Համահայկական Մաղթանք Նոր Տարուան Շեմին

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Երնէկ, թէ այս նոր տարին,
Վերջ տար հայի ցաւերին,
Չարը կորչէր ու բարին
Բուն դնէր մեր սրտերին:
ԳԱՄԱՌ ՔԱԹԻՊԱ

Այս տարի Հայաստանի մէջ կարծես առաւել  կանուխ, քան երբեւէ սկսաւ Նոր տարին դիմաւորելու տօնական մթնոլորտը. լաւ կը յիշեմ, երբ նախորդ տարի մենք` հայրենադարձներս, դեկտեմբեր 1-ին տօնածառն ու դրան շեմը կը զարդարէինք, մարդիկ մեծ զարմանքով կը դիտէին մեզ եւ կ՛ ըսէին. «Ձեր մօտ Նոր տարին արդէն եկե՞լ է»:

Այս տարի զարմացողները մենք էինք, երբ փողոցներուն մէջ ու խանութներու ցուցափեղկերուն վրայ, նոյնիսկ դեկտեմբեր 1-էն առաջ, Նոր տարուան գալուստը մօտենալու աւետումը խորհրդանշող զարդարանքներ ու լոյսեր տեսանք:

Նաեւ այս տարի Երեւանը առաւել տօնական է, քան երբեւէ, տօնական մթնոլորտ ստեղծող երեւոյթներ կան ոչ միայն Հանրապետութեան եւ Ազատութեան հրապարակներուն ու անոր մօտակայ փողոցներուն մէջ, այլեւ եղնիկներ, Ձմեռ պապիկներ, գոյնզգոյն լոյսեր ու տօնածառեր կան Երեւանի բոլոր թաղամասերուն եւ մեծ ու փոքր հրապարակներուն վրայ, նոյնիսկ` մինչեւ քաղաքի ծայրամասերը:

Հաճելի է այս բոլորը տեսնել, ինծի համար պահ մը նոյնիսկ` ուրախալի… Այո՛, պահ մը միայն, հաւանաբար նեղմիտ թուիմ, բայց այնուամենայնիւ կը մտածեմ, հրապարակի մեծ տօնածառի բարձրութեամբ ու շքեղ զարդարանքներով եւ բոլոր փողոցներուն մէջ ստեղծուած տօնական մթնոլորտով հպարտանալու իրաւունք կ’ունենայինք այն ատեն, երբ երկրաշարժէն մօտ 24 տարի ետք անգամ, մեր հարիւրաւոր հայրենակիցները սոսկալի վիճակի մէջ չապրէին, երբ մեր թոշակառուները այսքան անօգնական չըլլային, երբ չունենայինք հազարաւոր ընտանիքներ, որոնք անգամ հացի կարօտ են եւ իրենց հիւանդներուն անհրաժեշտ դեղն անգամ չեն կրնար ապահովել: Երկու իրավիճակները ստեղծողները նոյն պետութիւնն է, ծախսերը նոյն «գրպանէն», ինչո՞ւ նպատակային ու ծրագրաւորուած` ըստ անհրաժեշտութեան չի ծախսուիր պետական պիւտճէն. հաւանաբար «ուրախ մթնոլորտ» ստեղծելու գործընթացին դրամ շորթելու մեծ առիթներ կը ստեղծուին, իսկ ժողովուրդին կարիքները հոգալու ծրագիրներ իրականացնելու համար «կողմնակի եկամուտը» այնքան ալ մեծ չէ. անձնական եզրակացութիւն է, որ կը կատարեմ 12 տարի այստեղ ապրելէն ետք, քիչ թէ շատ թացը չորէն զանազանելու սկզբունքով. այնուամենայնիւ վստահ չեմ, որ եզրակացութիւնս ճիշդ է եւ փաստեր ալ չունիմ այդ մասին, բայց ուրիշ պատճառ չեմ գտներ, երբ կը լսեմ, որ տնտեսական նման խեղճ վիճակի մը մէջ գտնուող մեր երկիրը միլիոն տոլար կամ աւելի կը ծախսէ համերգ մը կամ տօնակատարութիւն մը իրականացնելու համար…

Փողոցները զարդարուած են, իսկ տուներէն նե՞րս… տուներէն ներս ուրախութիւն կա՛մ չկայ եւ կա՛մ լիարժէք չէ… այստեղ Նոր տարին աւելի շատ հոգ է, քան` ուրախութիւն (աղաներու ընտանիքները բացառութիւն են), հոգ է, որովհետեւ ծախսը շատ է, ընտանիքի պիւտճէն` կա՛մ քիչ, կամ չկայ…

Նոր տարուան շեմին թէեւ մեր տան տօնածառը զարդարած եմ այնպէս, ինչպէս կը զարդարէի ամէն տարի, մտածելով` աւանդութիւնը չխախտել եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծել իմ եւ իմ շուրջս գտնուող երեխաներուն համար, այնուամենայնիւ սրտիս մէջ խոր կսկիծ կայ, ցաւ, բողոք` ընդդէմ այն ճակատագրին, որ վիճակուած է սուրիահայութեան…

Ակամայ կը մտածեմ… Նոր տարուան օրը, երբ մեր երեխաները պիտի զուարճանան իրենց ստացած բազմաթիւ նուէրներով, արդեօք մեր սուրիահայ հայրենակիցներու, հարազատներու, ընկերներու եւ բարեկամներու երեխաները տաքնալու միջոց պիտի ունենա՞ն, խաւարի՞ մէջ պիտի դիմաւորեն 2013 թուականը, թէ՞ լոյսի…

Երբ Հայաստանի օճախները, ըստ աւանդոյթի, պարտք ընելով եւ ամբողջ տարին այդ պարտքի բեռին տակ ապրելով հանդերձ, ապահովեն իրենց սեղանի խոզի պուտը, «քէօֆթա»-ն, օղին, գինին, քոնեաքը, պտուղները, չիրերը եւ զանազան այլ ուտեստներ, երբ Հայաստանի աղաները ցուցադրական շռայլութեամբ տան կամ ճաշարաններուն մէջ ճարտար կենացներ խմեն, եւ երբ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ճաշարաններու կամ տաք ու ճոխ բնակարաններու մէջ առատ սեղաններուն շուրջ հաւաքուին, պարեն եւ ուրախանան, Հալէպի մեր հայրենակիցները իրենց նոյնիսկ համեստ սեղանին համար հաց ապահոված պիտի ըլլա՞ն…

Ես յոռետես կամ նվնվացող չեմ, պարզապէս հայուհի մըն եմ, որ Նոր տարուան շեմին կոչ կ’ուղղէ իր բոլոր հայրենակիցներուն, որ իրենց արդարացի քեֆին եւ ուրախութեան մէջ գէթ իրենց աղօթքներով ու բարեմաղթանքներով պահ մը յիշեն նաեւ իրենց հայրենակիցները, որոնք դաժան իրավիճակի մէջ են եւ համահայկական մաղթանք մը յղեն առ Աստուած.

– որ մեր հայրենի հողի ղեկավարները իրենց երկրի ու ժողովուրդի բարեկեցութեան մասին մտածեն այնքան, որքան կը մտածեն իրենց զաւակներուն համար յղփացած կեանք մը ապահովելու մասին,

– որ Երեւանի զարդարուած փողոցները տեսնող Հայաստանի բոլոր ընտանիքները իրենց գլխուն տանիք ունենան, բոլոր օճախները հնարաւորութիւն ունենան իրենց տուներէն ներս առանց պարտքի գէթ փոքրիկ տօնածառ մը եւ լի սեղան մը ունենալու,

– որ ոչ մէկ մանուկ որբանոցի մէջ մնայ եւ ոչ մէկ տարէց անօգնական զգայ,

– որ հայ զինուորը սիրայօժար երթայ ծառայելու եւ Աստուած պահապան ըլլայ հայոց բանակին, որպէսզի շարունակենք խաղաղ ապրիլ,

– Որ պարտադրաբար Հայաստան հասած բոլոր սուրիահայերը յաջողութիւն գտնեն եւ բարեկեցիկ ու ինքնակամ ապրին իրենց հայրենիքին մէջ եւ այլ երկիրներու մէջ ապաստան չփնտռեն:

Եկէ՛ք` միահամուռ կերպով աղօթենք առ Աստուած, որ խաղաղութիւն պարգեւէ հայ ժողովուրդը հարազատի պէս հիւրընկալող Սուրիոյ Հանրապետութեան, վերջ տայ տեղի հայութեան դաժան օրերուն, մխիթարութիւն տայ կորուստներ ունեցող ընտանիքներուն, կամքի ուժ եւ կորով տայ անոնց` խաղաղ ու բարեկեցիկ նոր կեանք մը սկսելու համար, վերադարձնէ անոնց երեխաներու դէմքին ժպիտը, անհոգ եւ ուրախ մանկութիւնը, հայկական կրթօճախներն ու մեր բոլոր հաստատութիւնները վերստին բանան իրենց յուսալի դռները եւ շարունակեն իրենց յարկին տակ սերունդները դաստիարակել, հայեցի ու նուիրուած` իրենց ազգին ու ժողովուրդին:

Յատկապէս սուրիահայութիւնը` մեր մայր համայնքը, սփիւռքահայութեան հայապահպանման արիւնատար ամենազդու երակը, այս տօնական օրերուն մեր համահայկական մաղթանքին կարիքը ունի. անոնք համացանցի մէջ տեղ գտնող մեր հաղորդագրութիւններէն, հաղորդակցութեան տարբեր միջոցներով իրենց հետ հաղորդակցելու ընթացքին պէտք է զգան, որ մենք իրենց կողքին ենք, թէկուզ` բարեմաղթանքներով ու աղօթքներով…

Եկէ՛ք` չկեդրոնանանք միայն մեր անձնական ուրախութեան վրայ եւ յոյս ունենանք, որ ՆՈՐ տարուան շեմին մեր համահայկական մաղթանքը իր հաւաքական ուժով դեր մը ունենայ եւ ծառայէ անոնց դէմքերուն ժպիտ պարգեւելու եւ նոր կեանքի յոյս ներշնչելու… Չէ՞ որ Գամառ Քաթիպան իր վերի տողերը կը փակէ այսպէս.

… Հայե՛ր, երբեք չերկմտիք,

Կը կատարուի այդ ամէն,

Եթէ իսպառ մենք հանենք

Փոքրոգութիւն մեր սրտէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )