ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ ՄԵԾ ՔԱՅԼ ՄԸ ԱՌԱՒ ԴԷՊԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ 19-ՐԴ ՏԻՏՂՈՍ
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Մանչեսթըր Եունայթըտը եւ Չելսին, աւարտեցաւ դաշտին տէրերուն յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:
Մրցումին առաջին իսկ վայրկեանին, Խաւիէ Ֆեռնանտեզ նշանակեց Մանչեսթըրի առաջին կոլը: 23-րդ վայրկեանին, խմբապետ Նեմանժա Վիտիչ արդիւնքը բարձրացուց երկուքի: Թէեւ 69-րդ վայրկեանին Ֆրանք Լամփար նշանակեց լոնտոնեան կազմին կոլը, սակայն, ատիկա կացութենէն բան չփոխեց եւ Չելսի 2-1 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ «Օլտ Թրեֆորտ»էն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Մանչեսթըր Եունայթըտ մեծ քայլ մը առաւ դէպի ախոյեանութեան 19-րդ տիտղոսը` նկատի ունենալով, որ տարեշրջանի աւարտէն երկու հանգրուան առաջ վեց կէտի առաւելութիւն մը ունի նոյնինքն Չելսիի վրայ:
Մանչեսթըրի վերջին երկու մրցակիցները պիտի ըլլան Պլեքպըրն եւ Պլեքփուլ: Մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի կազմը այդ երկու մրցումէն միայն մէկ կէտի պէտք ունի` 19-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) ախոյեանութեան բաժակը բարձրացնելու համար:
Ստորեւ կու տանք 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.
Ասթոն Վիլա – Ուիկըն 1-1
Պոլթըն Սանտըրլենտ 1-2
Էվըրթըն – Մանչեսթըր Սիթի 2-1
Նիւքեսըլ – Պիրմինկհեմ 2-1
Ուեսթ Համ – Պլեքպըրն 1-1
Թոթենհամ – Պլեքփուլ 1-1
Վուլվզ – Ուեսթ Պրոմուիչ 3-1
Սթոք – Արսենալ 3-1
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Չելսի 2-1
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Մանչեսթըր Եունայթըտ 76 (73-34)
2.- Չելսի 70 (67-30)
3.- Արսենալ 67 (69-39)
4.- Մանչեսթըր Սիթի 62 (54-33)
………………………………………….
18.- Պլեքփուլ 36 (49-71)
19.- Ուիկըն 36 (36-59)
20.- Ուեսթ Համ 33 (41-64)

