Սերտար Գայայի Յօդուածը «Թարաֆ»-ի Մէջ. «Երբ Թուրք Հասարակութիւնը Դէմ Առ Դէմ Կու Գայ Ցեղասպանութեան Հարցին Հետ»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Թարաֆ» թերթի սիւնակագիր Սերտար Գայա, որ յաճախակի կերպով կ՛անդրադառնայ հայկական հարցերու, վերջերս կանգ առած էր ցեղասպանութեան, բայց մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ անցեալի ու ներկայի դիրքաւորման վրայ: Ան կերպով մը պատմականը կ՛ընէր այս խնդրին շուրջ հանրապետական շրջանէն ասդին ապրուածներուն: Մեծ նորութիւն մը չկար, բայց հոն կային անգամ մը եւս սրտաբացօրէն կատարուած հրապարակումներ, նաեւ իրատես վերլուծումներ` Թուրքիոյ մէջ այս նիւթի շուրջ զանազան շրջաններուն ցոյց տրուած դիրքաւորման մասին: Ամէնէն վերջն ալ ան կ՛ըսէր, որ զարմանալի պիտի չըլլար, եթէ օր մը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք կարգը գար քիւրտերու դէմ ֆիզիքական ու մշակութային գետնի վրայ գործուած ցեղասպանութեան մը պնդումին: Տեսնենք այդ հետաքրքրական յօդուածը.
Սերտար Գայա դիտել կու տայ, որ իթթիհատականները 1915-ին Անատոլուի մէջ բնակող հայերու մեծամասնութիւնը տեղահանութեան ենթարկեցին կամ կոտորեցին: Հազարաւոր տարիներէ ի վեր հոն ապրող հայութիւն մը մէջտեղէն վերցուեցաւ: Անատոլուի մահմետականները աւելի քան հազար տարիէ ի վեր քով քովի ապրած էին հայերուն հետ, հակառակ ատոր` անոնք շատ շուտ մոռցան հայերը: Անոնց յիշողութիւններուն մէջէն սրբուեցան հայերը, նաեւ` անոնց գիւղերը, եկեղեցիները կամ գործատեղիները:
Հայկական հարցը թուրքերու օրակարգին դարձեալ եկաւ միայն 1973-ին, երբ կարգ մը հայեր աշխարհի ամէն կողմը պաշտօնավարող թուրք դիւանագէտներուն դէմ սկսան մահափորձեր գործադրել: Այս մահափորձերուն յաջորդեցին Ցեղասպանութեան անվերջանալի պահանջներ, եւ այս բոլորը պատճառ դարձան, որ թուրքերը «յիշեն» հայերու հետ իրենց ունեցած անցեալը: Բայց ասիկա իրականութեան մէջ «յիշել» ալ չէր, որովհետեւ հայկական ինքնութիւնը թուրքերուն համար այլեւս միայն քաղաքական իմաստ մը կը ներկայացնէր եւ քաղաքականը միայն թշնամանքի զգացումով մը կը ներկայացնէր, եւ այս քաղաքականը միայն թշնամանքի զգացումով կը ձեւաւորուէր: 1915-ի վերաբերեալ կամ անոր նախորդող շրջաններու դրական կամ ժխտական տուեալները մոռցուած էին:
Ցեղասպանութիւն բառը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ստեղծուեցաւ եւ 1948-ին մաս կազմեց միջազգային իրաւագիտութեան կանոններուն: Թուրքիա 1950-ին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրը ստորագրելով` ճանչցած եղաւ ցեղասպանութեան առնչութեամբ կատարուած կարգադրութիւնները: Այնուհանդերձ, տարիներ շարունակ Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկը հետաքրքրուեցաւ այն հարցով, թէ ցեղասպանութիւն հասկացողութիւնը ի՛նչ իմաստ կը ներկայացնէր: Այս անտարբերութիւնը չփոխուեցաւ 1970 եւ 1980 թուականներուն թուրք դիւանագէտներու դէմ գործուած մահափորձերէն ետք ալ: Այս պատճառով ալ ցեղասպանութեան մասին բանավէճերու ընթացքին մարդիկ խօսեցան առանց մեծ բան մը գիտնալու ցեղասպանութիւն բառին տարողութեան մասին կամ զայն ընդունելով որպէս պարզապէս սպանդ նշանակող բառ:
Այս կացութեան մէջ իր բաժինն ունէր նաեւ պետութիւնը, որ տեղեկութեան բոլոր աղբիւրները գոցած էր: Օրինակ, պետութիւնը արգիլած էր Այշէ Նուր եւ Ռակըպ Զարաքօլուի Պելկէ հրատարակչատան կողմէ տպուած «Հայկական թապու» գիրքը` ֆրանսացի մտաւորական Իվ Թեռնոնի կողմէ գրուած: Այշէ Նուր Զարաքօլու երկու տարի բանտարկութեան ալ դատապարտուեցաւ այս գիրքը հրատարակած ըլլալուն համար:
Պետութեան այս դիրքորոշման պատճառով մարդիկ ստիպուեցան Ցեղասպանութեան առջեւ «սէօզտէ» բառը աւելցնելու: Առանց այդ «սէօզտէ»-ին կարելի չէր Ցեղասպանութեան մասին խօսիլ: 2005-ին Պողազիչի համալսարանին կողմէ նախատեսուած եւ Ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած գիտաժողովին առջեւ ալ արգելք դրուեցաւ: Թուրքիա 2005-էն ետք է, որ Ցեղասպանութեան մասին խօսիլ սկսաւ իրական ծաւալներուն մէջ:
Ինչպէս մարդու իրաւունքներու կապուած հարցեր, ցեղասպանութեան ըմբռնողութիւնն ալ առաւելապէս մշակուեցաւ Արեւմուտքի մէջ: Թուրքիա միշտ դուրսը մնաց եւ այդ գործընթացով ալ բնաւ չհետաքրքրուեցաւ: Գիրքեր հրատարակուեցան, շարժանկարի ժապաւէններ կամ փաստանկարներ պատրաստուեցան, ասուլիսներ կազմակերպուեցան: Թուրքիա միշտ դուրսը մնաց ու այս պատճառով ալ պէտք չէ զարմանալ, որ այսօր իսկ Ցեղասպանութեան մասին կը խօսուի շատ մակերեսային մերձեցումով:
Ահա թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ մարդիկը նախ կը զարմանան, ապա կը զայրանան, երբ Թուրքիոյ առջեւ կը դրուին 1915-ի պատահարները, եւ կ՛ըսուի, որ այս բոլորը ցեղասպանութիւն կը նշանակեն: Որովհետեւ Թուրքիա ետ մնացած է այս խնդրին մէջ եւ այդպէս ալ մնալ կը շարունակէ: Ուստի մարդիկ օր մը դարձեալ կրնան շատ զարմանալ ու վերջն ալ զայրանալ, եթէ, օրինակ, օրակարգի բերուի նաեւ քրտական ցեղասպանութիւն մը` ֆիզիքական կամ մշակութային գետնի վրայ: Այն ատեն ալ պիտի տեսնենք նմանօրինակ հակազդեցութիւններ:


