Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Պոլիս

Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի Հիմնադրութեան
175-
րդ Տարեդարձին Առիթով Հանդիսութիւններ

Պոլսոյ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ փրոֆ. հայր Լեւոն Պօղոս ծ. վրդ. Զեքիեանի բանախօսութիւնով եւ Լեւոն Էրոյեանի դաշնամուրի փայլուն նուագահանդէսով, որը տեղի ունեցաւ 4 յունուարին, Պոլսոյ «Նշանթաշ ըշըք կիսէիի» սրահին մէջ: Փրոֆ. Լեւոն Զեքիեան վարդապետին բանախօսութեան նիւթն էր` «Ս. Յակոբ հիւանդանոցը` տիպար օրինակ հաւաքական զօրակցութեան»:

Զեքիեան նախ անդրադարձաւ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի անցեալին` շեշտելով, որ առանց անցեալը յիշելու` անկարելի է առողջ ապագայ մը կերտել: Ան շեշտեց, որ պէտք չէ կառչած մնալ անցեալին, այլ անցեալէն դաս առնելով` պէտք է յառաջանալ:

Փրոֆ. Զեքիեան նշեց նաեւ, որ անցեալի մէջ հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանող Ս. Յակոբ հիւանդանոց մը եւս գոյութիւն ունեցած է, բայց անոր մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ եւ պատմական ակնարկ մը կատարեց նիւթին շուրջ:

Փրոֆ. Լեւոն վրդ. Զեքիեան իր բանախօսութիւնը շարունակեց` շեշտը դնելով կրօնական տեսակէտէ թշուառներուն եւ հիւանդներուն օգնելու կարեւորութեան վրայ: Ան յիշեց անունները այն անձերուն, որոնք դերակատարութիւն ունեցած են Ս. Յակոբ հիւանդանոցի շինութեան գործին մէջ:

Բանախօսութեան աւարտին  դաշնակահար Լեւոն Էրոյեան մեկնաբանեց երաժշտական կտորներ` Խաչատրեանէն, Բաբաճանեանէն,  Տիգրանեանէն, նաեւ` իր յօրինումը:

Քանատայի Խորհրդարանի Անդամը
Կ՛
այցելէ Հայոց Պատրիարքարան

Քանատայի խորհրդարանի անդամ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Պապ Տեքերթ 13 յունուարին այցելեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ  արք. Աթեշեանին կողմէ: Այցելութեան մասնակցեցան քաղաքացիական նախարարի գլխաւոր օգնական Քրիսթոֆըր Մահոն,  Քանատայի դաշնակցային կառավարութեան քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի նախարար Ճէյսըն Քենի եւ Պոլսոյ մէջ Քանատայի աւագ հիւպատոս Շոուըն Սթէյլ:

Տեքերթ յայտնեց, թէ Պոլիս այցելութեան առիթով փափաքած է, այլ համայնքներու նման, այցելել նաեւ Թուրքիոյ հայոց հոգեւոր կեդրոնը` պատրիարքական աթոռ, եւ ծանօթանալ հայ համայնքին: Մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին ան հարցումներ ուղղեց նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքի վիճակին մասին:

Արամ արք. Աթեշեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրին ու տեղեկութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ հայութեան անցեալին, համայնքային կառոյցին ու այժմու վիճակին մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Տեքերթի այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան:

Շքանշան Կը Շնորհուի Մշակոյթի Գործիչ
Եւ
Բարերար Արամ Գամպուրեանի

Յունուար 13-ին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ եւ առաջարկով պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազանի եւ Կրօնական ժողովի որոշումով, Ս. պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ շքանշանի տուչութիւն` Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան երկարամեայ անդամ Արամ Գամպուրեանի` առ ի գնահատութիւն իր մշակութային գործունէութեան:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ համայնքի արժանաւոր զաւակներէն Արամ Գամպուրեան, որ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան մտաւորական եւ բարեսիրական կալուածներէ ներս անձնուիրաբար ծառայած է  համայնքին, պատուի կ՛արժանանայ պատրիարքական աթոռին կողմէ:

Այնուհետեւ կարդացուեցաւ պատրիարքարանի օրհնութեան կոնդակը:

 

Յունաստան

Հայոց Լեզուի Պահպանման Հարցերու
Նուիրուած
  Դասախօսական Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վարչութեան եւ համագործակցութեամբ «Ազատ Օր» օրաթերթին եւ «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթին, 19 յունուարին Քոքինիոյ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` նուիրուած` սփիւռքի գաղութներուն մէջ հայոց լեզուի պահպանութեան, տարածման ու պաշտպանութեան գործին նուիրուած հարցերու քննարկման:

Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վեր. Վիգէն Չոլաքեան, որ շեշտեց հայոց լեզուի պահպանումին, տան մէջ հայկական մթնոլորտի ստեղծումին եւ սփիւռքահայ ընտանիքներու դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանման մարտահրաւէրին, որ համահայկական ճիգ պարտադրող հարց է:

Օրուան հիւրն էր Կիպրոսէն հրաւիրուած, ընկերալեզուաբան դոկտ. Արտա Պոյներեան-Ճէպէճեան, որ դասախօսեց «Հայ լեզուի պահպանումի մարտահրաւէրը սփիւռքեան իրականութեան մէջ» նիւթին շուրջ: Ան նշեց, որ ըստ մարդաբաններու եւ լեզուաբաններու, անցեալին գոյութիւն ունեցած 12 հազար լեզուներէն այսօր մեզի հասած են միայն 6 հազար լեզուներ, եւ կը նախատեսուի, որ անոնց 3 հազարը պիտի անհետանան, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնը:

Քաղաքական եւ ընկերային դժուարութիւններուն կողքին, ընկերութիւններ նաեւ կը դիմագրաւեն ինքնութիւն, մշակոյթ եւ լեզու պահելու, զոհելու կամ հաւասարակշռութիւն մը գտնելու հրամայականները: Անոնք կը հաւատան, որ երբ լեզուի փոխանցումը խախտի, անոր կը հետեւի ժառանգուած գիտութեան կորուստ:

Ան նկատել տուաւ, թէ սփիւռքի մէջ հայ ծնողը կը կարծէ, թէ աւելի ընդունելի պիտի ըլլայ մեծամասնութիւն կազմող ժողովուրդին կողմէ,  եթէ առաջնահերթութիւնը տեղական,  մեծամասնութիւն կազմող լեզուին տայ: Սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ: Նոր սերունդը զրկելով իր մայրենի լեզուէն` հայ սերունդը կը զրկենք շատ մը կարեւոր ազդակներէ, ինչպէս` պատմական ժառանգութիւն, լեզուական եզակիութիւն,  իրաւունք եւ ինքնութիւն, նաեւ` Հայ դատի հետապնդումի գիտակցութիւն:

Հետեւաբար հայերէնը կրկնակիօրէն կարեւոր է Հայ դատը վառ պահելու եւ շահելու համար: Վերապրող սերունդը անդրադարձած էր Ցեղասպանութեան բովանդակ նպատակին` ջարդել որքան որ կարելի է, կրօնափոխել, լեզուափոխել, տեղահանել, տկարացնել եւ անճանաչելի դարձնել մնացորդացին ազգային դիմագիծը:

Օրուան նիւթին շուրջ իրենց նշումները կատարեցին «Ճենազեան» միջնակարգի նախկին տնօրէն, հրապարակագիր Միհրան Քիւրտօղլեան եւ թարգմանիչ ու հրատարակութիւններու հեղինակ Յակոբ Ճելալեան:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

 Ցուցահանդէսի Բացում`
Ազգային
Գրադարանին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան, Յունահայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը 2013-ին նախատեսած է «Հաց ու գիր» ընդհանուր խորագիրը կրող մշակութային ձեռնարկներու շարք մը:

Տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան հայ-յունական բարեկամութեան մասին  պատմող ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ, թատերական բեմադրութիւններ:

Յունուար 21-ին Յունաստանի Ազգային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկներու շարքին առաջինը` «Ժպիտ եւ արցունք. Հայաստանը յունական երգիծական մամուլին մէջ» խորագրով ցուցահանդէսին բացումը:

Օրուան բանախօսներն էին` գրող Պետրոս Մարգարիս, Յունաստանի խորհրդարանի գրադարանի ներկայացուցիչ, պատմաբան Էլլի Թրուլիա, յունահայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ներկայացուցիչ Յովսէփ Գազեզեան:

 

Իրաք

Նոր Տարուան Հանդիսութիւնները

Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի, Ամանորի առիթով առաջնորդարանի շրջափակէն ներս կազմակերպուեցան երեք հանդիսութիւններ:

Դեկտեմբեր 24-ին, կազմակերպութեամբ մանկապարտէզի տնօրէնութեան, տեղի ունեցաւ հանդէս, որուն ընթացքին մանուկները հանդէս եկան երգերով, արտասանութիւններով եւ պարերով:

Դեկտեմբեր 25-ին կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցասիրաց կազմի, Ազգ. վարժարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդէս: Մեկնաբանուեցան հայերէն, արաբերէն  եւ անգլերէն արտասանութիւններ, երգեր, ինչպէս նաեւ` քրիստոնէութիւնը ու մեր մայրենի եկեղեցին փառաբանող խօսքեր: Երեկոյթին, սրբազան հօր յատուկ հրաւէրով, ներկայ էր  խորհրդարանի քրիստոնեայ անդամ Իւնատըմ Քաննան, որ սրտի խօսք արտասանեց հանդիսութեան աւարտին:

Դեկտեմբեր 29-ին կազմակերպութեամբ Ազգային վարժարանի, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն ընթացքին դպրոցի աշակերտութիւնը ելոյթ ունեցաւ արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով:

Երեք հանդիսութիւններուն խօսք առաւ սրբազան հայրը` օրհնութեան խօսքով:  Ան խրախուսեց ծնողները իրենց զաւակները ուղարկել ազգային վարժարան, որպէսզի անոնք կրթուին ազգային նկարագրով, ուսանին քրիստոնէական  վեհ կրօնի վարդապետութիւնը, տեղեակ ըլլան Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգի հերոսական պատմութեան:

 

Փարիզ

«Հարիւր Համերգ Հարիւրամեակին»
Ծրագիրի
Առաջին Համերգը

Յունուար 16-ին Փարիզի «Կաւօ» երաժշտական կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ աջակցութեամբ «Փիւնիկ» հիմնադրամին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած «Հարիւր համերգ հարիւրամեակին» համերգաշարին առաջին համերգը:

Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Մուրատ Ամիրխանեան` պարիթոն-պաս, Կարինէ Բաբաջանեան` սոփրանօ, Տանա Չոքարլին եւ Վարդան Մամիկոնեան` դաշնակահարներ:

Համերգին ընթացքին հնչեցին` Կոմիտասի,  Մոցարթի, Բաբաջանեանի,  Շուպերթի, Լիսըի,  Պիզէի, Պելինիի, Փուչինիի եւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները:

«Հայաստանի Պատմութիւն»
Գիրքին
Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Ճիտէճեանի, նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի հայերու մշակութային միութեան եւ Ֆրանսայի հայ երիտասարդութեան մշակոյթի կեդրոնին, 24 յունուարին տեղի ունեցաւ ֆրանսացի հայագէտներ Աննի եւ Ժան-Փիեռ Մայէյի հեղինակած «Հայաստանի պատմութիւնը` ակունքներէն մինչեւ մեր օրերը» գիրքին շնորհահանդէսը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Ճիտէճեան, որ բարձր գնահատեց ֆրանսացի հեղինակներու կողմէ նման համարձակ եւ միաժամանակ բարդ մտայղացման իրականացումը:

 

Իտալիա

«Սումկայիթի Ողբերգութիւնը» Գիրքի
Շնորհահանդէս
Իտալիոյ Մէջ

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ հայ-իտալական բարեկամութեան խումբի միացեալ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Սամուէլ Շահմուրադեանի «Սումկայիթի ողբերգութիւնը» գիրքի շնորհահանդէսը:

Տարեսկիզբին լոյս տեսած իտալերէն հրատարակութիւնը Հայաստանի դեսպանութեան օժանդակութեամբ խմբագրուած էր Միլանի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Պիետրօ Քուչուկեանի կողմէ եւ համալրուած է Ազրպէյճանի կողմէ Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման ու հերոսացման առնչուած դէպքերու նկարագրութեամբ:

 

Աւստրիա

Հայ Տպագիր Գիրքի 500-ամեակին
Նուիրուած
Գիրքի Շնորհահանդէս

ԵՈՒՆԵՍՔO-ի կողմէ 2012-ին Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակման եւ հայ հնատիպ գիրքի 500-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու  շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ Աւստրիոյ մէջ գործող «Փրօ Օրիանթէ» կրօնական իրաւունքի հիմնադրամին, օժանդակութեամբ Աւստրիոյ Շթայերմարք երկրամասի կառավարութեան, Կրացի Քարլ Ֆրանց համալսարանի, Կաթողիկէ կրթութեան հաստատութեան եւ Կրացի հայ եկեղեցական համայնքին, 17 յունուարին Կրացի Հոգեւոր սեմինարի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի պատկերը Կրացի համալսարանի գրադարանի հաւաքածոներուն մէջ պահուող ձեռագիր եւ տպագիր գիրքերու մէջ. Հայկական տպագրութեան 500-ամեակը» գրքոյկին շնորհահանդէսը:

Գիրքին բովանդակութիւնը ներկայացուց Կրացի համալսարանի ձեռագրագիտութեան բաժանմունքի վարիչ, համալսարանի կազմին մէջ գործող «Վեսթիքիա» հետազօտական կեդրոնի ղեկավար փրոֆ. Էրիխ Ռենհարտ, որ նաեւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի ձեռագիրներու թուայնացման գործի կազմակերպիչներէն է:

Խօսք առաւ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ անդրադարձաւ Մատենադարանի, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան բաժանմունքի, ինչպէս նաեւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան հետ հայագիտութեան մարզէն ներս Կրացի համալսարանի արդիւնաւէտ համագործակցութեան հարցին, շեշտեց կարեւորութիւնը եւ բարձր գնահատեց Մատենադարանի ձեռագիր հաւաքածոներու թուայնացման գործին մէջ համալսարանի ձեռագրագիտութեան բաժանմունքին տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ անոր վարիչ Էրիխ Ռենհարտի բերած մասնագիտական ու անձնական նպաստը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Առաջնորդ Մուրատեանի Քահանայական
Ձեռնադրութեան
25-ամեակի Հանդիսութիւն

Յունուար 13-ին Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդանիստ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ` նորընտիր առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեակին առիթով:

Միւռոն վրդ. Ազնիկեան եւ Միքայէլ քհնյ. Կիւրեղեան փոխանցեցին առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի շնորհաւորանքները:

Քարոզեց եւ մկրտութեան ու դրոշմի աստուածային պատգամներու` հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ վրայ հիմնուած պատգամը տուաւ յոբելեար սրբազանը:

Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ տիկնանց միութեան,  տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հայր Գրիգոր Շահինեան, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր:

Յոբելեար սրբազանին ամփոփ կենսագրականը ներկայացուց օրուան հանդիսավար Անթուան Գարամանլեան, իսկ սրտի խօսքերով հանդէս եկան եկեղեցւոյ գործունեայ անդամներէն Սահակ Սերայտարեան եւ դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեան:

Աւարտին, շնորհակալութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ Միքայէլ եպս. Մուրատեան:

1990-ի Պաքուի Ջարդերու
Զոհերու
Յիշատակի Նշում

Յունուար 20-ին Պաթումի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 1990-ին տեղի ունեցած Պաքուի մէջ հայերու ջարդերու ոգեկոչում:

Արարողութենէն ետք թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարի մօտ,  ուր մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ անմեղ զոհերուն յիշատակը:

Հաւաքին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արամ Գրիգորեան, որ անդրադարձաւ 1990-ի ողբերգական դէպքերուն, հայկական ջարդերուն, անոնց հետեւանքներուն, ընդգծելով հայ ժողովուրդի համախմբուածութեան կարեւորութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES