Երէկ Իրաքահայերը, Այսօր` Սուրիահայերը.

Համեմատական Ակնարկ

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ

Սուրիահայերու «Կիլիկիա» դպրոց

1980-ական թուականներուն Իրաքի մէջ հայութեան թիւը կը կազմէր 25,000 մարդ: Հայերու արտագաղթը երկրէն սկսաւ Իրան-Իրաք պատերազմի օրերուն, իսկ երբ իրաքեան քարիւղի բուրմունքին չդիմացող տէրութիւնը ներխուժեց երկիր, իրաքահայերը դարձեալ կորսնցնելով իրենց անդորրը, այս անգամ (2003 թուականին) տարբեր երկիրներ գաղթելու կողքին, անոնց մէկ մասը, շուրջ հազար հայ, բռնեց հայրենիք տանող ուղին, անոնցմէ ոմանք ճամբայ ելան Հայաստան մնալու յոյսով, իսկ ոմանք ալ այնտեղէն Եւրոպա անցնելու համար: Այսօր Իրաքի մէջ հայութեան թիւը կը կազմէ ընդամէնը 5000 մարդ:

2009 թուականին Հայաստան հասած իրաքահայերուն թիւը կտրուկ նուազեցաւ` հասնելով 600-ի: Հայաստանէն Եւրոպա մեկնելու նպատակով հայրենիք ժամանած իրաքահայերէն զատ, Հայաստան մնալու մտադրութիւն ունեցողներն ալ բռնեցին նոյն ճանապարհը` Հայաստանի մէջ նպաստաւոր պայմաններ չգտնելու պատճառով եւ այլ երկիրներու մէջ աւելի լաւ կեանք ունենալու յոյսով:

Հայաստանի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատելու գծով հիմնական չլուծուող խնդիրները անգործութիւնն ու կացարաններն են: Այսօր Հայաստանի մէջ կը բնակի իրաքահայ 100 ընտանիք (450 անձ): Հայաստան հաստատուած իրաքահայերը հիմնեցին Իրաքահայերու միութիւն հասարակական կազմակերպութիւնը, որ գրանցուեցաւ եւ օրինական կարգավիճակ ստացաւ` հոգալու համար իրաքահայերու կարիքները եւ լուծելու անոնց ընկերային, կրթական եւ առողջապահական խնդիրները:

Իրաքահայերու ներգաղթի օրերուն սփիւռքի նախարարութիւնը ձեւաւորուած չէր, ուստի գաղթականները կը դիմաւորէր Գաղթի պետական վարչութիւնը եւ անոնց ապաստան կը տրամադրէր Մասիսի շրջանի Դարբնիկ գիւղին մէջ: Այդ գիւղին մէջ ՄԱԿ-ի կողմէ վերանորոգուած 46 բնակարաններէն միայն 26-ի մէջ բնակութիւն հաստատեցին իրաքահայ ընտանիքները, մնացեալը չկարենալով ընտելանալ այնտեղ ապրելու մտքին հետ` տուներ վարձեցին Երեւանի մէջ, իսկ գաղթականներուն հինգ տոկոսը ունէր սեփական բնակարան:

Իրաքահայերուն շօշափելի օգնութիւն ցուցաբերեց միայն ՄԱԿ-ը` սահմանափակուելով պետութեան կողմէ տրամադրուած կացարաններու նորոգութեամբ:

Այժմ Դարբնիկ գիւղի իրաքահայ բնակիչներուն թիւը նուազած է 16 ընտանիքի, իսկ ազատ բնակարաններէն վեցը տրամադրուած են սուրիահայ ընտանիքներու:

Հայկական Կարմիր խաչի եւ «Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւններու օգնութեամբ, իրաքահայերուն համար կազմակերպուեցան հայոց լեզուի, համակարգչային եւ այլ դասընթացքներ, մինչեւ որ շատեր ընտելացան տեղի կեանքին եւ աշխատանք գտան:

Պէտք է նշել, որ Իրաքի մէջ հայոց լեզուի իմացութիւնը բարձր մակարդակ չէ ունեցած, ոչ բոլոր իրաքահայերը լաւապէս կը տիրապետեն մայրենի լեզուին: Անոնցմէ Հայաստան հաստատուածներէն միայն տասը հոգի ունի բարձրագոյն կրթութիւն, աշխատող ուժին մեծ մասը արհեստաւորներ են:

Հայաստանի մէջ առայսօր ապրող 450 իրաքահայերէն միայն 300 հոգի ունի Հայաստանի քաղաքացիութիւն, իսկ մնացածը կը պահէ գաղթականի իր կարգավիճակը` մտածելով, որ  այդպէս կարելի է օգտուիլ այլ իրաւունքներէ: Յիշեալ թիւէն միայն 24-ը համալսարանի ուսանողներ են, որոնք կը դժուարանան իրենց ուսման թոշակը վճարելու: Այս տարի սփիւռքի նախարարութեան տրամադրած 1 միլիոն դրամը յատկացուեցաւ այդ նպատակին:

«Այսօր մեր խնդիրներով գլխաւորաբար կը զբաղի Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը: Բոլոր հարցերով կը դիմենք անոնց, եւ իրենք մեզի կ՛օգնեն իրենց հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ», ըսաւ իրաքահայերու միութեան նախագահ Վիգէն Կէտիկեան` իրաքահայերու մասին բոլոր տեղեկութիւնները մեզի փոխանցելու զրոյցի ընթացքին: Կէտիկեանի կարծիքով, իւրաքանչիւր հայու համար ամէնէն ապահով վայրը Հայաստանն է:

***

Սուրիոյ հայութեան թիւը, մինչեւ 2010 թուական, պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական տուեալներով, կազմած է 60-80 հազար: Ամէնէն հայաշատ քաղաքը Հալէպն է, անոր կը յաջորդեն Գամիշլին, Դամասկոսը, Լաթաքիան եւ Քեսապը:

Վերջին մէկ տարուան ընթացքին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան փոխանցած վերջին տուեալներուն համաձայն (8-11-2012թ.), Սուրիայէն Հայաստան եկած է 9500-10.000 հայ` տարբեր նպատակներով. զբօսնելու, նոր կեանք սկսելու, քաղաքացիութիւն ստանալու, այլ երկիր մեկնելու կամ ժամանակաւոր ապահով ապաստան գտնելու համար: Յիշեալ թիւէն 5500-6000-ը տակաւին կը մնայ Հայաստանի մէջ, ընտանիքներէ բացի` զգալի թիւ կը կազմեն առանձին երիտասարդներ, որոնք կը խուսափին դարձեալ բանակ զօրակոչուելէն: Մօտ 30 ընտանիք եւ որոշ թիւով երիտասարդներ անցած են Եւրոպա եւ այլ երկիրներ, մնացածը` մօտ 4000-ը վերադարձած է Սուրիա:

Երեւանի սուրիահայերու յատուկ «Կիլիկիա» դպրոց կը յաճախեն 270 աշակերտներ, այնտեղ կը պաշտօնավարէ սուրիահայ 18 ուսուցիչ-ուսուցչուհի: Երեւանի այլ դպրոցներ կը յաճախեն 222 աշակերտներ: Երեւանի աւագ դպրոց կը յաճախեն 165 աշակերտներ, Հայաստանի շրջաններու մէջ մանկապարտէզ եւ դպրոց յաճախողներուն թիւը կը կազմէ մօտ 90 երեխայ: Համալսարան կը յաճախէ 120 ուսանող:

Փախստականի կարգավիճակ ունի 50 ընտանիք (80 հոգի), որոնցմէ 30 ընտանիք կացարան ստացած է, իսկ քսանը իրենց ցանկութեամբ կ՛ապրին վարձով տուներու մէջ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ, աշխատանքի տեղաւորուած է մօտ 100 սուրիահայ:

Վերջերս ստեղծուած է «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն նախագահն է սուրիահայ Լենա Հալաճեանը:

Հայաստանի մէջ գործող տարբեր կազմակերպութիւններ կ՛աջակցին Հայաստան բնակող սուրիահայերուն կարիքները հոգալու.  ՀԲԸՄ-ը բնակարան վարձելու համար ընտանիքներուն կը տրամադրէ 60 հազար դրամ: Առողջապահական խնդիրները լուծուած են պետութեան կողմէ, դարմանատուներու մէջ սուրիահայերու բուժումը անվճար է: Առողջական խնդիրներու լուծման կ՛աջակցի նաեւ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, Միացեալ Նահանգներու Հայ աւետարանչական միութիւնը կ՛օգնէ դեղորայքով եւ ատամնաբուժական ծիրէն ներս օգնութեամբ, իսկ ՀՕՄ-ը` տաք հագուստ, ձմրան անհրաժեշտ այլ կարիքներ եւ սնունդ կը տրամադրէ:

Սուրիահայերուն հայրենիք ժամանումի առաջին օրէն, օդակայանէն սկսեալ, գլխաւոր աջակցութիւն ցուցաբերող կառոյցը եղած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը, որուն միջոցով ու միջնորդութեամբ լուծուած են կրթական, առողջապահական, կենցաղային, ընկերային եւ օրէնսդրական բազմաթիւ խնդիրներ:

Սուրիահայերու հիմնական խնդիրը Հայաստանի մէջ կը մնայ աշխատանքի եւ բնակարաններու խնդիրը:

«Ըսել, որ Հայաստանի իշխանութիւնը ոչինչ ըրած է սուրիահայերուն համար` ապերախտութիւն է, Հայաստան մեզի օգնութիւն ցուցաբերած է կրթական, առողջապահական, ընկերային, օրէնսդրական տարբեր խնդիրներ լուծելով, եւ իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ, օգնութեան ձեռք մեկնած են նաեւ տարբեր կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ», կը հաստատէ Լենա Հալաճեան:

Թէ 5500-6000 սուրիահայերէն որքանը կը մնայ Հայաստան, ցոյց պիտի տան ժամանակն ու Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Սուրիահայերու հայեացքները միշտ ուղղուած են Սուրիա, ուր ձգած են իրենց ամբողջ ունեցուածքը, կեանքի պատմութիւնը, որ ժամ առ ժամ կը փլուզուի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )