Գաղութէ Գաղութ

Նոր Ջուղա

Երիտասարդական Համագումար

Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի, կազմակերպութեամբ  Սպահանի հայոց թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդին, աջակցութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Երիտասարդական խորհուրդին, Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան ուսանողական միաւորին, «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան եւ Շահինշահրի երիտասարդական խորհուրդին, 13 դեկտեմբերին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական կէսօրեայ համագումար` մասնակցութեամբ Նոր Ջուղայի եւ Շապինշահրի երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն:

Բացման խօսքը արտասանեց Թովմա սրկ. Գալստանեան: Ան անդրադարձաւ համագումարի նպատակներուն եւ դասախօսութիւններու նիւթերուն: Այնուհետեւ ներկայացուեցան երեք դասախօսութիւններ, որոնցմէ ետք մասնակիցներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու փոխանցուած նիւթին շուրջ:

Թեհրանէն յատուկ հրաւէրով ժամանած Մակար վրդ. Աշգարեան ներկայացուց «Երիտասարդը եւ բարոյականութիւնը» նիւթը, ապա որպէս թմրամոլութեան եւ ոգելից ըմպելիներու չարաշահման դէմ քարոզչական աշխատանք` դոկտ. Ռամին Ռատֆար ներկայացուց «Ալքոլամոլութիւնը եւ թմրամոլութեան նորօրեայ տեսակներն ու վտանգները»:

Այնուհետեւ Մակար վրդ. Աշգարեան ներկայացուց «Երիտասարդը եւ աստուածապաշտութիւնը» խորագրով նիւթը:

Համագումարի աւարտին սրբազան հայրը իր փակման խօսքին մէջ անդրադարձաւ երիտասարդութեան կարեւոր դերակատարութեանը` ազգին եւ եկեղեցւոյ պահպանման մէջ եւ շեշտեց, որ առողջ ազգ ունենալու համար համար պէտք է ունենալ առողջ երիտասարդութիւն` թէ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեպէս:

 

Լեհաստան

«Հայոց Վարշաւան» Ալպոմին
Շնորհահանդէսը

Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Վարշաւայի Հին քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցաւ Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնարկութեան կողմէ հրատարակուած «Հայոց Վարշաւան» ալպոմին շնորհահանդէսը:

Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պղինձէ տանիքով պալատին մէջ : Օրուան բանախօսն էր Թատէուշ քհնյ. Իսակովիչ-Զալեսկ: Ան անդրադարձաւ Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնարկութեան գործունէութեան վերաբերող շնորհահանդէսին, որուն յաջորդեց  ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած էին լեհահայոց արխիւէն ընտրուած ցուցանմուշներ եւ լեհահայերու պատմութիւնը ներկայացնող պաստառներ:

Երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ, որ կը ներառէր  «Մարգարիտէ ականջօղով աղջկան ձեւափոխութիւնները» խորագրով ցուցահանդէս,ուր ներկայացուած էին հայ գեղանկարիչ Նարեկ Աւետիսեանի 33 ստեղծագործութիւնները: Մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն յաջորդեց հայ հոգեւոր երգերու համերգ: Նոյն ատեն ալպոմը ներկայացուեցաւ Քուպիցքի սրահին մէջ տեղի ունեցած պատմական թեմայով գիրքերու  տօնավաճառին:

«Հայոց Վարշաւան» բովանդակալից, նրբաճաշակ հրատարակութիւն է` բաղկացած աւելի քան 200 էջերէ, որոնց մէջ հեղինակներ Քշիշտոֆ Ստոպկա, Անտժէյ ԱՅ. Զիենպա, Արմէն Արտուիխ եւ Մոնիքա Ակոպսովիչ ներկայացուցած են Վարշաւայի եւ Մակովշէի մէջ 17-րդ դարէն ապրած հայերու եւ հայկական ծագումով լեհերու կեանքին մասին հետաքրքրական փաստեր: Ալպոմը կը ներառէ «Հայկական տրիպտիխ» խտասալիկը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Լուսանկարներու Ցուցահանդէս`
Ի
Նպաստ Հայ Ոսկրածուծի Միութեան

Կազմակերպութեամբ Լա Քրեսենթայէն լուսանկարիչ Էլեն «Ալենուշ» Մուրատեանի, 13  դեկտեմբերին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարչական անհատական ցուցահանդէս մը, որ Հայ ոսկրածուծի նուիրատուներու միութեան ի նպաստ դրամահաւաք մըն էր:

Մուրատեան յայտնեց, թէ ցուցահանդէսը նուիրուած էր հանգուցեալ քեռայրին, որ իր մէջ արթնցուցած էր լուսանկարչութեան հանդէպ սէրը եւ դարձած էր զինք առաջնորդողը: Ան աւելցուց, թէ իր նպատակը միշտ եղած է սովորական մարդու մը կեանքը ցոյց տալ արտակարգօրէն:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայ ոսկրածուծի նուիրատուներու միութեան հիմնադիր տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն, որ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսը կազմակերպողներուն եւ մասնակիցներուն, որոնք գործնականապէս նեցուկ կը կանգնին կեանքեր փրկելու նպատակը հետապնդող այս ծրագիրին:

«Ս. Ներսէս Շնորհալի» Շքանշան`
Ժերմէն Տմիրալի

Սուրբ Պետրոս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, 23 դեկտեմբերին թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան մատուցեց սուրբ պատարագ եւ քարոզեց: Պատարագի ընթացքին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ յղուած սրբատառ կոնդակի ընթերցումով սրբազան հայրը «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով պարգեւատրեց ծուխէն եւ առաջնորդարանէն ներս երկարամեայ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող Ժերմեն Տմիրալը: Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ սրբազան հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որ հովանաւորուած էր Տմիրալ ընտանիքին կողմէ: Ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը:

Թրբանճեանները Ստացան
«
Լարք» Երաժշտանոցին
Անդրանիկ
«Շնորհալի» Շքանշանը

Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, 23 դեկտեմբերին Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցան «Լարք» երաժշտանոցին սաները եւ «Դիլիջան» սենեկային համերգաշարի երաժիշտները` առաջնորդութեամբ Մովսէս Պօղոսեանի :

Այս ձեռնարկը առիթ մըն էր «Լարք»-ին, ներկայացնելու համար Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Կլայեցիի անուան իր անդրանիկ պատուոյ շքանշանը ստացողներ` Ճերի եւ Փաթրիսիա Թրբանճեան ամոլը, որոնք այս տարուան ընթացքին առանցքային դերակատարութիւն ունեցած էին թէ՛ «Լարք»-ի եւ թէ՛ ընդհանրապէս հայութեան համար:

Անոնց նպաստին շնորհիւ` փակուելու սեմին հասած «Լարք»-ին առիթ ընծայուեցաւ շարունակելու իր առաքելութիւնը` հայկական մշակութային ժառանգութիւնը փոխանցելու ապագայ սերունդներուն:

Շքանշանը յանձնուեցաւ ձեռամբ «Լարք» երաժշտանոցի վարչութեան ատենապետ Էնտի Թորոսեանի:

Երգերով, երաժշտութեամբ եւ արտասանութիւններով ճոխացած գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին, ձեռնարկի փակման աղօթքը կատարեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:

Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղի
Հիմնադրութեան30-ամեակի Տօնակատարութիւն

Վերջերս «Արարատ տան» «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան  30-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը:

Տօնակատարութեան հանդիսավար Մարալ Վարժապետեան շնորհաւորեց մասնաճիւղին տարեդարձը`  նշելով, որ Համազգայինի այս մասնաճիւղը եւս իր ներդրումը ունեցած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման ու տարածման աշխատանքին մէջ, ձգտելով միշտ աւելի լաւին:

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ծովիկ Կետիքեան  խօսք առնելով` հաստատեց, թէ բոլորն ալ իրենց ներդրումը բերած են Համազգայինի գործունէութեան, իրագործելով  հիմնադիրներու երազները` հայապահպանում, ազգապահպանում եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային դիմագիծի պահպանում եւ անմնացորդ նուիրում, երբ ժամանակակից կեանքի պահանջներն ու առօրեայի պարտադրանքները նորանոր դժուարութիւններ եւ արգելքներ կը ստեղծեն մշակութային որեւէ գործունէութեան առջեւ:

«Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին անունով Աշխէն Փափազեան ներկայացուց Համազգայինի հիմնադրութեան հակիրճ պատմականը եւ անոր նպատակները: Ան շեշտեց, թէ Համազգայինի ուսերուն կը ծանրանայ պատասխանատուութիւնը մեր մշակութային արժէքները աղաւաղումներէ պահպանելու եւ կորսուտէ փրկելու, հաւատալով, որ արուեստն ու մշակոյթը հայապահպանման աշխատանքներուն մեծագոյն գրաւականներն են:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Քանատա

Մովսէս Պչաքճեանի «Անկարելի Կարելին»
Բեմադրութիւնը

Վերջերս Մոնրէալի Թէքէեան մշակութային միութեան «Հայ բեմ» թատերախումբը  «Պոպուա» միջնակարգի հանդիսասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Ֆրանսահայ ծանօթ գրող Մովսէս Պչաքճեանի «Անկարելի կարելին» թատերգութեամբ` մշակումով եւ բեմադրութեամբ Նանսի Իսսա Թորոսեանի:

«Անկարելի կարելին» թատերգութիւնը հրատարակուած է գրեթէ 40 տարիներ առաջ, բայց բեմադրուած է միայն երկու անգամ եւ ընդհանրապէս մնացած է անծանօթ:

Ասիկա հաւանաբար այն պատճառով է, որ առաջին ակնարկով անիկա կը թուի երկար, նիւթը` դժուար, եւ բեմադրութիւնը` շատերու համար տաղտկալի:

Թէեւ անոր մանուածապատ փիլիսոփայութիւնը կը պարունակէ սուր երգիծական անակնկալներ եւ մարդու միտքը խթանող հին, բայց այսօրուան ալ պատշաճող կեանքի փորձառութիւններ:

 

Իրաք

Ամանորեան Ձեռնարկներ

2013 թուականի ամանորեան տօներուն առթիւ Իրանի հայոց թեմի առաջնորդարանի շրջափակին մէջ կազմակերպուեցան երեք հանդիսութիւններ, զորս հովանաւորեց առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանը:

Առաջինը տեղի ունեցաւ 2012-ի դեկտեմբեր 24-ին` կազմակերպուած մանկապարտէզի տնօրէնութեան կողմէ. սիրասուն մանուկները հանդէս եկան քաղցր երգերով, արտասանութիւններով եւ զուարճալի պարերով:  Հանդէսի աւարտին փոքրիկները մեծ ուրախութեամբ Կաղանդ պապայէն ստացան նուէրներ:

Դեկտեմբեր 25-ի երեկոյեան հիւրեր ու ծնողներ հաւաքուեցան Ազգային վարժարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` մասնակցելու Հայ եկեղեցասիրաց կազմի  կազմակերպած հանդէսին:

Կազմի երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները բեմ բարձրացան Նոր տարին գովերգող հայերէն, արաբերէն  եւ անգլերէն արտասանութիւններով ու երգերով, ինչպէս նաեւ քրիստոնէութիւնը ու մանաւանդ մեր եկեղեցին փառաբանող խօսքերով:  Այս երեկոյթին սրբազան հօր յատուկ հրաւէրով, ներկայ եղաւ  Խորհրդարանի քրիստոնեայ անդամ Իւնատըմ Քաննան, որ մեծապէս տպաւորուած, քանի մը խօսք արտասանեց հանդիսութեան աւարտին:

Երրորդը Ազգային վարժարանին կազմակերպած հանդիսութիւնն էր, որն տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 29-ին:

Այստեղ ալ դպրոցի աշակերտութիւնը ելոյթ ունեցաւ պատշաճ արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով, որմէ ետք Կաղանդ պապան դասարաններ բարձրանալով` նուէրներ բաժնեց բոլոր աշակերտներուն:

Այս եւ մանկապարտէզի հանդէսին ներկայ եղան քահանայ հայրերը,  Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, եւ մասնակիցներուն պարագաները:

Յիշատակութեան արժանի է, որ վերոյիշեալ երեք հանդիսութիւններն ալ աւարտեցան առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեան խօսքով:  Ան խրախուսեց ծնողներուն` իրենց զաւակները ուղարկել ազգային վարժարան` բոլորին սիրելի հայկական դպրոց, որպէսզի անոնք կրթուին ազգային նկարագիրով, ուսանին քրիստոնէական  վեհ կրօնի վարդապետութիւնը, տեղեակ ըլլան հայ եկեղեցւոյ եւ ազգի հերոսական պատմութեան եւ հասակ նետեն առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հովանիին, որպէս պահապան հրեշտակ միշտ այնտեղ է իբրեւ մշտարթուն մայր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )