Թորոսեան Վարժարան. Ստեղծագործական Երեկոյ
ԱՆԻ ԳԱԼԷՆՏԷՐԵԱՆ
Ուրբաթ, 25 յունուար 2013 երեկոյեան ժամը 6:00-ին Թորոսեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդութիւն դարձած ստեղծագործական երեկոն: Աշակերտները իրենց տարբեր գործունէութիւններու կողքին, յատուկ ժամանակ տրամադրած էին ստեղծագործելու եւ լոյս աշխարհ բերելու իրենց պարտականութիւն տրուած զանազան ծրագիրներ: Այս ծրագիրներուն նիւթերը առնուած էին` հայոց պատմութենէն, Լիբանանի պատմութենէն կամ գիտութեան դասերէն:
Վարժարանս գիտակից ըլլալով արտադասարանային գործունէութիւններու կարեւորութեան, միշտ պատրաստ եղած է աշակերտներու տարեկան ծրագրին մէջ առիւծի բաժինը տրամադրելու վերոյիշեալ գործունէութիւններուն: Անոնք են, որ ակադեմական ծրագրի կողքին, կը կերտեն աշակերտին նկարագիրը ու կը յատնաբերեն անոր ներսիդին թաքնուած ձիրքերը:
Երեկոյի յայտագիրը բաժնուած էր երկու մասի: Առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ սրահէն ներս, ուր միջնակարգի աշակերտները ներկայացուցին իրենց պատրաստածները փաուըր փոյնթի միջոցով: Անոնք նիւթ առած էին ծխախոտի գործածութիւնը եւ անոր յառաջացուցած վնասները` ըլլան անոնք անմիջական անձին կամ շրջապատին: Ծխախոտի կողքին կար նաեւ ժամանակը անցած ուտելիքներու գոյութիւնը շուկային մէջ, եւ թէ` ինչպէ՞ս միշտ ենթական ուշադիր ըլլալու է իր գնած ուտելիքներու թուականին: Իւրաքանչիւր աշակերտ ի գործ դրած էր իր կարելին, որպէսզի իր ներկայացուցած նիւթը կարելի եղած չափով ըլլայ համոզիչ եւ հասնի իր նպատակին: Նպատակը, որ է ցոյց տալ մարդոց, ծխախոտի եւ ուտելիքներու վրայ դրուած թուականներուն կարեւորութիւնը ու անոնց յառաջացուցած վնասները: Յոյսով, որ այս մէկը թերեւս կարենայ չնչին փոփոխութիւն մը յառաջացնել իրենց սիրելիներու կեանքին մէջ:
Իսկ երկրորդ մասը կ՛ընդգրկէր աշակերտներու ձեռային աշխատանքները, ծրագիրներ, որոնք ներկայացուած չէին համակարգիչով, այլ` ձեռային աշխատանքով: Այս բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին թէ՛ նախակրթարանի եւ թէ՛ միջնակարգի աշակերտները:
Հաճելի էր տեսնել ուրախութիւնը աշակերտներուն, որոնք իրենց ծնողներուն ներկայութեան կը ներկայացնէին իրենց պատրաստածը:
Առ ի գնահատանք աշակերտներու տարած աշխատանքին` վարժարանիս տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը պատրաստած էր յատուկ գնահատագրեր, որոնք բաժնուեցան մասնակցողներուն եւ ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Քաջալերելի են այսպիսի ձեռնարկները եւ մեր մաղթանքն է, որ անոնք կրկնուին ամէն տարի, որովհետեւ միայն գիտելիքներ ամբարելով չէ, որ աշակերտը կը զարգանայ:

