Անկոչ «Հիւր»-ը (Փոխան Սքեչի)

ԱՔԱՍԻԱ

Բարձրայարկ շէնքին լայն սեմէն ներս կը մտնէ վայելուչ տեսքով, գեղադէմ, 22-23 տարեկան երիտասարդ մը: Դարպասը փակ է, կը նայի կողքի պատին վրայ շարուած շէնքին բնակիչներուն անուանացանկին, կը տեսնէ հայու մը անունը` ԵԱՆ վերջաբանով, ցուցամատով կը ճնշէ կոճակին: Վերի յարկէն կը լսուի տիկին Հայկանուշին ձայնը.

– Ո՞վ է:

Պատասխանը…

– Յակոբ ամմոն տո՞ւնն է:

Տիկին Հայկանուշ երիտասարդին ձայնը կը նմանցնէ իր մօրաքրոջ տղուն ձայնին, կ՛ըսէ.

– Այո, հոս է, ու կը բանայ դարպասին դուռը:

Վերելակը պատրաստ է: Տիկին Հայկանուշ դուռը բացած է արդէն եւ կը սպասէ մօրաքրոջ տղուն:

– Բարի երեկոյ, կ՛ուզեմ Յակոբ ամմոն տեսնել:

– Ներսն է, բայց ձեզ չճանչցայ, ձեր ձայնէն ենթադրեցի, թէ մօրաքրոջս…

– Զիս ալ նկատեցէք ձեր մօրաքրոջը տղան:

Երիտասարդը արդէն հասած է պարոն Յակոբին մօտ, որ պատկերասփիւռ կը դիտէր կուտ ուտելով: Պարոն Յակոբին սովորութիւնն էր գործէն վերադարձին նստիլ պատկերասփիւռին դիմաց, կուտ կամ պիստակ ուտելով` ժամանց ունենալ: Երիտասարդը աւելի կը մօտենայ պարոն Յակոբին, ձեռքը կ՛երկարէ կուտին եւ կը համտեսէ…

– Ի՜նչ թարմ է, ուրկէ՞ գնած էք: Հայրս ղրկեց զիս ձեր մօտ: Հայրս ըսաւ, որ պարոն Յակոբը բարեկամս է, գնա՛ իրեն հարցուր, թէ պարապ սենեակ կամ յարկաբաժին մը կա՞յ ձեր շէնքին մէջ: Մեր ազգականները եկած են Սուրիայէն, տունի պէտք ունին…

Պարոն Յակոբ եւ տիկին Հայկանուշ զարմացած տղուն կը նայէին եւ կը հետեւէին անոր խօսքերուն: Բնական խօսքեր, բայց պարոն Յակոբ չկրցաւ իր կասկածը քողարկել եւ ըսաւ.

– Ես քեզ չեմ ճանչնար, ոչ ալ հայրդ: Մեր շէնքին մէջ պարապ տուն չկայ…

– Բայց ինչպէ՞ս, հայրս ըսաւ, որ ուրեմն հայրս շուարած է: Արդեօք Տըքուենիի հրապարակի՞ն մօտն էր Յակոբ ամմոյին տունը. վայրկեան մը, հեռաձայնեմ հօրս…

Պարոնը գրպանէն կը հանէ բջիջային հեռաձայնը եւ կը ձեւացնէ հեռաձայնել:

Պարոն Յակոբ եւ տիկին Հայկանուշ կը հետեւին երիտասարդին շարժումներուն, խօսքերուն: Մաքուր եւ կիրթ լեզու մը ունի, ժպտադէմ է, այսուհանդերձ, պարոն Յակոբին կասկածները կը շեշտուին: Երիտասարդը ինքնավստահ է, կը շարունակէ նայիլ աջ ու ձախ, դէմի ննջարանին դուռը, քանի մը քայլ կը յառաջանայ…

– Ինչո՞ւ այդ կողմը կ՛երթաք, պարոն, հոն մարդ չկայ…

– Ձեռքերս աղտոտած են, կրնա՞մ լուացարան մտնել…

Կ՛ըսէ ու դէպի լուացարան մտնելն ու ելլելը ակնթարթ մը կը տեւեն:

– Սխալած էք, պարոն, կրնաք ուրիշ տեղ փնտռել ձեր ուզածը… երթաք բարով,- կ՛ըսէ տիկին Հայկանուշ:

Երիտասարդը դուրս կ՛ելլէ, վերելակը դեռ հոն է: Անցած հինգ վայրկեանին մէջ մարդ ելած կամ իջած չէ: Երիտասարդը «թռչունի» պէս կը թռչի, կ՛երթայ:

– Օ՜ֆ, լաւ փրկուեցանք: Ասիկա գող մըն էր,- ըսաւ Յակոբ իր կնոջ:- Առաջին անգամէն ես հասկցայ, որ գող մըն էր: Մոռցա՞ր, ասիկա այն երիտասարդն է, որ շատ տեղերէն դրամ գողցած է: Ներկարար Գէորգին տղան է: Շատ խելացի է, կ՛ըսեն, բայց չ՛աշխատիր: Իր մասին ինչե՜ր լսած եմ: Բանտարկուած ալ է: Մե՜ղք գեղեցկութեան, պոյին-պոսին: Ո՞վ կը կասկածի, որ նման երիտասարդ մը գողութեամբ, քսակահատութեամբ ապրի…

Երիտասարդը հազիւ վար իջած` տիկին Հայկանուշ մուտքի դրան մօտ տեղադրուած սեղանին կը մօտենայ հեռաձայնով այս մասին պատմելու դրացիներուն, որ չըլլայ, թէ դուռ բանան անծանօթներու դիմաց: Հեռաձայնի թիւերը շարելու միջոցին աչքը կը կեդրոնանայ հեռաձայնի սարքին մօտը դրուած դրամապանակին, որ չկար…

– Վա՜յ, դրամապանակս գողցած է, բայց ե՞րբ թռցուց, ի՜նչ աճպարար գող է եղեր: Արդեօք պատշգամէն նայի՞մ, զինք կը տեսնե՞մ:

Տիկին Հայկանուշին զարմանքը, նաեւ պարոն Յակոբին այդքան զգուշաւոր վերաբերումը զուր անցած են:

Գողութեան այս դէպքը կը լսուի դրացիներուն, ծանօթներուն եւ հարազատներուն շրջանակին մէջ: Իւրաքանչիւրը կը պատմէ իր փորձառութենէն, իր լսածներէն, նոյն աւազակին «սխրագործութեան» մասին: Թէ օր մը խաբած է այսինչեանները, ուրիշ օր մը, միւսները… թէ ծեծած են այսինչ տեղ, թէ բանտարկուած է:

– Ինչ պիտի ըլլայ, այդ տեսակ մօրմէն այս տեսակ գող կը ծնի, եղաւ եզրափակիչ հաստատումը:

Բայց մենք հայերս այս տեսակ գող մը չենք ունեցած… ըսաւ մէկը միւսին: Պատասխանը ամօթալի խօսքեր եղան, որոնց վրայէն հարկ է լուռ անցնիլ: Բայց ինչո՞ւ այս տղան չաշխատիր, արհեստ ալ չունի, այսքան խելացի: Իր ուսուցիչներէն մին ալ հաստատած է, թէ Աւոն խելացի, ընդունակ եւ ճարպիկ աշակերտ եղած է, ինչո՞ւ ինքզինք փճացուց, չեմ հասկնար: Մարդ չի գիտեր, թէ ո՞ւր կ՛ապրի: Պէտք է փրկել այս տղան: Արդեօք կը փրկուի՞…:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )