Տեսակէտ. Թուրքիա Հալէպի Գործարանները Կողոպտելով` Ժողովրդավարութիւն Կը Կառուցէ Սուրիոյ Մէջ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Թուրքիոյ արտաքին  քաղաքականութեան  սնանկութիւնը ծանօթ է բոլորին, հակառակ որ մերթընդմերթ ուրացողներու կը հանդիպինք` քիչ մը ամէն տեղ: Քաղաքական սնանկութիւնը բարոյական անկումի ապացոյց է: Դրացի պետութիւններու հետ զերօ խնդիրներու յաւակնող Թուրքիան թութակի տպաւորութիւն ստեղծած է Միջին Արեւելքի քաղաքական բեմին վրայ: Այո, սովորական  թութակ, ուրիշներ կը խօսին, ինք կ՛արձագանգէ անոնց յայտարարութիւններուն…:  Այս ալ երախտաշատ աշխատանք մըն է Թուրքիոյ  ղեկավարութեան համար: Ու որպէսզի այս գայթակղութիւնը ծածկէ, կը փորձէ  թիւր   տպաւորութիւն մը ստեղծել, իբր թէ շրջանային դերակատարութիւն մը վերապահուած է իրեն`  Միջին Արեւելքի նոր զարգացումներուն մէջ:  Ժամանակը կրնայ փոխուիլ, սակայն պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք: Թուրքիա չի կրնար հեռանալ իր արմատներէն ու անցեալէն: Ան կը մնայ ու պիտի մնայ վաչկատուն ցեղերու  արժանաւոր ժառանգորդը: Վիքթոր Հիւկոյի նշանաւոր արտայայտութիւնը այսօր ալ կը մնայ իր  լիարժէք խորհուրդին մէջ` «այստեղէն անցաւ թուրքը…»:

Այստեղէն անցաւ թուրքը, երբ Աւստրիոյ  պարիսպներուն առջեւ խայտառակ պարտութիւն  մը կրելէ ետք, իր հայեացքը Եւրոպայէն շեղեց  դէպի Պալքաններ, այնտեղ ցանելով սարսափ ու աւեր:

Այստեղէն անցաւ թուրքը, երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին կազմակերպեց եւ  գործադրեց քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը` բռնահանելով ու կոտորելով   մէկուկէս միլիոն ժողովուրդ:

Այստեղէն անցաւ թուրքը, երբ Ա. Համաշխարհային  պատերազմի թէժ օրերուն երաշտ ու կախաղաններով պատասխանեց Սուրիոյ եւ  Լիբանանի ազատասէր ժողովուրդներուն:

Այստեղէն անցաւ թուրքը, երբ 1974-ին ներխուժեց Կիպրոս եւ մինչեւ օրս բռնագրաւած կը պահէ  կղզիին մէկ մասը:

Այստեղէն անցաւ թուրքը, երբ իր հողերէն արտաքսած քրիստոնեայ ժողովուրդներու  մշակութային կոթողները կերպարանափոխելով` զանոնք իբրեւ թրքական մշակոյթի գոհարներ կը  ներկայացնէ աշխարհին:

Այստեղէն անցաւ թուրքը, երբ քսան եւ աւելի տարիէ շրջափակումի տակ կը պահէ մեր նորանկախ հայրենիքը:

Տակաւին շատ  տեղերէ պիտի անցնի  թուրքը: Թուրքը կը մնայ թուրք: Որքա՜ն ճիշդ են ֆրանսացի մեծ գրողին խօսքերը: Պիտի ապրէր մեծ վիպասանը` տեսնելու այսօրուան  Թուրքիան: Մի՞թէ կը  տարբերի ան անցեալէն: Ո՛չ, երբեք:

Սուրիոյ  հակամարտութեան մէջ կեղծ քրմապետի սքեմ զգենած Թուրքիան ամէն գնով կը փորձէ օգտուիլ Արաբական գարնան «բարիք»-ներէն: Մեծ պետութիւններու հաշիւներուն մէջ ստուերի տակ մնացած Թուրքիան փշրանքներ կը փնտռէ արաբներու ձեռքով հոսող արաբի արեան մէջ: Այնքան յուսախաբ` իրեն վերապահուած երկրորդական դերերէն, անոր կը մնայ սեփական ուժերուն ապաւինիլ, «բարոյական հատուցում»-ի  ելքեր փնտռել, սփոփանքի ու մխիթարութեան համար` կողոպտելով ճարտարարուեստով  հարուստ հիւսիսային Սուրիոյ գործարանները, թալանելով գործարաններուն սարքերը, զանոնք բեռնակառքերով փոխադրելով Թուրքիա: Այո՛, այստեղէն ալ անցաւ թուրքը:

Բնազդային ինքնաբացայայտում. մէկ կողմէ, արաբի բազուկով ու քրտինքով կառուցուած գործարաններ կողոպտել, միւս կողմէ`  ժողովրդավարութեան դասեր տալ:

Մտահոգուելու լուրջ պատճառներ չունի՞նք արդեօք, երբ այսպիսի հայեցակարգով պետութիւններ կը յաւակնին դառնալ վաղուան «ժողովրդավար» Սուրիոյ նախատիպարները…

 

Share this Article
CATEGORIES