Արուեստի Աշխարհէն. Արդեօք Կարելի՞ Է Ստուգել «Մոնա Լիզա»-ի Ինքնութիւնը…

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՐԴԵՕՔ ԱՅՆՔԱՆ ԿԱՐԵՒՈ՞Ր Է ԳԻՏՆԱԼ ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԴԻՄԱՆԿԱՐԻՆ ՄԷՋ ՊԱՏԿԵՐՈՒԱԾ ԿՆՈՋ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ: ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԷՋ ԹԵՐԵՒՍ ՆԱԽԸՆՏՐԵԼԻ Է ՊԱՀԵԼ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ԱՇԽԱՐՀԸ ԵՒ ՏԱՐԲԵՐ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐ ԱՆՁԵՐ ՀԱՆԳԻՍՏ ՊԻՏԻ ՉՁԳԵՆ «ՄՈՆԱ ԼԻԶԱ»-Ն»: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ»-Ի ՄԷՋ ԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԳԻՏԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԳԱՆԿԻ ՄԸ ՀԵՏԵՒՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՎԵՐՍՏԵՂԾԵԼ ԼԷՈՆԱՐՏՈՅԻ ՄՈՒՍԱՅԻՆ ԺՊԻՏԸ… ԵՒ ԳԻՏՆԱԼ, ԹԷ Ո՛Վ ԷՐ ԱՆ:

Խումբ մը իտալացի ուսումնասիրողներ մտադրած են վերակազմել Լիզա Կերարտինիի գանկը` հաւատալով, թէ անիկա կը պատկանի այն անձին, որ պատկերուած է Լէոնարտօ տա Վինչիի 16-րդ դարու գլուխ գործոցին` «Մոնա Լիզա»-ի դիմանկարին մէջ: Անոնք պիտի փորձեն ստուգել, թէ արդեօք դիմանկարէն ցոլացող իւրայատուկ արտայայտութիւնը Կերարտինիի՞ ժպիտն է: Ոմանք համոզուած են, թէ Լէոնարտօ պատկերած էր իր օգնականին ժպիտը, ուրիշներ կը հաւատան, թէ ան գծած է իր սեփական ժպիտը: Սակայն արդեօք իրապէս կարելի՞ է գանկի մը հետեւողութեամբ գիտնալ, թէ անոր տէրը ինչպէ՛ս կը ժպտէր:

Ո՛չ անպայման: Ոսկորները կրնան ցոյց տալ անձի մը բերանին ուրուագիծերը: Շրթները կը պատեն շնատամը, հետեւաբար գանկ մը կրնայ գաղափար մը տալ անձի մը բերանին լայնքին վերաբերեալ: Վերի եւ վարի ակռաներուն անկիւններն ու հանդիպման կէտերը իրենց դերը ունին շրթներուն միացումին մէջ: Իսկ չափահասի մը ակռաներուն արտաքին խաւին մաշումէն կարելի է դատել անոր շրթներուն հաստութիւնը: Եթէ Կերարտինիի գանկին այս երեւոյթները չեն համապատասխաներ գեղանկարին մէջ պատկերուած գիծերուն, ապա ուսումնասիրողներ կրնան համոզիչ կերպով վիճիլ, թէ Լէոնարտոյի մուսան Լիզա Կերարտինին չէր: Ի դէպ, դիմանկարը կը պարունակէ շարք մը այլ եզակի երեւոյթներ, զորս կարելի է բաղդատել կմախքացած գանկի մը հետ, ինչպէս` լայն ճակատն ու երկար քիթը: Սակայն շատ աւելի դժուար է պաշտպանել դրական կարծիք մը, թէ իրօք, Կերարտինին էր Մոնա Լիզայի ժպիտին ներշնչման աղբիւրը: Անձի մը գանկը շատ քիչ բան կ՛ըսէ անոր ժպտելու ձեւին վերաբերեալ: Ժպիտը հակակշռող մկաններէն շատերը կապուած են փափուկ հիւսկէններու եւ ոչ` ոսկորներու: Կան նաեւ ապացոյցներ, որոնց համաձայն, անձի մը իւրայատուկ ժպիտը սորվելով ձեռք բերուող վարուելակերպ մըն է եւ ոչ թէ` ոսկորներու կազմուածքի արդիւնք մը:

Աճիւններու հիմամբ դիմագիծեր վերակառուցելու մասնագիտութիւնը բաւական երկար ճամբայ կտրած է վերջին քանի մը տասնամեակներուն: Այժմ գիտնականներ կրնան վերստեղծել անձի մը դիմագիծը, անոր աչքերն ու քիթը կամ ծնօտը տեղադրել քանի մը միլիմեթր հեռաւորութեամբ: Սակայն հարցը այն է, թէ մարդիկ զիրար չեն զանազաներ դէմքի այս լայն ուրուագիծերուն հետեւողութեամբ: Մասնագէտներ օգտագործած են բժշկագիտական արհեստագիտութեան միջոցներ` ստեղծելու համար երեք տարաչափութեամբ մէկ պատկերը ապրող անձի մը գանկին, սակայն նոյնիսկ տուեալ անձին ընտանիքի անդամները չեն յաջողած ճանչնալ զայն: Շատ աւելի հակամէտ ենք զիրար ճանչնալու այնպիսի երեւոյթներու հիմամբ, զորս մարդաբաններ տակաւին չեն յաջողած վերակառուցել. այս երեւոյթներուն շարքին են` մորթի գոյնը, աչքի գոյնը, մազերը, կնճիռները եւ դէմքի բնորոշ արտայայտութիւնները:

Թերեւս նոյնիսկ այս պատճառով է, որ Լէոնարտօ դժուար պիտի ճանչնար Լիզա Կերարտինիի դէմքին մերօրեայ արդի վերակառուցուած տարբերակը: 2001-ին կատարուած ուսումնասիրութեան մը մէջ աւստրալիացի մարդաբաններ օգտագործած էին դիմագիծեր վերակառուցելու 4 միջոցներ` 4 գանկերու վրայ հիմնուած 16 դէմքեր գծելու համար: Ապա անոնք տարբեր անձերէ խնդրած էին պատկերուած անձին լուսանկարը գտնել 10 լուսանկարներու շարքին: Արդիւնքը կատարեալ ձախողութիւն էր. մասնակցողները 16 դիմանկարներէն միայն մէկը յաջողած էին ճանչնալ: Այս համեմատութիւնը պատահական դիպուածէ մը քիչ մը աւելին էր: Այլ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ նոյնիսկ բարեկամներ անծանօթ կը թուին նման վերակառուցուած դիմանկարներու մէջ: Թէեւ այս գիտութիւնը յառաջդիմած է վերջին տասնամեակին, սակայն մարդագիտական տուեալներու հիմամբ դիմագիծեր վերակառուցող մասնագէտներ շատ աւելի լաւ կը վերստեղծեն մեր նախահայրերուն վարկածային դիմանկարները, քան` մեր արդի դիմագիծերը:

«Մոնա Լիզա»-ի իրական դէմքը վերստեղծելու համար պէտք է յաղթահարել քանի մը մարտահրաւէրներ: Կերարտինի աւելի քան 60 տարեկան էր, երբ մեռած է: Դիմագիծեր վերակառուցող մասնագէտներ կրնան կիրարկել արհեստավարժական քանի մը միջոցներ` շրջելու համար անձի մը տարիքը: Օրինակ, անոնք կրնան ետեւ տանիլ յօնքին ոսկորը, որ շատ աւելի ցցուն է տարեց անձերու քով: Սակայն հաւանական է, որ Կերարտինի ունէր պակաս ակռաներ (Վերածնունդի ժամանակներու Իտալիոյ մէջ շատեր կը հաւատային, թէ ակռայի ցաւին պատճառը անոնց մէջ մուտք գործած որդերն էին, որոնցմէ ձերբազատելու համար կը յանձնարարուէր լինտերը արիւնել): Եթէ Կերարտինի իր մահէն առաջ կորսնցուցած էր իր ակռաները, ապա անոր բերանը վերակազմելը անկարելի կը դառնայ:

Եւ վերջապէս, թէեւ Լէոնարտօ տա Վինչի ծանօթ էր մարդակազմութեան ճշգրիտ վերարտադրութիւններով յատկանշուած արուեստի գործերով, սակայն «Մոնա Լիզա»-ն ի վերջոյ գեղանկար մըն է միայն: Յստակ չէ, թէ արդեօք Լէոնարտօ ձգտած էր իրագործել լուսանկարչական իրապաշտութեա՞ն օրինակ մը, թէ՞ իր պատկերած անձին իտէալականացուած մէկ տարբերակը: Աւելի՛ն. Լէոնարտօ տարիներ շարունակ աշխատած է այս գեղանկարին վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ շատ աւելի դժուար էր հարազատօրէն վերստեղծել իր մուսային դէմքին իւրաքանչիւր անկիւնը:

Հնագէտներ Կը Պեղեն
Սանթ՛Օրսոլա
Կուսանոցը

Գիտնականներ յուլիսին յայտարարած էին, թէ ի վերջոյ յատկանշական յառաջխաղացք մը արձանագրած էին Մոնա Լիզայի աճիւններուն իրենց փնտռտուքին մէջ: Սակայն, աշնան սկիզբը մամլոյ ասուլիսի մը առիթով Մոնա Լիզայի աճիւնները փնտռող գլխաւոր մասնագէտը` Սիլվանօ Վինչեթի յայտարարեց, թէ Ֆլորանսի մէջ նախկին կուսանոցէ մը նոր յայտնաբերուած աճիւնները, ցարդ` չորրորդը, չեն պատկանիր Մոնա Լիզայի, որ իր ժամանակներուն ծանօթ էր Լիզա տել Ճիոքոնտօ անունով:

Հնագէտներու խումբ մը լծուած է Լէոնարտոյի 1506-ին գծած գլուխ գործոցին ենթադրեալ բնորդին ինքնութիւնը փնտռելու աշխատանքին: Վինչեթի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է. «Մայրապետներուն արխիւները մեզի կ՛ըսեն, թէ մեր նոր յայտնաբերած աճիւնները կը պատկանին Մարիա տել Ռիչչիօ անունով հարուստ կնոջ մը, որ մեռած է 1609-ին»: (Լիզա տել Ճիոքոնտօ մեռած է 1542-ին):

Մինչ Վինչեթի յոյս կը յայտնէ, թէ փնտռտուքը հետզհետէ աւելի «պիտի ջերմանայ», անդին` շատեր Մոնա Լիզայի աճիւնները գտնելու անոր խելայեղ մարմաջը կը նկատեն աւելի արկածախնդրական ժապաւէնի մը յատուկ երեւոյթ մը, քան` գիտական լուրջ ուսումնասիրութեան:

Ոչ միայն հարցականի տակ առնուած են Վինչիի կիրարկած գիտական մեթոտները, այլ նաեւ շատեր ընդվզած են բարոյագիտական նկատառումներով: Անոնց շարքին է Լիզա տել Ճիոքոնտոյի մէկ ժառանգորդը` Նաթալիա Կուչիարտինի Սթրոցի, որ «սրբապղծութիւն» որակած է Մոնա Լիզայի աճիւններուն փնտռտուքը: «Ի՞նչ է տարբերութիւնը. անոր աճիւններուն յայտնաբերումը ի՞նչ ձեւով պիտի շրջէ Լէոնարտոյի գեղանկարին հմայքը», ըսած է ան «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )