Քաղաքական Քրոնիկ. Սուրիան «Բարենորոգելու» Ծրագիրը Եւ Քաթարի «Խաւարի Ասպետները»…

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Սուրիան «բարենորոգելու» պատրուակով Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած ներկայ «համաշխարհային» յետադիմութեան ահաբեկչական-սիւննիական քանդիչ պատերազմը կ՛արծարծէ բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ հարցադրումներ, որոնց պատասխանը կը գտնուի վերջերս, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կնքուած «գաղտնի դաշնագիր»-ին մէջ:

Դժուարին էական հարցադրումներ կը յառաջանան, երբ հարցնենք, թէ ի՞նչ եղաւ արդիւնքը Իրաքի, Թունուզի, Եգիպտոսի, Լիպիոյ եւ Եմէնի «բռնապետ»-ներուն անկումին, այդ երկիրներուն ապագային համար: Հարցադրումներուն պատասխանները կը յստականան, երբ ճիշդ ախտաճանաչումը կատարենք անկումներուն յաջորդած «նոր» վարչակարգերուն, որոնք օգտագործելով «Արաբական գարնան» ալիքը, հասան իշխանութեան` շնորհիւ այն զինուորական վայրագ միջամտութիւններուն եւ գաղտնի սպասարկութիւններու դաւերուն, զորս գործեցին ՕԹԱՆ-ի ուժերն ու Արաբական ծոցի իշխանապետութիւնները: Ճիշդ ախտաճանաչումը  «նոր» վարչակարգերու բնոյթին ցոյց կու տայ, յստակօրէն, «նոր» վարչակարգերու խաւարամտութիւնն ու յետադիմականութիւնը այնպիսի ահաւոր չափերով, որ կարօտաբաղձութիւնը կ՛ունենանք «նախկին» վարչակարգերու օրերուն…

Իրօ՞ք Քազզաֆին էր հարցերու հարցը` Լիպիոյ մէջ, երբ երկիրը չէ կրցած վերականգնիլ մինչեւ օրս… եւ երբ երկրի ժողովուրդը այսօր վախը ունի նոր բռնատիրութեան մը եւ երկրի տարանջատումին:

Իրօ՞ք Ապտալլա Սալեհն էր երկրին մեծագոյն հարցը եւ ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու միակ արգելքը, երբ այսօր Քայիտան իսլամական էմիրութիւններ կը հաստատէ երկրին մէջ` քանդելով երկրին միասնութիւնը (Եմէն):

Իրօ՞ք Զէյն Ապիտինն է գլխաւոր ու միակ արգելքը` Թունուզի մէջ ժողովրդավարական վարչակարգի մը հաստատումին, երբ այսօր երկրին մէջ, «նոր» իշխանութեան օրով, պառակտումի որոմը աւեր կը գործէ…

Իրօ՞ք արդեօք ճիշդ է, որ Հիւսնի Մուպարաքի մեկնումով Եգիպտոսի համաժողովրդային ապստամբութիւնը հասաւ իր պահանջներուն իրականացումին, երբ ոչ մէկ դրական փոփոխութիւն կայ այս «նոր», թթու իսլամապաշտ, արեւմտամէտ եւ սիոնապարտ վարչակարգին օրով, Եգիպտոսի «հին» սատաթամուպարաքեան ներքին ընկերային-տնտեսական եւ արտաքին քաղաքական վարքագիծին մէջ… եւ միլիոնային նստացոյցերը կը շարունակուին Ազատութեան հրապարակին վրայ` պահանջելով Մուրսիի անկումը:

Նաեւ` արդեօ՞ք ճիշդ է, որ Պաշշար Ասատի գոյութիւնը իշխանութեան աթոռին վրայ, Սուրիոյ մէջ, գլխաւոր եւ միակ արգելքն է երկրի առաւել ժողովրդավարացումին ու բարենորոգումին դէմ, եւ անոր հեռացումով` ՕԹԱՆ-ի ուխտին, Իսլամ եղբայրներու, Քայիտայի, Արաբական ծոցի յետադիմութեան եւ նոր-օսմանական Թուրքիոյ կողմէ… Սուրիոյ պիտի բերէ երանաւէտ ժողովրդավարութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ պիտի ամրապնդէ երկրի բաղադրիչ հաւաքականութիւններուն օրինակելի համակեցութիւնը: Սելեֆիներու, իխուանճիներու, քայիտաճիներու եւ վարձկաններու խաժամուժը եթէ յաղթանակէ, պիտի կարողանա՞յ համաձայնիլ փրկութեան միացեալ ծրագիրի մը շուրջ, որուն մէջ հաւասարէ հաւասար պիտի գոյակցին բոլոր սուրիահպատակները` անկախաբար իրենց կրօնական, յարանուանական, ցեղային եւ դասակարգային տարբեր պատկանելիութիւններուն:

Մենք քաջածանօթ ենք «հին» վարչակարգերու,  ներառեալ Սուրիոյ ներկայ վարչակարգի թերիներուն, սխալներուն եւ ժխտական երեւոյթներուն, եւ մենք չենք պաշտպաներ զանոնք, բայց պարզապէս հարց կու տանք, թէ այս խաժամուժը ներկայացնող ուժերուն իսկական ծրագրերը որո՞նք են, ի՞նչ են, արդեօ՞ք ատոնք կը խոստանան` իրական բարենորոգում մը, երբ քարուքանդ ըրին այդ երկիրները եւ բաժանեցին անոնց ժողովուրդները` կրօնական, յարանուանական ու ցեղային հիման վրայ եւ հարուածեցին աշխատաւոր բնակչութեանց միասնականութիւնը:

Այս եւ նման այլ բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ պատասխանները կը գտնուին վերջերս Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կնքուած «Գաղտնի դաշնագիր»-ին մէջ, որ ստորագրեցին «խաւարի ասպետներ»`

1) Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ս. Ֆորտը, 2) Նոր-օսմանական Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն, 3) Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Համատ Պըն Ժասեմ ալ Թենին, 4) Արաբական Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պըն Զայէտ Ալ Նահիյանը, 5) Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած ներկայ ահաբեկչական պատերազմին «Սեւ սնտուկ»-ը ներկայացնող «Պոլսոյ խորհուրդ»-ի մէկ գաղտնի պատուիրակը…, 6) «Խաւարի ասպետներ»-ու վարչապետութեան թեկնածուն` սուրիացի ընդդիմութեան խիստ գաղտնի ղեկավար Ռիատ Սէյֆը եւ… 7) Սուրիոյ Իսլամ եղբայրներու վերահսկիչ Մոհամետ Ռիատ Շաքֆայի տեղակալը, որուն անունը մնաց գաղտնի:

Այս «Գաղտնի դաշնագիր»-ը կնքուեցաւ Տոհայի մէջ կայացած այն ժողովին օրերուն (զուգահեռաբար ժողովին եւ անկէ մեկուսացած ձեւով), երբ Միացեալ Նահանգներ լուծարեցին «Սուրիական Ազգ. խորհուրդ»-ը եւ անոր փոխարէն պարտադրեցին «Սուրիական Համախոհական խորհուրդ» մը, որ սուրիական արտաքին ու զինեալ վարձկան ընդդիմութեան համար` որպէս հարիւր առ հարիւր «Մէյտ ին Եու.Էս.Էյ.» ընդդիմադիր կազմկոմիտէ, որուն առաջադրանքն է` շարունակել պատերազմը մինչեւ Պ. Ասատի վարչակարգին քայքայումը եւ իշխանութեան յանձնումը Իսլամ եղբայրներուն, ամրապնդելու համար Միացեալ Նահանգներու տիրապետութիւնը տարածաշրջանին մէջ, որուն համար եւս` պաշտպանելու Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ դիրքերն ու ծաւալողական ծրագրերը… եւ այս «Գաղտնի դաշնագիր»-ը գաղտնի պահուեցաւ Տոհայի հրապարակային ու ցուցադրական ժողովի բոլոր մասնակից սուրիացիներէն, բացի Ռիատ Սէյֆէն… որ միակ սուրիացին է, որ ստորագրեց այս սեւ դաշնագիրը:

Քուէյթի «Ումմա» կուսակցութեան քարտուղարութեան անդամ` Ֆայսալ Համատ քողազերծեց Տոհայի մեկուսի գաղտնի ժողովին մէջ ստորագրուած «Գաղտնի դաշնագիր»-ին բովանդակութիւնը «թուիթըր»-ի իր կայքէջին վրայ, որ տեղական «Ախպար» օրաթերթը հրատարակեց իր հինգշաբթի, 21 նոյեմբեր 2012 թուակիր համարին մէջ:

Այս «Գաղտնի դաշնագիր»-ին մէջ ոչ մէկ խօսք կայ Պաշշար Ասատին վարչակարգը բարենորոգելու, ժողովրդավարացնելու կամ ազատականացնելու մասին… այլ կը պահանջուի Սուրիոյ վարչակարգին իսլամականացումը` վերջ դնելով Ասատի ներկայ աշխարհիկ վարչակարգին, ինչ որ յետընթաց քայլ մըն է, եւ ոչ` յառաջընթաց… եւ ասոր վախճանական նպատակն է` 1) երաշխաւորել Իսրայէլի անվտանգութիւնը` պաղեստինեան դատին լուծարումով միասին եւ բռնագրաւուած պաղեստինեան, սուրիական եւ լիբանանեան հողերու նուիրագործումով հանդերձ, 2) Թուրքիոյ ծաւալողական ախորժակներուն յագեցումը Սուրիոյ հաշուոյն` նուիրագործելով նախկին բռնագրաւումները Սուրիայէն եւ ուրիշներէն… ներառեալ Արեւմտահայաստանէն եւ` Իսրայէլին «թրքական» ջուրի մատակարարումը, եւ 3) Այսպիսով տարածաշրջանէն Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ազդեցութեանց վերացումը, եւ ատոնց փոխարէն` ամերիկեւսիոնական կայսերապաշտութեան ազդեցութեան միահեծանութեան ապահովումը:

Սեւ դաշնագիրը ստորագրող 7 կողմերը` Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, Քաթար, Արաբական Էմիրութիւններ, Պոլսոյ «Սեւ սնտուկ»-ին խորհուրդը… խորհրդապահական, դաշնադիր դաւադիրներու մանկլաւիկը` Ռիատ Սէյֆ եւ Սուրիոյ Իսլամ եղբայրները համաձայնած են հետեւեալ կէտերուն շուրջ, եւ յանձն առած են գործել անվարան ու անվերապահօրէն, եւ առանց տատանումի` այդ կէտերուն իրականացման համար, իրենց բոլոր միջոցներով.

1) Պատերազմը անընդմէջ շարունակել` մինչեւ Պաշշարի վարչակարգին անկումը եւ յաղթանակէն ետք հաստատել Իսլամ եղբայրներու իշխանութիւնը նախ` Ռիատ Սէյֆի վարչապետութեամբ եւ ապա` Իսլամ եղբայրներու նշանակելիք անձին փոխանցել վարչապետութիւնը:

2) Իսլամ եղբայրներու ղեկավարած սուրիական նոր իշխանութիւնը յանձն կ՛առնէ`

ա) Զօրադրել Սուրիոյ բանակը, անոր զինծառայողներուն թիւը նուազեցնելով 50,000-ի:

բ) Սուրիոյ անունով կը յայտարարէ, թէ նոր իշխանութիւնը չ՛ուզեր պատերազմի ճամբով Իսրայէլէն վերստանալ Կոլանի շրջանը, այլ պատրաստ է բանակցելու Իսրայէլի հետ Կոլանի շուրջ` անոր հետ կնքելով «խաղաղութեան» ու ճանաչումի դաշնագիր` Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեան տակ:

գ) Կը յօժարի, Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեամբ, լուծարքի ենթարկել Սուրիոյ քիմիական, կենսաբանական ու ամէն տեսակի հրթիռային ամբողջ զինանոցը:

դ) Կը հրաժարի` Թուրքիայէն պահանջելէ Ալեքսանտրեթի սանճաքը եւ Թուրքիոյ կը զիջի սուրիական կարգ մը սահմանամերձ գիւղեր Հալէպի եւ Իտլիպի նահանգներէն, որոնք բնակուած են թուրքմէններով:

ե) Կը յօժարի` երկրէն արտաքսելու Փէ.Քա.Քա.-ի բոլոր տարրերը, եւ` Թուրքիոյ յանձնել Թուրքիոյ կողմէ պահանջուած բոլոր քիւրտ ղեկավարները եւ ահաբեկիչներու ցանկին վրայ դնել Փէ.Քա.Քա.-ն:

զ) Կը յօժարի` ջնջել ու յետս կոչել Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ Սուրիոյ ստորագրած այն բոլոր համաձայնագրերը, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ բնական հարստութիւններու հետազօտումին ու յայտնաբերումին եւ Սուրիոյ զինումին:

է) Կը յօժարի` Քաթարին տալու մենաշնորհը սուրիական հողերէն քարիւղատար խողովակներու անցումին` մինչեւ Թուրքիա եւ Եւրոպա:

ը) Կը յօժարի` Թուրքիոյ արտօնելու «Աթաթուրք» ջրամբարներէն մինչեւ Իսրայէլ հասնող ջուրի խողովակներու զետեղումին մենաշնորհէն, սուրիական հողերու ընդմէջէն:

3) Այս բոլորին դիմաց` Քաթար եւ Արաբական Էմիրութիւններ յանձն կ՛առնեն վերակառուցումը պատերազմին պատճառած քանդումներուն, պայմանաւ որ այս վերակառուցումին եւ Սուրիոյ բնական հարստութիւններուն եւ, մասնաւորաբար, Սուրիոյ ցամաքին ու Միջերկրականի յատակին գտնուող քարիւղի եւ կազի պաշարներու հետազօտումին ու յայտնաբերումին մենաշնորհները կը տրուին, բացառաբար, քաթարական ու էմիրաթական ընկերութիւններու:

4) Սուրիոյ նոր վարչակարգը յանձն կ՛առնէ նաեւ`

ա) Նուազագոյն չափի իջեցնել Սուրիոյ յարաբերութիւնները Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ… եւ

բ) Ամբողջովին խզել Սուրիոյ կապերը Հըզպալլայի եւ պաղեստինեան դիմադրական շարժումներուն հետ:

5) Սուրիոյ նոր վարչակարգը պիտի ըլլայ իսլամական… բայց ոչ` իսլամ արմատական:

6) Այս դաշնագրի յօդուածներուն անմիջական գործադրութիւնը կը սկսի պատերազմի աւարտի վաղորդայնէն եւ նոր վարչակարգի հաստատման թուականէն:

Այս դաշնագրի բովանդակութիւնը սպառիչ պատասխաններ կու տայ Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած բարբարոսային պատերազմին արծարծած բոլոր հարցադրումներուն եւ միանշանակ ցոյց կու տայ ամերիկեւսիոնաթրքական եռեակ կայսերապաշտութեան հետապնդած նպատակները Սուրիոյ մէջ, որոնք բնա՛ւ կապ չունին Սուրիոյ «բարենորոգում»-ին, «ժողովրդավարացման» ու «ազատականացման» հետ, այլ կը հետապնդեն Միացեալ Նահանգներու միաբեւեռ աշխարհակալութիւնը վերականգնելու նպատակը` հակառակ բազմաբեւեռացող ներկայ աշխարհի իրականութեան, Լատին Ամերիկայէն մինչեւ Եւրասիա… Եւ հակառակ` Զպիկնիու Պրժեժինսքիի պնդումին թէ` Միացեալ Նահանգներու պիտի չտրուի «երկրորդ առիթ»` աշխարհի տիրակալութեան, իր նշուած հատորին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Zaven Khanjian 11 years

    Bravo Aztag for publishing this widely known facts to the savey followers of Middle Eastern events, something that for a long time has been denied to the Armenian public opinion.
    In addition to Syria & it’s heroic people the Armenian communities in that country & specially Aleppo have been seriously bleeding, while the Armenian State, Armenian media, political parties, religious & civil hierarchy & the Hye Tad offices have been in deep silence. If we cannot stand up to the axis of evil alliance of the West, Israel, Turkey & the Arab reactionaries, the least we can do is share the exposure of this extremely serious conspiracy with our people who have for the past two years been the victim of the mass misinformation & lies dissipated by the conspirators.

  • Disqus ( )