Ծնունդ
ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Անցեալին ծնար քարայրի մը մէջ,
Այժմ կը ծնիս մեր սրտերուն մէջ:
Աստղեր երկնքին գծեցին ճամբան,
Որուն հետեւեցան մոգերն միաբան:
Իսկ դուն ցոյց տուիր մեր սիրոյ ուղին`
Յաւիտենական երկնքի կեանքին:
Մեր տուներուն մէջ մենք կը զարդարենք
Կաղանդի ծառեր, շքեղ մսուրներ,
Ուր դուն կը սփռես շնորհքդ անշէջ:
Երբեմն մարդիկ պալատներու մէջ`
Կը կարծեն ըլլալ մեծ թագաւորներ,
Յանկարծ կը կորին, կը մարին անտէր,
Բայց դուն կը մնաս, ո՛վ Յիսուս Մանուկ,
Մեր հոգիներուն թագաւորն յատուկ:
24-12-2012
Լիբանան
CATEGORIES Անդրադարձ

