Ռազմիկ Փանոսեան Նշանակուած Է Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Տնօրէն
«Գալուստ Կիւլպենկեան» հաստատութիւնը երէկ յայտարարեց դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի նշանակումը իբրեւ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Լիզպոնի մէջ: Ան պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը 1 փետրուար 2013-ին: Այս մասին կը յայտնէ «Օրեր» պարբերականը:
Փանոսեան իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է Լոնտոնի Տնտեսութեան եւ քաղաքական գիտութեան դպրոցին մէջ, ուր նաեւ դասաւանդած է: Բազմաթիւ հրատարակութիւններ ունի հայկական նիւթերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ հայ ազգային ինքնութեան նուիրուած ու մասնագիտական ջերմ գնահատականի արժանացած հատոր մը: Ան լայն փորձառութիւն կուտակած է աւագ կառավարման մէջ, ներառեալ` բազմամիլիոն տոլարնոց ծրագիրներու եւ միջազգային զարգացման նպաստներու պարագային:
Երկար տարիներ ծառայած է իբրեւ Քաղաքականութեան, ծրագիրներու եւ ծրագրումի տնօրէն` Մոնրէալ գտնուող քանատական կառավարական կազմակերպութեան մը: Աշխատած է ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրին համար: Կը խօսի անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն:
«Կ՛ընդունիմ այս պաշտօնը խայտանքով ու խոնարհութեամբ», ըսաւ Փանոսեան: «Ասիկա սփիւռքի ամէնէն կարեւոր պաշտօններէն մէկն է: Պատրաստ եմ շարունակելու իմ նախորդներուս աշխատանքը եւ ա՛լ աւելի ամրացնելու ու ընդարձակելու «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան գործը` կեդրոնացած ու համակարգուած ձեւով, աշխարհասփիւռ հայ համայնքներուն հետ»:
Մարթին Եսայեան` Հայկական համայնքներու բաժանմունքին պատասխանատու հոգաբարձու եւ հիմնարկութեան հիմնադիր Գալուստ Կիւլպենկեանի թոռնորդին, ըսաւ. «Մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ ինծի, որ դոկտ. Փանոսեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին տնօրէնը նշանակուած է: Ան բացառիկ փորձառութեամբ կու գայ այս պաշտօնին եւ մեզի կը բերէ անհրաժեշտ միջազգային ու համադրական հեռանկար: Նշանակումը հետեւած է միջազգային փնտռտուքի մը, որուն ընթացքին բազմաթիւ արժանի թեկնածուներ ընդգրկուած էին»:


