Թրքական Բանակի Հարիւրաւոր Զոհերը Անձնասպանութի՞ւն Գործած, Թէ՞ Սպաննուած Են. «Ատելութեան ոճիրներ»-ու կասկած, որովհետեւ զոհերուն մեծամասնութիւնը հայ, քիւրտ եւ ալեւի է

ՖԱԹԻՄԱ ԳԱՅԱՊԱԼ

Սուր եւ տաք բանավէճ մը կ՛ընթանայ թրքական ընկերութեան ու խորհրդարանին մէջ, նաեւ` իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն ու զինուորականութեան միջեւ: Այս բանավէճին ծալքերը չեն քողարկեր շատ վտանգաւոր ցուցանիշներ: Հարցը կը վերաբերի բանակին մէջ զինուորագրուածներու անձնասպանութիւններու բարձր համեմատութեան. արդարեւ, վերջին տասը տարիներուն անձնասպանութեան զոհ գացած զինուորներու թիւը (934) կը գերազանցէ բախումներու ընթացքին սպաննուածներու (818) թիւը: Այս վտանգաւոր համեմատութիւնը կասկածներ արթնցուց, թէ այդ զինուորներու «անձնասպանութեան» մասին բանակի պաշտօնական պնդումը սուտ է: Մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ կ՛ըսեն, թէ կը կասկածին, որ «ատելութեան ոճիրներ»¬ու պարագաներ են, որովհետեւ զոհերու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հայ, քիւրտ կամ ալեւի է:

Անցնող տասը տարիներուն Թուրքիոյ մէջ անձնասպանութիւն գործած զինուորներուն թիւը գերազանցեց իրենց բանակային պարտականութեան ընթացքին սպաննուած զինուորներուն թիւը: Ըստ ընդդիմութեան, այդ անձնասպանութեան պարագաներու մեծամասնութիւնը կասկածելի է, որովհետեւ անձնասպանութիւն գործած զինուորներու մեծ մասը քիւրտ կամ ալեւի է: Բայց Թուրքիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը կը պնդէ, որ զինուորական ծառայութեան ատեն անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններէն աւելի, անձնական հարցերն ու ընտանեկան պարագաներն են այդ զինուորները անձնասպանութեան մղած ազդակները:

Թուրքիոյ հանրային կարծիքը իր ուշադրութիւնը սեւեռեց այս հարցին վրայ դեկտեմբեր 2012-ին, երբ երեք զինուորներ սպաննուեցան, եւ յայտարարուեցաւ, որ անոնցմէ երկուքը անձնասպանութիւն գործած են, մինչ երրորդը «…… կրակ»-ի զոհ գացած է:

Առաջին պարագան Իսմայիլ Աքան է, որուն մասին պաշտօնական վարկածը կ՛ըսէ, թէ քրտական մեծամասնութիւն ունեցող հարաւ¬արեւելեան նահանգի մը մէջ զինուորական ծառայութեան ատեն 1 դեկտեմբերին սխալմամբ պատահած կրակոցի զոհ գացած էր: Բայց զոհին նոյն զօրամասին մէջ ծառայող զինուոր մը ընտանիքին յայտնեց, որ պատահածը դիտումնաւոր մարդասպանութիւն էր, եւ ո՛չ արկած:

Երկրորդը Էմրի Թանիքն է, որ նաեւ ունի ամերիկեան հպատակութիւն. բանակը ըսաւ, որ հարաւ արեւելեան (Գահրաման) Մարաշ քաղաքին մէջ գիշերապահութեան ատեն անձնասպանութիւն գործած է 26 նոյեմբերին, իր կրած զէնքէն գամքաշէ մը արձակելով իր գլխուն: Զոհին եղբայրը` Աքեր Թանիք մամուլին յայտնեց, որ զոհը դէպքէն շաբաթ մը առաջ վէճ մը ունեցած է իրմէ բարձրաստիճան զինուորներու հետ: «Իրմէ պահանջեցին, որ կոկէ¬շտկէ իրենց անկողինները, բայց ատիկա իր պարտականութիւնը չէր, եւ մերժեց, ուստի խոշտանգեցին զինք: Այսպիսի դէպքերու պատճառով զգացած ընկճուածութիւնը այնքան լուրջ էր, որ զինուորական հիւանդանոցը դարմանում պարտադրած էր անոր: Այնուհանդերձ անոր զէնք տուին եւ ղրկեցին առանձին գիշերապահութիւն կատարելու», ըսաւ զոհին եղբայրը եւ աւելցուց. «Մեծ կասկածներ կան եղբօրս մահուան առնչութեամբ: Ամէն պարագայի զինեալ ուժերը յանցաւոր են, թէկուզ անոր անձնասպանութիւնը պատճառած իրենց անփութութեամբ»:

Զինուորներու անձնասպանութեան շուրջ բանակները հասան Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգին: Մարդկային իրաւանց խորհրդարանի յանձնախումբը անցեալ տարեվերջին գումարեց այս հարցին յատկացուած ժողով մը: Յանձնախումբի նախագահ Էշեր Մէվէր Իւսթիւն յայտնեց, որ անցնող տասը տարիներուն ընթացքին անձնասպանութիւն գործած են 934 զինուորներ, մինչ նոյն ժամանակամիջոցին զինեալ բախումներու զոհ գացած են 818 զինուորներ: «Անընդունելի է, որ անձնասպան զինուորներու պարագաները գերազանցեն նահատակներու թիւը», ընդգծեց ան:

Նոյն ժողովին ընթացքին, «Հիումըն Ռայց Ուոչ»¬ի նեցուկը վայելող «Զօրակոդուածներու իրաւունքներուն համար նախաձեռնութիւն» խմբաւորումի ներկայացուցիչ Թուլկա Իսլամ երեսփոխաններուն զեկուցեց, որ 2012¬ի ընթացքին 32 զինուորներ անձնասպանութիւն գործած են, եւ այդ դէպքերուն մեծամասնութիւնը պատահած է լուրջ կասկածներ պատճառող պարագաներու մէջ: «Մեր կազմակերպութիւնը ունի տուեալներ եւ ապացոյցներ այն մասին, թէ այդ զինուորները ենթարկուած են շատ նուաստացուցիչ վերաբերումի եւ խոշտանգումի, նաեւ զրկուած են պատշաճ առողջապահական խնամքէ», յայտնեց ան եւ շարունակեց. «Անձնասպանութեան պարագաները պարտադիր զինուորական ծառայութեան ամէնէն ակնբախ վնասն է. զինուորները ոչ մէկ ելք ունին, բանակը ամբողջովին գոցած է բոլոր ելքերը»: «Եթէ այսպիսի պարտադիր ծառայութիւնը պիտի շարունակուի, ապա պէտք է վստահ ըլլալ, որ այդ զինուորները անմարդկային վերաբերումի պիտի չենթարկուին. պէտք է օգնենք ամէն պաշտպանութենէ զուրկ այդ մատղաշ երիտասարդներուն», եզրափակեց ան:

Նշենք, որ զինուորական ծառայութիւնը պարտադիր է 20 տարեկան դարձած Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներուն. ան կը տեւէ 6 ամիսէն 15 ամիս, ըստ` զօրակոչուածի ուսման մակարդակին: Բանակը կտրականապէս կը մերժէ այս դրութեան որեւէ փոփոխութիւն, բայց հանրային կարծիքը մեծ ընդվզում արտայայտեց անձնասպանութեան վիճելի պարագաներու եւ ընդհանրապէս զօրակոչուածներու մահուան դէպքերու բարձր համեմատութեան համար: Ի պատասխան, Թուրքիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը 7 դեկտեմբեր 2012-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ «2002¬ին անձնասպանութեան պարագաները իւրաքանչիւր 100 հազար զինուորէն 32 էին, եւ այս թիւը 2011¬ին իջած էր իւրաքանչիւր 100 հազարէն 15-ի. այլ խօսքով, անցնող տասը տարիներուն կէսի իջած է անձնասպանութեան պարագաներու թիւը: Առողջ կամ ճիշդ պիտի չըլլայ մեկնաբանութիւններով եւ գնահատումներով աղմուկ բարձրացնել հանրային կարծիքին մէջ եւ դատապարտել բանակը այն պահուն, երբ վարչական ու դատական հետաքննութիւնները արդիւնքի չեն հասած եւ անձնասպանութեան պատճառները չեն ճշդուած»:

Այս հաղորդագրութիւնը զայրացուց մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւնները: Անոնցմէ մէկուն` «Մազլում տըր» զինուորներու իրաւանց մասնաճիւղի նախագահ Մահէր Ուրաք մամլոյ ասուլիսի մը մէջ ըսաւ. «Այն պնդումները, թէ զինուորները անձնական կամ ընտանեկան հարցերու պատճառով անձնասպանութիւն կը գործեն, ձախող փորձ մըն է քողարկելու բանակին մէջ կասկածելի պայմաններու մէջ մահուան պարագաները: Զոհերու մեծամասնութիւնը ալեւի կամ քիւրտ է: Հոս անբնական բան մը կայ»:

Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Սապհաթ Թունսէլ հաստատեց, որ անձնասպանութիւն գործող զինուորները հայ, ալեւի կամ քիւրտ են: «Այդ պատանիներու դագաղներու մէջ տուն կը վերադարձուին, եւ անոնց ընտանիքներուն կ’ըսուի, թէ անձնասպանութիւն գործած են: Բայց մենք գիտենք, որ անոնց մեծամասնութիւնը ատելութեան ոճիրներու զոհ գացած է: Քիւրտ, ալեւի եւ հայ զօրակոչեալները բանակին մէջ ատելութեան թիրախ եւ երբեմն` ատելութեան ոճիրներու զոհ կը դառնան», ըսաւ երեսփոխանը:

Ան յիշեցուց հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճիի 24 ապրիլ 2011¬ին գործուած սպանութիւնը: Պաշտօնական վարկածն այն էր, որ Պալըքճի սխալմամբ սպաննուած է ուրիշ զինուորի մը կողմէ: Բայց այլ զինուորներ յայտնեցին, որ պատահածը արկած չէր, Ս. Պալըքճի թիրախ էր եւ սառնասրտօրէն սպաննուած: Անոնք նաեւ ընդգծեցին, թէ պարտահականութիւն չէր, որ ոճիրը գործուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը` 24 ապրիլին»:

«Ախպար»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )