Ն. Սարաֆեանի Ծննդեան 110 Եւ Մահուան 40-ամեակ

ԴՈԿՏ. ՍԵԴԱ ՔԻԼԷՃԵԱՆ

Սարաֆեանին ստեղծած հերոսները իրենց ազգի զաւակներուն հետ ցաւակցող, անոնց վիշտը բաժնող, ազգային անցեալով վշտացող, իսկ անոր մեծութիւններով ու հերոսութիւններով հպարտացող ազգայիններ են, որոնք չեն ցաւիր միայն իրենց ջարդուած հարազատներուն համար, այլեւ` բոլոր ազգի զոհերուն համար միատեղ: Այսպէս, «Իշխանուհին» վիպակին հերոսը` Արամը միայն իր ծնողքին արեան վրէժը լուծելու համար չէ, որ կը մտադրէ սպաննել թուրք փաշան, այլ իր անոր ընդմէջէն` բոլոր ջարդարար թուրքերը: Արամին մօտ անձնական վրէժը զարգացած էր եւ ստացած` ազգային վրէժը լուծելու տարողութիւն, որովհետեւ ծնունդով եւ արմատներով ազգայնասէր երիտասարդ էր ան, ինչպէս միւս հերոսները` Մուշեղը, Կիրակոսը, Սիսակեանը ու Մանուկ Դուինեանը:

Կիրակոս, հակառակ իր դժբախտութեան, մեծ ազգայնասէր մըն էր, եւ կը հաւատայ, որ հայ ժողովուրդին «միակ փրկութիւնը իր հաւաքական ուժի» եւ միասնականութեան մէջ է: Ան կը դժգոհի այն իրականութենէն, թէ` «մեր` հայերուս ամէնից մեծ սխալը մեր ինքզինքնուս չհաւնիլն է, իրար կ՛ուտենք, իրար կ՛արհամարհենք, ախըր ինչի՞… ինչո՞վ պակաս ենք միւս ազգերից… մէկ հայը տաս ֆրանսացի կ՛արժէ ինձ համար»14. եւ համոզուած էր, որ` «էդ է, էդ անհամաձայնութիւնը մեր էն գէշ հիւանդութիւնը, բայց էդոր առաջը կ՛առնուի, եթէ հայրենիքում մի լաւ կառավարութիւն եղնի»15:

Իսկ Մուշեղ բոլորովին տարբեր ձեւով պիտի արտայայտէ հայուն վրէժը թուրքին դէմ: Ան իր չսիրած շան անունը դրած է Մուսթաֆա, եւ ամէն անգամ որ շունը ճուտերը լափէ, Մուշեղ ճուտի մը ցեխոտած գլուխը տեսնէր նետուած անդին, կամ` յօշոտուած վառեակներու մնացորդներ, հայուն ամբողջ վրէժով կը ծեծէ շունը` հաստատելով, թէ ինք սխալած չէ անոր անունը «Մուսթաֆա» դնելով, եւ թէ` պիտի չհանգստանայ, մինչեւ որ չսատկեցնէ զայն:

Մանուկ Դուինեանի մօտ ազգասիրութեան արտայայտութիւնը տարբեր ձեւ ու եղանակ ունի. «Իրողութիւնը այն է, որ Դուինեան, որքան ալ հեռացած ըլլայ իր ժողովուրդէն, կը մնար կապուած տակաւին անոր: Սիրտը կը մնար լեցուն անոնցմով եւ անոնց չարչարանքին մրուրով, դառնութեամբ, ինչպէս եւ յարութիւն առնելու եւ հպարտանալու անսահման կարօտով»16:

Սարաֆեան նաեւ Մանուկ Դուինեանին միջոցով դրսեւորած է հայ ժողովուրդին պառակտումի ցաւը, բան մը, որ կը կազմէր անոր մեծ ցաւերէն մէկը. «Ու մարդ չի գիտեր ատէ՞, թէ՞ լայ` տեսնելով ջարդէն ու աքսորէն եկած այս ժողովուրդը երկուքի բաժնուած: Աննկարագրելի ողբերգութիւն մըն է: Թուրքը կրնայ ուրախանալ: Իր ճիրաններէն ազատածները զիրար կը հալածեն: Մէկը միւսը դաւաճան կ՛որակէ»17:

Այս ազգային ցաւով ընդմիշտ տառապեցաւ Սարաֆեան եւ ջանաց իր գրականութեամբ ստեղծել ազգին միասնականութիւնը` հարուածելով թէ՛ Դաշնակցութեան, եւ թէ՛ հայ համայնավարութեան սխալները, միաժամանակ արժեւորելով երկուքին դրական աշխատանքները եւ միասին գործակցելու անհրաժեշտութիւնը, հաւատալով, որ` «Մէկ ձեռքը առանձինը չի կրնար ծափել», այսինքն թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ ազգին պահպանման, գոյատեւման եւ բարգաւաճման համար անխուսափելի պահանջ ու անհրաժեշտութիւն է տարբեր գաղափարախօսութեանց հետեւող հայ երիտասարդներու համատեղ գործակցութիւնը:

Ասկէ մեկնած` նաեւ կարելի է տեսնել հայրենիքի գաղափարը եւ հայրենասիրութիւնը Սարաֆեանի վէպերուն մէջ: Նախ պէտք է ըսել, որ հայրենիքի մը գոյութիւնը Ն. Սարաֆեանին համար անառարկելի երաշխիքն է հայ ազգի գոյատեւման, բայց ո՞ւր է այդ հայրենիքը, միայն Հայաստա՞նը, թէ՞ դարերու ընթացքին կերտուած ծովէ ծով հայրենիքը: Եւ ահա դիտել կու տայ, թէ նախքան այդ որոշելը` ընտրութիւն մը պէտք էր ընել հայրենասիրութեան եւ ազգային զգացումին միջեւ: Ընտրութիւն մը, որ կատարուած է դարերու ընթացքին: Հայը նախընտրած է գաղթել, փոխել իր հայրենիքը շարունակ` մնալու համար հայ, ապրելու համար համաձայն իր աւանդութեանց: Այսպէս ծնած էին Ակնը, Սիսը, հարուստ Ատանան, երկրորդ եւ երրորդ հայրենիքներ բոլորն ալ: Գաղթի մը ծնունդն է Կիլիկիան: Փախուստ մը` ձուլումէն, որ կը հալածէ մեզ հազար տարիներէ ի վեր. «Ու որքան կը հեռանանք մայր հողէն, կը դառնանք այնքան աւելի ազգայնական: Սպասում մըն է մեր պատմութիւնը` հազարէն աւելի տարիներէ ի վեր, հայրենադարձի հոգեբանութիւն մը` սերունդէ սերունդ փոխանցուած: Սպասում` օտար հողերու վրայ, ամէն սերունդ ներգաղթի կարօտէն այրած»18:

Բայց եւ այնպէս, որովհետեւ փաստօրէն չկար բացի Խորհրդային Հայաստանէն ուրիշ հայրենիք, Սարաֆեան պիտի փորձէ համակերպիլ պարտադրուած իրավիճակին հետ, եւ ոչ միայն ընդունիլ զայն իբրեւ միակ տարածքը, ուր կարելի է համախմբել համայն հայ ժողովուրդը, այլեւ այդ հայրենիքին հանդէպ հայրենասիրութեան անուղղակի ճառախօսութիւններով պիտի մղէր ցրուած հայութիւնը` հաստատուելու խորհրդային հայրենիքին մէջ եւ մօտէն թեւ ու թիկունք ըլլալ անոր, տէր կանգնիլ այդ հողին եւ աշխատիլ անոր վերանկախացման ի խնդիր, ապահովելու համար յաջորդական սերունդներուն հայրենի հողին վրայ արմատներ արձակելու եւ ճիւղաւորուելու հաստատուն պայմաններ, հետեւելով` «Մեր հիւանդ գառնուկը աւելի լաւ է, քան` օտարին առողջ գայլը» ազգային առածին, սակայն` աշխատելով հայրենասիրութեան ամբողջ ոգիով առողջացնել այդ «գառնուկը», որ կեր չդառնայ արթուն «գայլերուն»:

Վերջապէս, գրագէտի իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, Սարաֆեան ընթերցողին կը փոխանցէ ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան ոգին անոր ձգելով այդ ոգիին հետեւելու ազատութիւնը:

* * *

Ընդհանուր առմամբ, Սարաֆեան կրցած է ստեղծել վիպերգութեան իւրայատուկ ոճ մը, որ իր պարզութեան մէջ գրաւիչ է, կը համակէ ընթերցողը իր հարազատ պատկերներով ու ապրումներու թափանցիկութեամբ: Հերոսներու հոգեկան պայքարներն ու մտքի հետ բախումները կը ձգեն ապրուած իրականութեան մը տպաւորութիւնը, որովհետեւ ստացած են գերիրապաշտ երանգները վերլուծական արուեստին:

Վիպագիր Սարաֆեան ներաշխարհներ թափանցելու փորձը կատարած է եւ յաջողած է շնորհիւ իր մէջ խորաթափանց եւ գերզգայուն քերթողի օգնութեան: Կարգ մը տեղեր զգալի է այդ փորձը, մանաւանդ` Մանուկ Դուինեանի պարագային: Անոր միակ վէպն է, որ կ՛ընդգրկէ բարդ հոգեվիճակներու վերլուծում, մտածման եւ ինքնաքննադատման ճամբով, զերծ` զրոյցներէ ու անհարկի մէջբերումներէ: Իսկ միւս վիպակներուն եւ վէպերուն պարագային օգտագործած է վէճերու եւ ջղագրգիռ վայրկեաններու նկարագրութիւններ, ինքնախօսութիւններ, կամ` կարծիքներու փոխանակումներ արտայայտելու համար հերոսներուն հոգեկան տագնապները, երբեմն ալ` հեղինակին ուղղակի միջամտութիւններով:

Պէտք է ըսել, որ թէեւ Սարաֆեանին վիպասանութիւնը խիտ է, իսկ նկարագրուած դէպքերը` արագ, բայց կը պատահի, որ հանդիպինք հետաքրքրական յաջորդականութիւնը պահ մը անջատող մէջբերումներու, նկարագրութիւններու կամ անհատական կարծիքներու, մանաւանդ` «Խարիսխէն հեռու» վէպին մէջ: Երբեմն ալ կողմնակի հերոսներ յանկարծ երեւան կու գան կարճ ժամանակի մը համար` յառաջ բերելով նոր կերպարներ եւ անմիջապէս կ՛անհետանան` ոչինչ ձգելով ընթերցողի յիշողութեան եւ մտապատկերին մէջ: Կարծէք` պարզապէս խանգարելու համար դէպքերու յաջորդականութիւնը եւ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը: Այսպէս, օրինակ, «Խարիսխէն հեռու» վէպին մէջ` Մակեդոնին յայտնուիլը կամ Մանուկ Դուինեանի` Պալքանը:

Այս բոլորով հանդերձ, Սարաֆեան հաճելի պատմող մըն է, գրիչը տաք է, համարձակ, յանդուգն պատկերներ ստեղծելու ազատութեամբ օժտուած, մանաւանդ` «Իշխանուհին» վիպակին մէջ, երբ կը նկարագրէ Արամին եւ Այիշէին յարաբերութիւնը (էջ 56), սակայն` զերծ գռեհկութենէ: Պատմողական ոճը պարզ է, բայց` ոչ հասարակ, ընդհակառակը, հարուստ բառամթերքով, իսկ հերոսներուն խօսակցական բաժինները ներկայացուած` ամենայն հարազատութեամբ, իրենց ռամիկ կամ բարբառային ոճով:

Սարաֆեանին վէպերն ու վիպակները ունին անսպասելի վերջաւորութիւններ, որոնք անկարելի է, որ ընթերցողին մտքով անցնին ամբողջ վէպի ընթերցման ընթացքին: Ան վարպետօրէն կը փոխէ իր հերոսներուն հոգեվիճակները վերջաւորութեան եւ կ՛օժտէ զանոնք գերիրապաշտ կեցուածքով:

Սարաֆեան ոչ միայն գերիրապաշտ-գոյապաշտ բանաստեղծ է, այլեւ գերիրապաշտ արձակագիր:

(Շար. 4 եւ վերջ)
14.- «Խարիսխէն հեռու», էջ 30:
15.-  Նոյն, էջ 30:
16.- «Մանուկ Դուինեան», Ն. Սարաֆեան, «Նայիրի», Պէյրութ, 1948, թիւ 3, էջ 139:
17.- Նոյն, էջ 281:
18.- «Ծառը», էջ 19:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )