Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. ԵԱՀԿ – Մինսքի Խումբի Համանախագահներուն Ծաղրանքը

Ժ. Չ.

Սաֆարովի ազատ արձակումէն ու  հերոսացումէն ետք անընդունելի է այլեւս լսել ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահներուն կողմէ նոյն յորդորներուն, նոյն բառապաշարին օգտագործումը արցախեան հակամարտութեան մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դիրքորոշումներուն հանդէպ: Անընդունելի է, որ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը նոյն հարթակի վրայ դրուին, հակամարտող ճակատներէն նոյն «քաղաքական ջանք»-ի ցուցաբերումը պահանջուի, եւ երկու կողմերուն պարտադրուի «վճռական քայլերու ձեռնարկումը` ի խնդիր խաղաղ կարգաւորման»:

Տակաւին, երեք նախագահներուն յայտարարութիւնը աւելի ու աւելի գայթակղալի կը դառնայ, երբ չափազանցելով` կ՛ըսուի, թէ` «կողմերը աւելի կը ձգտէին միակողմանի օգուտներ քաղելու բանակցային գործընթացէն, քան թէ հասնելու համաձայնութեան»: Այս խօսքերը արտայայտուած են իրլանտական մայրաքաղաք Տապլինի մէջ, ԵԱՀԿ նախարարական խորհրդաժողովի ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու նախարար Քազընէօվի կողմէ:

Այս արտայայտութիւնները Արցախի խնդրի բանակցութիւններուն մասին բոլորովին անպատշաճ են կողմերու ցուցաբերած քաղաքականութեան եւ վարկաբեկիչ` յատկապէս հայկական կողմին համար: Դեռ որքա՞ն պէտք է հանդուրժել Ազրպէյճանի այլատեացութիւնն ու հայատեացութիւնը: Որքա՞ն պէտք է հանդուրժել անոր հայկական մշակութային ժառանգութիւններուն քանդումը: Որքա՞ն պէտք է լռել  պատմական եղելութիւնները խեղաթիւրելու անոնց գռեհիկ ջանադրութեան դիմաց, ինչպէս` Խոճալուի ջարդերը: Որքա՞ն պէտք է համբերել Հայաստանի հանդէպ թշնամական շրջափակումի քայլերուն:

ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահներուն եւ անոնց գերադասներուն արտայայտած պահանջները պէտք է նոյնքան ստիպողական ըլլան նախագահող պետութիւններու ղեկավարութեան: «Քաղաքական ջանք», «վճռական քայլեր», այո՛, անշուշտ, եւ նախ եւ առաջ համանախագահող պետութիւններո՛ւ կողմէ` պարսաւելու համար Սաֆարովի ազատ արձակումը, որ միջազգային եւ մարդկային արդարութեան եւ ազատութեան նուազագոյն չափանիշներով անսակարկելիօրէն դատապարտելի է: Նոյնպէս` Ջուղայի գերեզմանատան խաչքարերու քանդումը, որուն յաջորդեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Փարիզի մէջ խաչքարերու արուեստի ցուցահանդէսին ի յայտ եկած ամօթալի երեւոյթը, երբ այդ նոյն խաչքարերուն ծննդեան վայրերուն յիշատակումը արգիլուեցաւ, որպէսզի Ազրպէյճանի տարածքին քանդուած խաչքարերը չընդգծուին, Ալիեւի անմարդկային հակամշակութային գործունէութիւնը չցոլացուի:

Միջնորդ ըլլալ` չի նշանակեր հաւասարութիւն պարտադրել, այլ` արդար վերաբերում ունենալ: Պէտք է նուազագոյն քաջութիւնը` երեւոյթները իրենց ճիշդ անուանումով կոչելու, քաջութիւնը` բարձրաձայնելու, որ Քազանի վեհաժողովին Ազրպէյճան ձախողեցուց հաշտութեան համաձայնագիրը: Գոնէ ինչ կը վերաբերի Արցախի հակամարտութեան լուծումին` Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան լուրջ վերաբերումը անառարկելի է:

Հայաստանը հարուստ չէ, քարիւղ չունի` հասկցա՛նք, տակաւին կաշառակերութեան խնդիրներ ունի` այո՛: Ընտրութիւնները դեռ խեղաթիւրուած են` ճի՛շդ է: Եւ այս բոլորով հանդերձ, Հայաստան, պետական մակարդակի, Ազրպէյճանի հանդէպ, ազրպէյճանցի ժողովուրդին հանդէպ նոյն ատելավառ քաղաքականութիւնը, ցեղապաշտ քարոզչութիւնը չունի: Անընդունելի է լսել համանախագահող պետութիւններուն այն կոչը` ուղղուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, թէ` «Երկու կողմերու առաջնորդները պէտք է իրենց բնակչութիւնը պատրաստեն այն օրուան, երբ անոնք կրկին պիտի ապրին որպէս հարեւաններ, ոչ թէ թշնամիներ` իրարու,  մշակոյթի, պատմութեան եւ աւանդութիւններուն նկատմամբ ամբողջական յարգանքով»: Ո՛չ, կը սխալիք: Ազրպէյճանի քարիւղը եւ Թուրքիոյ շրջանային հզօրութիւնը համանախագահ երեք պետութիւնները շլացուցած են ու վերածած են ազերիական անարդարութիւնները ծածկող կողմերու:

Ֆրանսահայութիւնը կրկնակի թիրախ է այս անարդար վերաբերումին. նախ` իբրեւ ազատութեան եւ արդարութեան արժէքներ պաշտպանող եւ երկրի քաղաքացի, երբ պետութեան ղեկավարները կը խուսափին ճշմարտութիւնները, աչք ծակող խախտումները յայտարարելէ: Եւ երկրորդ, իբրեւ հայ` զոհն են տեւական ատելավառ քարոզչութեան, նոյնիսկ` Փարիզի մէջ, Հայաստանի դեսպանատան առջեւ, ուր նոյեմբերին, Սերժ Սարգսեանի այցելութեան առթիւ, Ազրպէյճանի կառավարութեան դրդումով, սուտ, յերիւրուած արտայայտութիւններ եղան Հայաստանի նախագահին եւ հայութեան հասցէին:

Ի՞նչ պէտք է ընել, ի՞նչ կարելի է ընել այս անարդարութիւններուն առաջքն առնելու համար: Այն յանդգնութիւնը, որ կը պահանջուի համանախագահող պետութիւններէն, կը պահանջուի նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներէն: Ցեղասպանութեան ուրացումին դէմ պայքարը եւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման պայքարը նոյն պայքարն են: Ազրպէյճան կը սնանի Թուրքիոյ` Ցեղասպանութեան ուրացումի գաղափարախօսութեամբ: Իւրացուցած է անոր ցեղապաշտ ժխտողական գործելակերպը: Ծայրայեղ կատաղութեամբ կը գործադրէ զայն, որուն միակ նպատակն է Արցախի հայութեան ոչնչացումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )