«Նէշընըլ Ճէոկրաֆիք» Կայանի Գայթակղեցուցիչ Ժապաւէնը` Թուրքիոյ Մասին. «Պոլիս` Խաբեբաներու Քաղաք»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը արձագանգ հանդիսացաւ «Նէշընըլ Ճէոկրաֆիք» կայանին կողմէ սփռուած ժապաւէնի մը ցուցադրութեան, որ գայթակղեցուցիչ տարրեր կը բովանդակէ, եւ որուն մէջ Պոլիսը կը ներկայացուի որպէս «խաբեբաներու քաղաք»: Վաւերագրական ժապաւէնին հեղինակն է Քոնըր Վուտմըն, որ անձամբ այցելած է Պոլիս եւ գաղտնի տեսախցիկով նկարահանումներ կատարած է Պոլսոյ մէջ զբօսաշրջիկներու հանդէպ իրականացած մեքենայութիւնները երեւան հանելու նպատակով, ժապաւէնը սփռուած է ու կը հաղորդուի, թէ Պոլիս բառիս բուն իմաստով խայտառակ եղած է: Շարժանկարին մէջ կը ներկայացուի, թէ ինչպէ՛ս Պոլսոյ թաքսիի շարժավարները եւ խանութպանները անհաւատալի բարձր սակագիներ կ՛ըսեն զբօսաշրջիկներուն: «Նէշընըլ Ճէոկրաֆիք»-ի մեկնաբանը գաղտնի տեսախցիկով կը ներկայացնէ զբօսաշրջիկներու բողոքները, երբ զբօսաշրջիկներուն կը խոստանան Վոսփորի նեղուցին վրայ պտոյտ մը կազմակերպել 30 մեթրնոց նաւով մը, բայց զանոնք կը տեղաւորեն ընդամէնը 5 մեթրնոց նաւակի մը մէջ:
Սակայն հիմնական արկածը կը սկսի Պոլսոյ Իսթիքլալ պողոտայի վրայ, ուր Քոնըր Վուտմընի մօտեցած են ու զայն առաջնորդած են գիշերային զբօսավայր մը` գարեջուր խմելու համար: Հոն Քոնըրի սեղանին մօտեցած է աղջիկ մը, իսկ յետոյ քանի մը գարեջուրի համար մատուցողը պահանջած է 1700 լիրա (մօտաւորապէս 1000 տոլար):
Քոնըր փորձած է առարկել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է քանի մը շիշ գարեջուրի համար այդքան բարձր գումար պահանջել, սակայն գիշերային զբօսավայրի տնօրէնը «մարդկայնօրէն» բացատրած է, որ անկարելի է վճարում չկատարել: Այդ պահուն երկու ոստիկաններ մտած են կապելայ եւ Քոնըր ուրախացած է, բայց ոստիկաններ անտարբեր մնացած են անցուդարձներուն նկատմամբ: Ատկէ ետք Քոնըր եզրակացուցած է, որ Պոլսոյ մէջ զբօսաշրջիկները խաբելը չի հետաքրքրեր ոստիկանները:
Գիշերային զբօսավայրերու մէջ զբօսաշրջիկները խաբելու տարբերակի մասին Քոնըրին մանրամասն պատմած է Նուրի ծածկանունով անձ մը: Նուրի նշած է, որ իրենք փողոցի մէջ կը մօտենան զբօսաշրջիկներուն եւ կը համոզեն զանոնք` կապելայ մը առաջնորդելու համար: Կապելաներու մէջ զուարճանելէ ետք զբօսաշրջիկներուն անհաւատալի բարձր հաշիւ կը ներկայացուի, երբեմն 4-5 հազար լիրա, սակայն մենք ալ տոկոս կը ստանանք այդ գումարէն, ըսաւ Նուրի:

