Հալէպին Եւ Հալէպով

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեկոյ է ու «ֆէյսպուք»-ին դիմաց նստած` ագահօրէն կը դիտեմ ներքին հարցերու մէջ ճարճատող ծննդավայր Հալէպէս հասած,  ինծի տրամադրուած եւ ցուցադրուած վերջին նկարները: Ու ինքնաբերաբար տարիներու հեռաւորութենէն յուզումով, կարօտով եւ լուսաւոր զգացումով եզակի անհանգիստ պահեր կը սկսիմ ապրիլ:

Անօրինակ տաղտուկ մը բոյն կը դնէ մտքիս մէջ: Կը զգամ նաեւ, որ ներքին ձայներ սկսած են անհանդարտ, վշտալի ու խռովալի սրտի նման ինծի բաներ մը յուշել:

Իրերայաջորդ պատրանքներ տեղի կու տան դառն իրականութեան եւ մերկ ճշմարտութեան առջեւ: Յուսախաբ ու տխրութեամբ կը մտածեմ: Չեմ ուզեր մեղքի զգացումը ապրիլ: Դարձեալ փոխան բառերու, լռութեամբ կը խօսիմ ու ես ինծի հարց կու տամ:

Հարց եւ հարցեր` անհատնում եւ մեծ: Կը զգամ, որ արդէն հոգիս պաշարուած է երկիւղով եւ կսկիծը կը հոսի սրտէս:

Իսլամական աշխարհի գունաւոր եւ անգոյն եղանակներով լեցուն յեղափոխութեան փոթորկալից ու արիւնոտ ալիքը պատմական այդ մեր քաղաքն ալ հասնելով` ամիսներէ ի վեր փոթորկած էր ոչ միայն իմ, այլեւ, ինծի նման բոլոր հայորդիներուն միտքն ու հոգին:

Կը դիտեմ քաղաքիս տխուր նկարները ու զանոնք կը բաղդատեմ Հալէպ իմ այցելութեանս ընթացքին նկարածներուս հետ: Փլատակ շէնքեր, տուներ, խանութներ, ամայացած հրապարակներ, սգաւոր մարդիկ, դիակներ, սեւցած ու ածխացած պատեր եւ աւերակ  շուկաներ: Սրբուած են դարերու հետքերը, աւերուած է նաեւ պատմական բերդն ու նոյնիսկ անոր պատմական քարերը: Ամէն կողմ` արիւն, աւեր եւ սուգ:

Ինչո՞ւ, հարց կու տամ: Այս բոլորը վասն ինչի՞:

Գլուխս կը շարժեմ ցաւագին եւ նոյնքան ալ յուզումով: Ու յանկարծ կարօտը, որ հոս` սենեակիս մէջն էր, ծփացող խոհերու նման վերապրումներու ցաւալի յիշողութիւն մը կը բերէ ինծի, տենդագին յուզումով եւ սրտնեղիչ տագնապով միատեղ: Ու ինքնաբերաբար ուժգնօրէն կոկորդս սեղմելով` կը սկսիմ յոյս մուրալ:

Կախարդուած եմ եւ նոյնիսկ շանթահար: Սիրտս շատրուանի նման կը ցայտէ: Վերջապէս խոնաւ ու նոյնիսկ թաց աչքերովս կ՛որոշեմ «քալել», «շրջիլ», կրկին անգամ «այցելել», տեսնել ու բաղդատել:

«Կը քալեմ» նկարներուն վրայէն ու ամէն քայլափոխի սիրտս փլուզումներու ահն է, որ նախ կը զգայ ու ապա կ՛ապրի: Ու տեսակաւոր նկարներու դիմաց այս անգամ կը սկսիմ «վազել» աջ ու ձախ:

– Այս մէկուն համար պէտք է մտնեմ «ֆուլճի» Ապտոյին մօտ, մեր բնակած թաղին ծայրը, ուր ընկերներով նախաճաշի համար պիտի հաւաքուէինք:

– Այն միւսին համար… ո՛չ, ո՛չ, պէտք է ճեղքեմ ածխավաճառներու, փայտահատներու, ձկնավաճառներու խանութներն ու կրպակները, անցնիմ Սալիպէի նեղ թաղէն` հասնելու Քառասուն Մանկանց եկեղեցի, որովհետեւ քիչ ետք Վարդանանց տօնակատարութեան առթիւ հրապարակային բանախօսութիւն կայ. պր. Էլոյեանը պիտի խօսի, ես ալ Վահան Թէքէեանէն պիտի արտասանեմ:

– Հապա՞ այն միւսը. պէտք է շուտով մեր քաղաքի հին ակումբը հասնիմ, Եգիպտոսէն մեծ ղեկավար մը եկած է եւ անկախութեան մասին պիտի դասախօսէ: Մենք պատանիներով բակին մէջ, ժամ առաջ, աթոռներ պէտք է, որ շարենք:

– Իսկ այս մէ՞կը. պէտք է որ ՀՄԸՄ-ի պարտէզ հասնիմ, ժամադրուած եմ, հոն ընկերուհիիս հետ նշանաւոր տաքցուած հաց-պանիրը պիտի ուտենք ու գաղտնի պիտի բաժնենք մեր ապրումները:

Կ՛անդրադառնամ:

Սառած ու պարզ նկարներէն արդէն պարզուած են աւերակ ու ամայի ներկայ իրավիճակը իմ ծննդավայրիս:

Դարձեալ հին ու նոր նկարներս խնամքով կը շարեմ դիմացս, սեղանիս վրայ: Աստուա՜ծ իմ, ամէն կողմ աւերակ եւ ամէն բան` քարուքանդ:

Արդարութիւնն անգամ պոռնկացած է աշխարհի վրայ, կը կրկնեմ: Ատելութիւն կայ ամէն տեղ: Հոս, հոն: Բայց հոն հիմա կեանքը դժոխք է. կը հաստատեմ: Ո՛չ «ֆուլճի» Ապտօ, ո՛չ պարտէզ եւ ո՛չ ալ ակումբ: Ամէն ինչ եւ ամէն բան` քանդուած:

Կը զգամ, որ ենթագիտակցութիւնս արդէն բացած է կորսուած յիշողութիւններուս ծալքերը: Սակայն գիտեմ, որ անոր արմատները ներսս են, հոգիիս մէջ ու հիմա ի տես այս նկարներուն, աճող ալիքի նման կը փշրուին ափ առ ափ:

Միշտ կարօտը սրտիս` կ՛ուզեմ վերադառնալ էութեանս: Անոր համար որոշ ընդհարում եւ տառապանք մը կ՛ապրիմ:

Գիտեմ, որ այս մէկը բարդ զգացում մըն է: Խոր ցնցումը ներսս է, նոյն այդ անիծեալ ենթագիտակցութեանս մէջ: Քալելս կը շարունակեմ…

Խորքին մէջ կարծես անիմաստ իրականութեան մը փնտռտուք մըն է ըրածս: Այդ երկրին եւ կամ այդ պատմական քաղաքին մէջ քաղաքական աղտոտ պատճառներով, հաշիւներով, պատմական մեր մայր գաղութը այս օրերուն դատապարտուած էր ամէնօրեայ Աւարայր մը մղելու: Թէեւ ամէն մարդ իր ճակատագիրը ժառանգած է, կ՛ըսէին մեր մեծերը, սակայն այնպէս կ՛երեւի, թէ հոն այս օրերուն մարդն է, որ դարձած է մարդուն ճակատագիրը:

Ինչո՞ւ այս բոլորը, ինչո՞ւ, կրկին հարց կու տամ ես ինծի` յուզուած, վախով եւ դողով:

Կը քալեմ համարձակ, բայց վախս կը մնայ:

Ետեւս է երազս, որ իր տէրը կը փնտռէ: Կը փնտռէ այն դէմքերը, որոնք գաղթեցին: Դէմքեր, որոնք նաեւ ոչնչացան կամ ալ պահուեցան ճակատագրին տակ: Դէմքեր, որոնք կերտեցին գաղութը ու բարեբախտաբար չտեսան այս օրերուն իրենց իսկ կերտած գաղութին փլուզումն ու քանդումը:

Կը քալեմ` փնտռելու համար մեր բոլոր թաղերն ու փողոցները, որոնք քիչ ժամանակ առաջ մարդոցմով եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հայ աղմուկով կը վխտային:

Կը քալեմ` փնտռելու համար նոյնիսկ մեր փողոցներուն ծառերը: Փնտռելու նաեւ կեանքի տերեւները, որոնք վերջերս ինկած էին մարդասպաններու ոտքերուն առաջ եւ տակ:

Աչքերովս կը շարունակեմ քալել` յամառօրէն փնտռելով դրացիներս, թաղեցիներս, հայն ու արաբը, քրիստոնեան եւ իսլամը, մեր տան մերձակայ վաճառատուները, անուշավաճառները, մսավաճառներուն ճանճերով լեցուն խանութները, «հոտաւէտ» ձկնավաճառները, նոյնիսկ` գիշերային պահակը, նոյնիսկ` թաղիս անպիտան կատուները, ու նաեւ` աղտոտ ու փոշոտ քարերը, փոքր նստարաններով պարտէզն ու երիտասարդներու սիրային փսփսուքները, փողոցին մէջ դպրոցականներուն անմեղ ճիչերը, կանչերն ու քաղցր երգերը:

Ոչ մէկ շունչ եւ կեանք:

Տակաւին մօտիկ անցեալին հոն միշտ, արցունքէն անջատ, ժպիտ ալ կար, եւ ուրախութիւն` վիշտէն աւելի: Հոն խաղաղութիւն կար: Ու յանկարծ այդ խաղաղութիւնը սուտ դարձաւ:

Կը փորձեմ ես ինծի վերլուծում մը կատարել. եթէ մեր այդ հինը նոյնիսկ իր մէջ դառնութիւն ունենար, այդ մէկն ալ հաճելի էր մեզի համար: Այդ մէկը մեզի ուրախութիւն կը բերէր: Հոգի կը դնէր մեր օրերուն, մեր ժամերուն եւ շունչ կու տար մեր առօրեային:

Մեր հինը իր աղուոր անկեղծութեամբ ու պարզութեամբ իմ կեանքս ալ արժեւորած էր: Ու սփիւռքը վկայ, հոն` այդ գաղութին մէջ անցեալ մը կար յաւերժական ու նախանձելի, եւ այդ անցեալը անբաժան մասնիկն էր մեր ազգի կեանքին, մեր ուրոյն եւ սակայն պատմական մտածողութեամբ, սովորութեան ուժով եւ միշտ հաւատքով ու յոյսով:

Հոն մենք այս ամբողջութեան մէջ կը շարունակէինք ապրիլ իբրեւ հայ մարդ, խաղաղ եւ հաշտ, հարազատ քաղաքացի, նոյնիսկ երկիրը համարելով իբրեւ երկրորդ հայրենիք: Մեր կենսունակութիւնը դրօշ հռչակած էինք: Համարձակ կը հաղորդակցէինք մեր ժառանգած տառապալի անցեալին հետ: Անոր համար հոն մենք մահուան եւ անմահութեան սահմանին վրայ նոյնիսկ մեր մահը կը զարդարէինք: Մեր գերեզմանները կապուած էին մեր կեանքին: Հոն  թաղուած մեռելները չէին մեռներ, այլ մեզի հետ կը շրջէին ու մեզի կ՛այցելէին:

Թէեւ իրարու հակասական երկու կեանք կ՛ապրէինք, սակայն ուրախ էինք: Դրացնութեան բարի օրինակը ունէինք: Իսլամ դրացիին հետ հաց կը կիսէինք հաշտ ու համերաշխ:

Գիտէինք, որ հոն մեր բոլորին աստուածները տարբեր չէին: Ու մինչեւ այսօր, մինչեւ հիմա կը հաւատամ, որ հոն տակաւին կ՛ապրին այդ աստուածները եւ անոնք մեզ կը սպասեն:

Հալէպի մէջ ամէն ինչ պատմութիւն էր եւ այդ պատմութիւնը կենդանի էր: Հայը հոն, ինչպէս ամէն տեղ ալ, շինարար էր ու աշխատասէր, օրինակելի էր ու հաւատարիմ:

Ուստի հիմա կարեւորն ու էականը մեր գաղութին տոկալն ու ֆիզիքականը պահելն է:

Տակաւին, Հալէպի մէջ նաեւ ունէինք առաքելութեան յատուկ ղեկավարներ: Գալիքին համար նոր ճամբաներ եւ լոյսեր որոնողներ ունէինք, որոնք կը վերանորոգէին մեր կեանքը, միաժամանակ մեզ մեր հայրենիքին կը կապէին:

Ու այս ձեւով ժամանակը եւ մենք կը նոյնանայինք:

Հոն մեզի համար ամբողջ քաղաքը հայկական էր: Խորունկ բան մը կար այս բոլորին մէջ:

Նուիրեալներու սերունդ մը կար, օրինակելի ու նոյնքան ալ պատմական: Կար ժամանակ, որ հոն մենք երազին իսկ կը յաղթէինք: Այդ էր, որ մեզ կ՛արբեցնէր:

Միտքս դարձեալ հեռուները փախաւ:

Այս մէկը խորունկ զգացում էր եւ հաւատք: Այս բոլորով հանդերձ, չեմ փորձեր աշխարհը համոզել: Ցեղիս պատգամն է, որ զիս այսպէս ազատօրէն կը խօսեցնէ, անսահման էութեամբ, ճառագայթուն տպաւորութեամբ մը` ե՛ւ յանդուգն, ե՛ւ անպարտելի:

Այս բոլորէն ետք ալ երկիւղած եմ: Թէեւ ո՛չ արցունք կայ աչքերուս եւ ո՛չ ցաւ` սրտիս, սակայն կը զգամ, որ սենեակիս մէջ «այս անիծեալ «ֆէյսպուք»-ին դիմաց» կար միայն հոգեկան կայք մը: Հինը ապրելու երանութիւնը: Այս բոլորը լռութեամբ կը կարդամ:

Հիմա հո՛ն` Հալէպի մէջ էականը տոկալն է, կը կրկնեմ: Մարմինն ու հոգին պահելն է: Ուստի պէտք է յոյս ներշնչել: Շունչ տալ: Իրենց հետ ապրիլ: Իրենց հետ բաժնել վիշտը, ցաւը, ողբերգութիւնը: Ոգի եւ ապրելու կամք փոխանցել:

Նիւթապէս օժանդակել եւ անսակարկ զօրակցիլ: Ահա՛ պայքարի զէնքը:

Դարերով մեր յոյսն ու լոյսը մեզ պահած են: Այս մէկն ալ կը պահեն: Կը հաւատամ: Կ՛աղօթեմ: Ոգիները ինծի հետ են, սենեակիս մէջ: Թէեւ անփոխարինելի բան մը փլած է հոգիիս մէջ, սակայն ըսի. կը հաւատամ հրաշքի խորհուրդին եւ մեր ոգիի ապրելու կամքին:

Յամառ ժողովուրդ ենք, որ չ՛ուզեր մեռնիլ, կը շարունակեմ ես ինծի խորհրդածել: Կը հետապնդենք մեր պատմութիւնը, որ ինքզինք կը կրկնէ:

Հիմա, այս օրերուն, ի տես այս բոլոր լուրերուն, նկարներուն եւ քստմնելի ու տխուր տեսարաններուն ու ամէնօրեայ ցաւագին լուրերուն, հաստատ գիտեմ, որ ամէն բանէ առաջ նախ պէտք է Հալէպի մեր ժողովուրդի մորթին մէջ մտնել, անոր արեան հետ հոսիլ, անոր սրտին հասնիլ:

Հեռուէն խրատականներով կարելի չէ շունչ եւ յոյս ներշնչել:

Ու կը հաւատամ նաեւ, որ այս բոլորը օր մը վերջ պիտի գտնեն, եւ նոր վաղը, հեռաւոր, ծածկամիտ, ծանրաշարժ, իբրեւ անսովոր օր` պիտի գայ կորսուած հեծեալի նման ու ծննդավայր Հալէպս պիտի գտնէ իր խաղաղութիւնն ու նոր կեանքը:

Կը հաւատամ, որ Հալէպը պիտի դառնայ Նոր Հալէպ:

Սակայն, մինչ այդ կը շարունակեմ ու պիտի շարունակեմ ամէն օր «քալել» անոր հին ու նոր «ճամբաներուն» վրայէն, անխոնջ եւ յամառ:

Անոր համար է, որ հիմա դարձեալ յափշտակուած աչքերով «կը քալեմ» թաղէ թաղ, աւերակէ աւերակ, փողոցէ փողոց, շէնքէ շէնք, շրջանէ շրջան ու կը տեսնեմ ատելութեան սեւ ու ճերմակ ծուխը, որ յանկարծ կը կուրցնէ աչքերս: Ու ինքնաբերաբար կը փակեմ զանոնք:

Օ՜հ, ի՜նչ զարմանք… կը տեսնեմ, որ Աստուած ի՛նքն ալ իր աչքերը փակած է: Ու ես ինծի հարց կու տամ… արդեօ՞ք ինքն ալ այդ ծուխէն է, որ աչքերը գոցած է,  թէ՞ ոչ…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )