տանք անցեալ տարուան եւ բարի գալուստ` 2013-ին… որ քանի մը շաբաթէն, փետրուարի կէսերուն առիթ պիտի ընծայէ, որպէսզի մեր հայրենիքը օժտուի նոր նախագահով մը: Գէթ տը ֆաքթօ կարելի է այսպիսի նախադասութիւն մը շարադրել, նկատի ունենալով, որ կրնայ Կաղանդ պապը ժողովրդավարական ընտրութիւն մը ձօնէ… կամ ալ վերընտրուած նախագահով մը շարունակուի յառաջիկայ հնգամեակը: Թէ մինչ այդ արտագաղթի պատկերը դէպի ներքին եւ արտաքին Սփիւռք ո՞ւր հասած պիտի ըլլայ:

Մինչ այդ ցտեսութիւն 2012-ին եւ բարի գալուստ` անոր յաջորդին:

 

27 դեկտեմբեր, 2012

 

Share this Article
CATEGORIES