Տօնածառ

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Եւ ուղեղս ալիք մը քեզմէ
Բանտարկուած գլխուս մէջ
Ինչպէս փոքրիկ ծովակ
Ծովաստղ կամ աստղիկ
Անսահման ովկիանէն անծայրածիր:
երբ յայտնուիս
Փոթորիկով կայծակներով
Կամ աղօթքով
Կարծես հոգիս
իր տունը կու գայ
Մերկ տօնածառիս
լոյսերն վառելու:
»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»»Նեղուածք է հաղորդակցութիւնը սահմանափակ.
Քարացած կածան լեռանցամէջ
Երթուղայինի կանգ առած գնացք
Փակ օդակայանէն յետաձգուած թռիչքի տոմս
Անորոշ ժամանակով
Հասցէներու ելակէտերով:
Անջատուած հեռազանգ:
Ընդհատուած խօսք:
Խզուած ենք իրարմէ:
Լեցուած լոյսերով
Իրարմով հարուստ
իրարմէ անջատ….
Մեր պատուհաններուն
Տօնածառ դարձած իրարու համար
«««««««««««««««««««««««««««««««««««««««««Արեւմուտք
Այնքան շատ են մեղքերդ
Ձեռքերդ թաթխուած անմեղներու արեան մէջ
Խեղճ մանուկներէ խլած խաղալիքներովդ
Երեխաներուդ համար տօնածառ կը կերտես:
«««««««««««««««««««««««««««««««««««««««««Հարցական է ապրիլը
թէ կորսնցնեմ
Հաւատքս յոյսս եւ սէրս
Այսինքն `քեզ:
Կապրիմ տակաւին
Շնչող ծառի մը պէս
Երբ կը թուի ինծի թէ կը կորսնցնեմ
Քեզ……
Կ՛արժէ ունենալ քեզ
Տօնածառի պէս ապրելու համար….

Դեկտեմբեր 2012

Share this Article
CATEGORIES