Կաղանդ… Առանց Նուէրի

ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Գէորգն ու ես նստած` կը սպասէինք Րաֆֆիին: Պիտի երթայինք ոտնագնդակ խաղալու:

Յանկարծ, գոգնոցը կապած, խոհանոցէն դուրս եկաւ մայրը, նայեցաւ մեզի` բարկացած աչքերով եւ.

¬ Փոխանակ երթաք` փողոցները սլքտաք, նստէ՛ք` ձեր Հայաստանի քոյր¬եղբայրներուն նամակ մը գրեցէ՛ք…

Գէորգը եւ ես շուարած` իրարու նայեցանք, Րաֆֆին դուրս եկաւ սենեակէն` պատրաստ վիճակի մէջ, գլուխով երթալու ազդանշանը տուաւ, եւ գրեթէ փախչելով հեռացանք…

Դեկտեմբեր էր, եւ հազիւ 10 օրեր անցած էին Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժէն: Բայց մեզի համար անհասկնալի էր, թէ մեր գրած նամակը ինչպէ՞ս պիտի տաքցնէր ցրտահար աղէտեալները, կամ զիրենք ինչպէ՞ս դուրս պիտի բերէր իրենց ցաւալի հոգեվիճակէն: Օրին մենք չնկատեցինք, որ տիկին Անիին այդ առաջարկին նպատակը այլ էր… մեզ դուրս բերել մեր անհոգ եւ անփոյթ հոգեվիճակէն…

Յամենայն դէպս նամակ չգրեցինք: Քանի մը շաբաթ նաեւ խուսափեցանք իրենց տունը երթալէ: Իսկ խաղի ատեն երբեմն կը հեգնէինք զիրար` «Փոխանակ խաղալու` նստէք եւ ձեր եղբայրներուն նամակ գրեցէք» ըսելով:

Այս բոլորը 24 տարիներ առաջ էին: Բայց դէպքը յիշեցի դեկտեմբերի առաջին շաբաթը: Յիշեցի նաեւ պատճառը:

Երեք զաւակներուս` Սելային (12), Լոռիին (9) եւ Նարէին (6) առաջարկեցի իրենց այս տարուան Կաղանդի նուէրներուն փոխարժէքը յատկացնել բարեսիրական նպատակի եւ ուղարկել Սուրիա: Անշուշտ հիմնաւորեցի առաջարկս` բացատրելով, որ մինչ իրենք այստեղ ուրախ Կաղանդ պիտի տօնեն, այնտեղ թերեւս կան փոքրիկներ, որոնց Կաղանդ պապային ուղարկած նամակները պիտի մնան անպատասխան… իսկ մեր ուղարկած դրամը հաւանաբար ժպիտ պիտի բերէր դէմքին այլ մանուկներու, որոնք պատերազմական գօտիի մէջ են, առանց պաշտպանութեան, ջուրի, կաթի, ուտելիքի, ջեռուցման միջոցներու…

Եթէ այդ նոյն առաջարկը մեզի ներկայացուէր մեր մանկութեան, թաց աչքերով անմիջապէս պիտի համակերպէինք… Բայց այսօր մանուկը դժուար թէ զիջի իր իրաւունքներէն…

Սկսաւ «ինչու»-ներու շարքը: Ինչո՞ւ պատերազմ է, ինչո՞ւ չունին, ինչո՞ւ կրակ չեն վառեր, ինչո՞ւ ուրիշ տեղ չեն փոխադրուիր… Անշուշտ բոլոր «ինչու»¬ներուն պատասխան չունէի, բայց գոհ էի, որ գոնէ նուազագոյնը սկսան մտածել այդ ուղղութեամբ:

Իրենց մանկական ուղեղը չէր հասկնար, թէ ինչպէ՞ս մարդ այդքան դաժան կրնայ ըլլալ մարդու հանդէպ… Այդ չէր հասկնար նաեւ իմ ոչ մանկական ուղեղս: Յաջորդ օրը նկատեցի, որ անսովոր եռուզեռի մէջ էին երեքը… Տան բոլոր սենեակները կը մտնէին¬կ՛ելլէին, դարակները կը բանային¬կը գոցէին, իրարու հետ փսփսալով կը խօսէին… Իսկ օրուան աւարտին, նախքան քնանալը, Սելան յայտնուեցաւ դիմացս եւ ափիս մէջ դրաւ եգիպտական դրամներ, նաեւ` ափ մը տարբեր արժէքներով մետաղեայ դրամներ. «Ասոնք ալ ղրկէ»:

Հաւաքած էին գանձանակներուն մէջ, բարձերուն տակ, գիրքերուն եւ գրչատուփերուն մէջ եղած դրամները, չէին մոռցած նաեւ դարակներուն մէջ լքուած, սեղաններու սփռոցներուն տակ օրերով մոռցուած եւ խաղալիքներու սնտուկներուն մէջ ինկած աննշան դրամները…

Առանց յուզումս ցոյց տալու` առի դրամները, ուղղուեցայ իրենց ննջարանը` բացատրելու իրենց ըրածին իմաստը եւ գնահատելու:

Թերեւս հոգեբանօրէն կամ մանկավարժօրէն ըրածս յարմար չէր, արդար ալ չէր, բայց ես կը մտածէի մարդկայնօրէն:

Գոհ սրտով վերադարձայ անկողին: Նկատեցի, որ Նարէն մտահոգ դէմքով ետեւէս եկած ու կանգնած էր բարձիս քով.

¬ Ուրեմն Կաղանդ պապան այս տարի մեզի նուէր պիտի չբերէ՞…

Իրաւունք ունէր: Հիմա իր խղճի պարտքը կատարած, իր ալ մանուկի իրաւունքն էր ակնկալելը…

Քառորդ դար առաջ տիկին Անիին փափաքը չկատարեցինք նամակ գրելու… Բայց իր բարկացկոտ վերաբերումը ահաւասիկ տեղ մը իր արդիւնքը տուաւ…

Գահիրէ

 

Share this Article
CATEGORIES