Սիրելի՛ Համբիկ

ՅԱՍՄԻԿ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Այսօր կը դառնաս յիսուն տարեկան: Դժուար է պատկերացնել, թէ քեզի համար ինչպէ՛ս անցան երիտասարդ տարիներդ, ինչպէ՛ս կրցար այսքան երկար տարիներ տանիլ բանտախուցիդ դաժան ճաղերուն սառնութիւնը:

Գիտեմ, որ քեզի համար առանձնապէս դաժան էին վերջին քսանհինգ տարիները: Արցախեան շարժման սկիզբի առաջին օրերէն քեզի համար բանտին պատերը դարձան անտանելի, որովհետեւ հոգիով, սրտով, մարմնիդ իւրաքանչիւր բջիջով կը ցանկայիր թռչիլ, հասնիլ հայրենիք, ըլլալ հողին վրայ, ձեռք տալ, մասնակցիլ հայրենիքի անկախութեան կերտման գործին:

Գիտեմ, որ արցախեան շարժումէն առաջ քեզի համար շատ մեծ տարբերութիւն չէր ըներ բանտէն ներս թէ դուրս ըլլալդ, պարզ այն պատճառով, որ քու գիտակցութեանդ մէջ աշխատիլը, ստեղծագործելը, ապրիլը կ՛իմաստաւորուէր միայն հայրենի հողին վրայ, որ կը շնչէ ազատութեան մէջ, երբ հայ մարդը իր քրտինքով կը ծաղկեցնէ սեփական երկիրը:

Ի՞նչ ըսեմ: Տարեդարձները կը նշուին շնորհաւորելու համար: Ես այս պահը կ՛ուզեմ օգտագործել պարզապէս քեզի մաղթելու, որ ասիկա ըլլայ վերջին տարին` քու անարդար արգելափակման, որ` շուտով կարենաս հասնիլ մարդկային ամէնէն տարրական իղձիդ` ազատութեանդ, որ` կարենաս հոգիիդ գեղեցկութիւնը ցոյց տալ աշխարհին, որ կարենաս մարդկայնութիւնդ դրսեւորել` յաչս բոլոր դատախազներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES