Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Հայ Ծերանոց Եւ «Զուարթնոց» Կեդրոն

«Հաշուեյարդար, ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց, երբեմն
հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն»:
Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ

Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի նախատօնակին Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի միջնակարգ բաժինին աշակերտները երկու հանգրուանով այցելեցին  «Զուարթնոց» կեդրոնի թերաճ փոքրիկներուն ու պատանիներուն, ինչպէս նաեւ հայ ծերունիներուն` զանոնք ուրախացնելու դիտաւորութեամբ, նաեւ այս առիթով նուէրներ յանձնեցին բոլորին:

Շաբաթ, 15 դեկտեմբերին խումբ մը աշակերտներ այցելեցին Պուրճ Համուտի հայ ծերերուն պատսպարանը: Շուրջ հարիւր ծերունիներու տրուած անհատական այցելութիւններով աշակերտները իւրաքանչիւր ծերունիի նուէրներ տուին, երգեցին, արտասանեցին, մտերմիկ զրոյցներ ունեցան հայ մամիկներուն եւ տատիկներուն հետ` սփոփելով անոնց կարօտաբաղձ սրտերը, սրբելով ոմանց թախծոտ աչքերը: Երբ երկու ժամուան այցելութիւնը իր աւարտին հասաւ, աշակերտները յառաջիկային վերադառնալու խոստումով բաժնուեցան ծերերէն:

Երկրորդ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 28 դեկտեմբերին. հակառակ անոր որ աշակերտները արձակուրդի մէջ էին, բայց եւ այնպէս առաւօտեան կանուխ ժամերուն մեծ թիւով աշակերտներ համախմբուած էին վարժարանին բակը, ուրկէ փոխադրակառքով պիտի ուղղուէին Թրատ թաղամասի մէջ գտնուող «Զուարթնոց» կեդրոնը: Յատուկ էր նաեւ «Զուարթնոց»-ի մանուկներուն եւ պատանիներուն այս տարուան Կաղանդի հանդէսը, որովհետեւ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները գեղարուեստական յայտագիր մը պատրաստած էին, ինչպէս նաեւ կեդրոնի փոքրիկներուն Կաղանդի նուէրներն ու խաղալիքները տրամադրած էին:

«Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Արաքսի Տապաղեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալական խօսքով քաջալերեց աշակերտներուն այս անձնուիրական նախաքայլը: Ապա ողջունեց ներկայ հիւրերն ու կեդրոնի աշակերտներուն ծնողները:

Յայտագիրին առաջին մասով թերաճ պատանիները Յիսուսի ծնունդը ներկայացնող կենդանի մսուրով թատրոն մը ներկայացուցին, որ արժանացաւ ներկաներու ծափահարութեան: Ապա հերթաբար Հռիփսիմեանցի աշակերտները բեմ բարձրացան երաժշտական զանազան գործիքներու վրայ գեղեցիկ կտորներ նուագելով` տհոլ, շուի, ջութակ եւ ձեռնադաշնակ: Խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին ու երգեցին եւ գեղարուեստական յայտագիրին աւարտին հայկական շուրջպարով մը խանդավառեցին ներկաները:

Կաղանդ պապուկին մուտքով  մթնոլորտը աւելի եւս ջերմացաւ եւ ուրախ տրամադրութիւնը բոլորին դէմքերուն վրայ ակներեւ դարձաւ: Իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ իր նուէրը, իսկ Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտները մերթ յուզումով, մերթ խանդավառութեամբ ընկերացան թերաճներուն` անոնց հետ շուրջպար բռնեցին ու  մարդասիրական գերագոյն երջանիկ պահեր ապրեցան, ապա անմոռանալի յիշատակներով բաժնուեցան կեդրոնէն:

Կեդրոնի տնօրէնութեան կողմէ բարեմաղթութիւններու բացիկներ բաժնուեցան աշակերտներուն, որոնք կեդրոնին բակը իջնելով` ներկայ գտնուեցան Այնճարի փողերախումբին երաժշտական կատարողութեան` յատուկ կեդրոնի աշակերտներուն համար մատուցուած:

Անբացատրելի յուզումով եւ հոգեկան գոհունակութեամբ աշակերտները վերադարձան դպրոց եւ ամենակարող Աստուծոյ գոհութիւն եւ  փառք տուին:

Share this Article
CATEGORIES