Քոսութիւն
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Քոսութիւնը (scabies) մորթային զօրաւոր փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի շատ ուժգին քերուըտուքով: Տիզ կոչուած մակաբոյծի մը վարակումով կը յառաջանայ քոսոտութիւնը:
Տիզ մակաբոյծը ունի հետեւեալ յատկութիւնները.
1. Տիզը անտեսանելի է պարզ աչքով: Ան կը նշմարուի միայն մանրադիտակով:
2. Տիզը ունի մօտաւորապէս 0.33 մմ երկարութիւն եւ 8 պզտիկ ոտքեր` հակառակ այն բոլոր մակաբոյծներուն, որոնք բոլորն ալ ունին 6 ոտքեր:
3. Էգ տիզը աւելի երկար է, քան` առու տիզը, որուն հասակը մօտաւորապէս էգ տիզին կէս չափն է:
4. Տիզերը խումբով կը տեղաւորուին եղունգներուն, պորտին եւ մորթի ծալքերուն մէջ:
5. Առու եւ էգ տիզերը կը մխրճուին մորթին մէջ եւ կը յառաջացնեն ուժգին քերուըտուք, որ աւելի կը զօրանայ գիշերները:
6. Էգ տիզն է, որ կը վարակէ եւ բոյն կը շինէ մարդու մորթին մէջ:
7. Տիզը կ՛ապրի հիւրընկալ մորթին վրայ միայն 24-36 ժամ:
8. Տիզը միայն կը քալէ: Ան չի կրնար թռչիլ եւ կամ ցատկել:
9. Կ՛ապրի անշարժ եւ երկար ժամանակ 20 սանթիկրատ ջերմաստիճանէն վար միջավայրի մէջ:
Շուներ եւ կատուներ կը վարակուին քոսութեամբ, բայց` տարբեր տեսակ տիզ-մակաբոյծներով: Հետեւաբար շուներու եւ կատուներու քոսութիւնը փոխանցիկ չէ մարդոց:
Տիզը կը մխրճուի մորթին մէջ եւ հոն կը տեղաւորէ իր հաւկիթները, որոնք վարակուող անհատին մօտ կը զարգացնեն զգայունացում մակաբոյծի սպիտակուցներուն դէմ: Այս զգայունացումը կը յառաջացնէ քերուըտուք: Քոսութեան թխսաւորումը կը տեւէ մօտաւորապէս 6-8 շաբաթ:
Քոսութեան ախտանշանները ի յայտ կու գան վարակումէն 1-2 ամիս ետք: Այս ժամանակամիջոցին, հակառակ որ ախտանշաններ չեն տեսնուիր, վարակուած անձը կրնայ վարակել ուրիշ անձ մը:
Քոսոտութեան առաջին ախտանշանը զօրաւոր եւ մնայուն քերուըտուքն է, որ կը սկսի անյայտօրէն եւ առանց ազդանշանի, մարմնի զանազան բաժիններուն վրայ: Հիւանդը կը հակազդէ քերուըտուքի զգացումին` քերելով մորթին որոշ մէկ բաժինը: Այս պատճառ կը դառնայ քերուըտուքի ծաւալման եւ ուժեղացման, որ արգելք կը հանդիսանայ հանգիստ քունի:
Քերուըտուքին հետ կամ քանի մը օրեր ետք մարմնի զանազան բաժիններուն վրայ կը յայտնուին կարմրագոյն կամ սրճագոյն պզտիկ թելանման բշտիկաւոր բարձրութիւններ` 2-6 մմ երկարութեամբ, որոնք յաճախ շատ դժուարութեամբ կը նշմարուին: Այս վէրքերը նախ կը յայտնուին մատներու միջեւ եւ ետքը` դաստակին եւ անութներուն վրայ, արմուկին ետեւը, ծունկին վրայ, ոտքին ետեւը եւ կողմերը, փորի ամբողջ շրջապատը, պորտին շուրջը, կրծքապտուկներուն վրայ եւ շուրջը, արտաքին սեռային օրկաններու շուրջը եւ յետոյքին վրայ:
Վարակուած անձին ամբողջ մարմնին վրայ ընդհանրապէս միայն 10-15 տիզ կ՛ապրին, որոնք կը յառաջացնեն հազարաւոր բշտիկներ:
Վարակուող Անձը Կը Դառնայ
Կրող Կամ Հիւանդակիր
Քոսութեան տիզը անձէ անձ կը փոխանցուի ուղղակի դիպչելով. այսինքն վարակումը կը յառաջանայ, երբ քոսոտ անձի մը մարմինը հպի առողջ մարդու մը մարմնին: Վարակուած անձի մը մորթին տիզերը կը փոխանցուին առողջ անձին, եւ կը պատահի վարակումը: Ընդհանրապէս վարակում տեղի չ՛ունենար հիւանդին վերարկուին դպնալով կամ անոր պնակը, դգալը, պատառաքաղը եւ կամ դանակը գործածելով: Տեսնուած է, որ վարակուած անհատի մը անկողինը կրնայ փոխանցման միջոց ծառայել: Սակայն սեռային յարաբերութիւնը նկատուած է քոսութեան փոխանցման հիմնական պատճառներէն մէկը: Վարակուած անձը կրնայ փոխանցել հիւանդութիւնը առողջ անհատի մը, մինչեւ այն ատեն որ ինք չէ դարմանուած եւ մինչեւ 24 ժամ իր դարմանումէն ետք:
Քոսութիւնը տարածուած հիւանդութիւն մըն է բոլոր երկիրներուն մէջ: Անիկա շուտով կրնայ համաշխարհային համաճարակ մը դառնալ: Քոսութիւնը համաճարակի ձեւով կը յայտնուի խիտ հաւաքականութիւններու մէջ, օրինակ` մանկամսուրներու, դպրոցներու, բանտերու, բանակի, ծերանոցներու եւ անտուններու կեդրոններուն մէջ:
Քոսութիւնը կը պատահի հաւասարապէս երկու սեռերուն մէջ եւ առանց խտրութեան` գոյնի, տարիքի եւ ժողովուրդներու ընկերատնտեսական կացութեան: Ամէն տարի ամբողջ աշխարհի մէջ կը տեսնուին մօտաւորապէս 300 միլիոն քոսութեան պարագաներ: Մանուկներու մօտ միայն գլխու քոսոտութիւնն է, որ կը պատահի:
Քոսութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի ընդհանրապէս մորթաբուժի (dermatologist) պարզ քննութեամբ` տեսնելով մորթին վրայ քոսութեան իւրայատուկ ախտանշան բշտիկները: Սակայն մորթաբուժը երբեմն կը հարկադրուի յայտնաբերել տիզը մանրադիտակային քննութեամբ:
Քոսութեան դարմանումը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ գործընթացով.
1. Ծածկել ամբողջ մարմինը, գլուխէն մինչեւ ներբանները, ներառեալ` սեռական արտաքին օրկանները եւ յետոյքը յատուկ հակաքոսութեան օծանով մը:
2. Պահել օծանը մարմնին վրայ լրիւ 12 ժամ:
3. Լոգնալ գաղջ ջուրով եւ օճառով:
4. Կրկնել վերոյիշեալ երեք կէտերը 10 օր ետք:
5. Քերուըտուքի դէմ կարելի է գործածել հակաքերուըտուքի եւ հակագերզգայնութեան յատուկ դեղեր:
6. Դարմանել նաեւ հիւանդին հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցողները, անոր ընկերները եւ ընտանիքի միւս անդամները, նոյնիսկ եթէ անոնք ախտանշաններ չունին:
7. Տաք ջուրով եւ օճառով լուալ հիւանդին անկողինի ծածկոցը, բարձի երեսը, անձեռոցը եւ հագուստները:
Օծանի գործածութենէն քանի մը օր ետք հիւանդին քերուըտուքը կամաց կամաց կը մեղմանայ եւ մորթի բշտիկները կ՛անհետանան:
Շատ քիչ պարագաներուն դարմանումէն ետք, մինչեւ երեք շաբաթ քերուըտուքը կրնայ շարունակուիլ, հակառակ որ բոլոր տիզերը մեռած կ՛ըլլան:
Հոս տեղին է յիշել, որ այս օծանները պէտք չէ գործածուին յղի կիներու կողմէ:
Հետեւեալ միջոցառումները առնուելու են, երբ դպրոցի մը մէջ քոսի պարագայ մը յայտնուի.
1. Դարմանել վարակուող աշակերտը վերը յիշուած ձեւով:
2. Հեռու պահել վարակուած աշակերտը մնացեալ աշակերտներէն:
3. Աշակերտութիւնը 24 ժամ հեռու պահել դպրոցէն:
Քոսութենէ տառապող անձը կրնայ ունենալ մորթային երկրորդական վէրքեր եւ բորբոքումներ, եթէ ան շարունակ քերէ քոսութեան վէրքերը: Այս պարագային հակաբորբոքումի դեղեր պարտադիր կը դառնան:
Գոյութիւն ունի յատուկ քոսութեան տեսակ մը, որ կը կոչուի Նորվեկեան քոսութիւն: Անիկա կը պատահի այն անձերուն մօտ, որոնք շատ տկար դիմադրողականութիւն կ՛ունենան հետեւեալ պատճառներով` տարեցութիւն, ընկալուած դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ախտանիշ (AIDS), մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV) եւ աւշագեղձային ուռ (lymphoma): Անհատը կը վարակուի հազարաւոր տիզերով` հակառակ պարզ քոսութեան, ուր միայն 10-15 տիզերով կը պատահի վարակումը: Նորվեկեան քոսութեան ախտանշանները նոյնն են, սակայն` շատ աւելի ուժգին:
Մոնրէալ

