Պակսողը Գաղափարները Չեն. Գաղափարներու Ոգի՛ն Կորսուած Է

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Միայն հայ իրականութեան մէջ ու մեր ժողովուրդին պարագային չէ, որ մարդոց հաւատքը տկարացած է գաղափարներու եւ իտէալներու հանդէպ, անոնց շարժիչ ուժին ու առաջնորդո՛ղ դերակատարութեան նկատմամբ:

Ընդհանրապէս ամբողջ մարդկութիւնը կ՛ապրի գաղափարական հաւատքի ճգնաժամ մը, որ կը դրսեւորուի ընկերային շարժումներու, քաղաքական հոսանքներու եւ անոնց դրօշակիր կուսակցութեանց հանդէպ համատարած հիասթափութեամբ:

Նոյնքան ընդհանրական բնոյթ ունի համաշխարհային այս ճգնաժամի յաղթահարման համար գտնուած ախտաճանաչումը. Գաղափարներն ու Իտէալները պարպուած են հաւատք ներշնչող ու կամքեր լարող իրենց ուժականութենէն ոչ այնքան եւ ոչ անպայման իրենց տժգունելուն ու մաշելուն պատճառով: Ճգնաժամին բուն աղբիւրը բացակայութիւնն է ա՛յն գաղափարապաշտ դրօշակիրներուն ու յառաջապահ առաջնորդներուն, որոնք իրենց յանձնառութեան եւ անձնուիրումի կենդանի ու վարակիչ օրինակով կ՛ամրապնդեն մարդոց հաւատքը գաղափարներու եւ իտէալներու ներուժին հանդէպ:

Աւելի՛ն. կրօնամոլական կամ ցեղապաշտական հոսանքներուն արձանագրած գաղափարական վերաշխուժացումը, որ քաղաքակրթութեանց արիւնալի բախումի սպառնալիքին տակ դրած է մերօրեայ մարդկութիւնը, չի ժխտեր գաղափարաբանութեանց համընդհանուր ճգնաժամը: Ընդհակառակն, այլամերժութեան նման մոլեգնումը ախտանշական դրսեւորումն է խօսքին ու գործին, գաղափարական իտէալին ու քաղաքական խաթարումին միջեւ հետզհետէ խորացող վիհին: Գաղտնիք չէ, որ բրտօրէն ճզմուած դժգոհութիւնն ու բողոքը ըստ էութեան բնաւ չեն մարած, այլ միշտ գտած են պոռթկումի ճեղք մը եւ յանգած են ծայրայեղականութեան:

Ընդհանրական իր բնոյթով հանդերձ, գաղափարներու տագնապը առանձնայատուկ դրսեւորումներով ու տարողութեամբ կը բախէ դռները իւրաքանչիւր հասարակութեան:

Հայ ժողովուրդի պարագային, գաղափարական հաւատքի տկարացումը կը սպառնայ ազգովին մեզ միաւորող ու մարտունակութեան մղող համազգային տեսլականին` Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակին:

Արցախի ազատագրումով եւ Հայաստանի վերանկախացումով որքա՛ն հուժկու եղաւ համազգային մեր ինքնավստահութեան աղբիւրներու մակընթացութիւնը, այնքան ջլատիչ անդրադարձ ունեցաւ անոր հետեւող գաղափարական տեղատուութիւնը` հիասթափութեանց հոսանքին աստիճանական խորացումով:

Ծայր առաւ գաղափարներու արժեզրկման ընդհանուր հոսանք մը, որ խորապէս խոցեց ազգային միեւնոյն լեզուամտածողութեան ու արժէքային համակարգին ժառանգորդները ըլլալու մեր պատկանելիութիւնը, էութի՛ւնն իսկ:

Արդէն սկսած ենք գաղափարական տարբեր մեկնակէտերով ու ընկալումներով արժեւորելու հայն ու Հայաստանը, Երեւանն ու Արցախը, հայաստանցին ու սփիւռքցին, հայրենի հողին անփոխարինելութեան ու ոգեղէն հայրենիքի պահպանման գաղափարները, Հայաստանի ազատութեան ու անկախութեան կենսական արժէքները, Միացեալ Հայաստանի վերականգնման ռազմավարական նշանակութիւնը, Հայ դատի պահանջատիրութիւնը, հայոց պետականութեան հզօրացումը, հայրենի հայութեան բազմակողմանի զարգացումը եւ Հայաստան-սփիւռք համարկումը Հայոց Պետական Տան մէջ:

Մինչեւ իսկ սկսած ենք իրարմէ բաժնելու եւ իրարու հակադրելու ազգային ու պետական մտածողութիւնները` անոնց միջեւ առաջնահերթութեան ու նախապատուութեան կարգ փնտռող գաղափարական ինչ-ինչ մօտեցումներու տուրք տալով…

Անշուշտ Հայաստանի վերանկախացումով չսկսաւ հայ ազգային գաղափարներու մերօրեայ այս տագնապը: Սփիւռքը` իւրաքանչիւր գաղթօճախի եւ աշխարհամասի իր կենսափորձով, իսկ Հայաստանը` խորհրդային լուծի տակ իր կտրած 70-ամեայ ճանապարհով, արդէն քաղաքական խաթարման ծանր բեռ մը ունէին իրենց ուսերուն, երբ իրարու հետեւեցան Հայ դատի ուժական պահանջատիրութիւնը սփիւռքի տարածքին եւ արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարը հայրենի հողին վրայ, որոնց յաղթական պսակումը հանդիսացաւ Հայաստանի վերանկախացումը:

Բայց Հայաստանի վերանկախացումէն ետք թափ առաւ հայ քաղաքական միտքի քայլ առ քայլ մխրճումը գաղափարներու արժեզրկման առանձնայատուկ տիղմին մէջ: Հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման հետ իւրովի ծաւալեցաւ ու արմատաւորուեցաւ քաղաքական խաթարման հայկական եղանակը, որ այնքան սպասուած ազգային անկախ պետականութիւնը խորթացուց ոչ միայն սեփական ժողովուրդէն, այլեւ համայն հայութեան ազգային գաղափարներէն ու իտէալներէն:

Զարմանալի չէ հետեւաբար, որ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մէջ աւելի քան քսան տարուան ուղի անցած ժողովրդավարութիւնը աւելիով խորացուցած է խորթացումը պետականութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ: Դեռ սպիացած չեն 2012-ի խորհրդարանական ընտրութեանց բացած ծանր վէրքերը եւ ահա, քանի մը շաբաթներ ետք, նոր վէրքեր պիտի գան գումարուելու խորթացման եւ խաթարման մատնուած հաւաքական մեր երթին վրայ:

Եւ պատահական չէ, որ Հայաստանի իշխանութեանց խօսափողները ամենայն սնափառութեամբ կը գովազդեն, թէ ամէնուր իշխանաւոր կողմերը իրենց սեփական ուժի բոլոր պաշարները առաւելագոյնս շարժման մէջ կը դնեն ընտրական յաղթանակ արձանագրելու համար…

Բայց ի՞նչ սեփական ուժի պաշարներու մասին են նման գովազդները, երբ խօսքը կը վերաբերի պետական իշխանութեան հնարաւորութիւնները ըստ կամս գործածող հանրապետութեան նախագահի մը եւ անոր նախագահ վերընտրութիւնը պարտադրող ընտրապայքարին:

Քաղաքական այս աստիճան խաթարուած հողի վրայ ոչ միայն գաղափարական արժէքներ չեն կրնար բուսնիլ, այլեւ սերունդներու անսակարկ ու գերագոյն նուիրաբերումով նուաճուած իտէալներն անգամ կը խամրին:

Հայ ժողովուրդի մերօրեայ միասնականութեան եւ մարտունակութեան պակսողը գաղափարները չեն:

Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակը խտացուցած է հայկական ազատամարտի արդի փուլի գաղափարական եւ արժէքային ողջ համակարգը:

Նաեւ աներեր հաւատք ու պայքարի կամք ներշնչած է իրերայաջորդ սերունդներու:

Պակսողը գաղափարին ու իտէալին հաւատքով փարող դրօշակիրներու անձնուէր օրինակն է:

Պակսողը միաւորող ու առաջնորդող գաղափարները չեն:

Գաղափարներու ոգի՜ն կորսուած է:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )