Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Յունաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան
Գագիկ
Ղալաչեան Կը Դասախօսէ Յունաստանի
Ազգային
Պաշտպանութեան Ակադեմիոյ Մէջ

Յունուար 21-ին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, ռազմական կցորդ Սամուէլ Ռամազեանի ուղեկցութեամբ, այցելեց Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան ակադեմիա, ուր հանդէս եկաւ ակադեմիայի ունկնդիր բարձրաստիճան սպաներու համար նախատեսուած «Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան անվտանգութեան մարտահրաւէրները» թեմայով դասախօսութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնները, հայ-յունական յարաբերութիւններու արդի փուլը եւ երկու երկրներու ռազմական համագործակցութիւնը:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ակադեմիայի պետ զօր. Գէորգիոս Սփիրոփուլոս, որ նաեւ նշեց, որ հայ-յունական ռազմական համագործակցութեան ծիրին մէջ կը փափաքի անձամբ այցելել Հայաստան:

 

Վարշաւիա

Հայկական Բանակի Մասին Շարժապատկերը
Կը
Ներկայացուի Միջազգային Փառատօնին

Բեմադրիչ Արշակ Զաքարեանի` հայկական բանակ մեկնող տղայի եւ անոր մօր մասին պատմող «Կինը» կարճ շարժապատկերը կը մասնակցի Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող «Զում Զպլիզենիա» միջազգային փառատօնին, ուր առաջին փուլին մրցելով 451 ժապաւէններու հետ ընդգրկուած է 114 լաւագոյններու ցուցակին մէջ եւ կը մասնակցի փառատօնի վերջնական մրցանակային փուլին:

Շարժապատկերի բեմագիրը հիմնուած է իրական պատմութեան վրայ: Շարժապատկերին մէջ օգտագործուած են զոհուած ազատամարտիկներու անձնական իրեր, իսկ որոշ դերեր մարմնաւորած են արցախեան պատերազմի մասնակիցներ:

 

Հոլանտա

Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Բացման
Եւ
Օծման Արարողութիւնը

Յունուար 26-ին Հոլանտայի Մաասթրիխթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Կարապետ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բացման եւ օծման արարողութիւնը:

Օծման կարգը կատարեց Նորվան արք. Զաքարեան` մասնակցութեամբ ռումանահայոց  թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ կարգ մը եկեղեցականներու:

Եկեղեցին, որ օծուեցաւ Ս. Կարապետ անունով, նախապէս նոյն վայրին մէջ գործող Քրիստոսի համբարձման եկեղեցին է, որը նուիրուած էր հայ համայնքին այդ եկեղեցւոյ խորհուրդի որոշումով եւ Ռուրմոնտի առաջնորդարանի համաձայնութեամբ` Մաասթրիխթի համայնքային կեանքին մէջ հայ համայնքին ունեցած ներդրումին համար: Ասիկա լաւագոյն գնահատականն էր Մաասթրիխթի «Անի» հայ համայնքի գործունէութեան` ատենապետ Լեւան Սարգիսի գլխաւորութեամբ:

 

Էսթոնիա

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալ
Զոհրապ
Մնացականեանին Այցելութիւնը

Յունուար 25-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Զոհրապ Մնացականեան այցելեց Էսթոնիա, ուր տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ Էսթոնիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ: Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մարթ Լաանեմաէի հետ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկկողմ քաղաքական, տնտեսական, կրթական, մշակութային, իրաւապայմանագրային եւ այլ հարցեր: Կողմերը  արձանագրեցին երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ խորացման անհրաժեշտութիւնը: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող  շարք մը հարցերու շուրջ, ինչպէս` Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ` Արեւելեան գործընկերութեան էսթոնական կեդրոնին մէջ Էսթոնիոյ դիւանագիտական դպրոցի եւ ել.կառավարման ակադեմիայի ներկայացուցիչներու հետ` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու, Արեւելեան գործընկերութիւն համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստանի վերաբերող հարցերու վերաբերեալ:

Զ. Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Էսթոնիոյ խորհրդարանի նախագահի առաջին տեղակալ Լայնէ Ռանտեարվի հետ: Հանդիպումի ընթացքին  կողմերը երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման համար շեշտեցին խորհրդարանական համագործակցութեան աշխուժացումը եւ  փոխայցելութիւններու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը:

Փոխնախարար Մնացականեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Էսթոնիա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի նախագահ, ազգային պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Մատի Ռայտմայի եւ Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխան Քրիսթինա Օյուլանտի հետ:

 

Լոնտոն

ՀՅԴի 122-ամեակ

Նախաձեռնութեամբ «Նաւասարդեան» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ գրական եւ գեղարուեստական յանձնախումբին, վերջերս  Լոնտոնի Լեհական ժողովրդային կեդրոնին մէջ նշուեցաւ  Հ.Յ.Դաշնակցութեան 122-ամեակը:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Անեթ Մոսկոֆեան: «Նաւասարդեան» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Ճորճիկ Պեշիրեան: Ան անդրադարձաւ  ՀՅԴ-ի կատարած հայրենանպաստ եւ ազգանպաստ գործունէութեան` ընդգծելով ներկայիս Անգլիոյ հայութիւնը յուզող եկեղեցական եւ ազգային հարցերը եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ անյապաղ մասնակցին տեղի ունենալիք մօտալուտ քուէարկութեան:

Օրուան բանախօս` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգային ժողովի խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան ականատեսի իր վկայութեամբ ներկայացուց մայր հայրենիքի մէջ ժողովրդավարական սկզբունքներուն հակոտնեայ երեւոյթները, ողբերգական վիճակները, մանաւանդ` Լեռնահայաստանի սակաւաթիւ գիւղացիներուն, մնացորդացին խեղճ, նախնական պայմաններով կենցաղը: Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ մտահոգիչ կացութեան, շեշտելով, որ հարցերը կը լուծուին միայն Հ.Յ.Դաշնակցութեան 7 կէտերէ բաղկացած առաջադրանքներու իրագործումով:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Վրաստան

Վիրահայութիւնը Կը Շարունակէ Սուրիահայութեան
Օժանդակութեան
Ձեռնարկներ Կազմակերպել

Նախաձեռնութեամբ հայ համայնքային կառոյցներու, Թիֆլիսի մէջ կը շարունակուի «Օգնենք Հալէպ քաղաքի հայկական թաղամասերու բնակիչներուն» ծրագիրին մաս կազմող բարեսիրական նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը:

Արդարեւ,  29 յունուարին Վանօ Սարաճիշվիլիի անուան երաժշտանոցի Փոքր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ:

Համերգին սկիզբը ցուցադրուեցաւ Հալէպի հայկական թաղամասերուն ներկայ իրավիճակը արտացոլող պատկերներ:

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր ազգութեան պատկանող երգ-երաժշտութեան վարպետ կատարողներ` Նաթիա Մթինարածէ, Ռեկինա եւ Քրիսթինէ Մեհրափովաներ, Լիզի Ռամիշվիլի, Եսայի Աբովեան, Իրինա Թափորիծէ, Սվեթլանա Թաթոյեւա, Էռնեստ Առաքելով, Ինալ Ճիոյեվ, Անրի Մեհրափով եւայլն:

Բարեսիրական համերգին բերած իրենց մասնակցութեան համար կազմակերպիչ մարմինը շնորհակալագրեր յանձնեց համերգի բոլոր մասնակիցներուն:

Տոմսերու վաճառքէն գոյացած գումարը պիտի փոխանցուի «Սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամ»-ին:

 

Պուլկարիա

Պուլկարիոյ Հայ Համայքը Յարգեց Պաքուի Ջարդերուն
Զոհ
Գացած Հայորդիներու Յիշատակը

Յունուար 20-ին Պուլկարիոյ հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած Ս. պատարագի  աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ Պաքուի ջարդերուն զոհ գացած հայորդիներու: Հոգեհանգստեան արարողութիւններ կատարուեցան` Սոֆիա, Փլովտիւ, Վառնա, Պուրկաս, Ռուսէ հայաշատ քաղաքներուն մէջ:

Նոյն օրը թեմի առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեան մատուցեց Ս. պատարագ եւ կատարեց ջրօրհնէք Պազարճիք քաղաքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն` հաւատարիմ մնալ իրենց հայրերու հաւատքին ու աւանդութեան:

Նոյն օրը երեկոյեան Աբգար վրդ. Յովակիմեան ‘ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռուբէն Գրիգորեան մասնակցեցան Փլովտիւի հայոց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Եկեղեցական վարչութեան նիստին:

 

Միացեալ Նահանգներ

Դեսպան Ճան Հեֆըրն Այցելեց Լաս Վեկասի
Ս
. Կարապետ Եկեղեցի

Յունուար 8-ին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն այցելութիւն մը տուաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցի եւ ծանօթացաւ հոգեւոր հովիւ` Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի, ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանի եւ շինարարական յանձնախումբի անդամներէն Լեւոն Կիւլպէնկեանի ու Գօգօ Տարագճեանի հետ:

Դեսպանին կ՛ընկերանար Անտրէ Աղասիի անուան նախապատրաստական ակադեմիայի տնօրէն Քրիս Սմիթ:

Դեսպանը ծանօթացաւ նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն: Ծխական շրջանի պատասխանատուները բացատրեցին, որ 6 յունուարին, եկեղեցւոյ յարկին տակ առաջին անգամ ըլլալով տօնական օրերու յատուկ Ս. պատարագ մատուցուած էր` ներկայութեամբ աւելի քան 250 հաւատացեալներու: Անոնք նաեւ յոյս յայտնեցին, որ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները իրենց լրումին հասնին յառաջիկայ մարտին:

Դեսպանը շնորհաւորեց հայ համայնքը` եկեղեցաշինական սոյն աշխատանքին յաջողութեան համար, եւ խոստացաւ յառաջիկային դարձեալ այցելել այս եկեղեցին:

Դոկտ. Փիրումեան Ցեղասպանութեան
Գրականութեան
Մասին Կը Խօսի
Ըրվայնի
Համալսարանին Մէջ

Յունուար 17-ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի «Հիւմենիթիզ կէյթուէյ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նոյն համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ ուսումնասիրող դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի դասախօսութիւնը:

Սոյն դասախօսական ձեռնարկը մաս կը կազմէր Ըրվայնի համալսարանի մէջ սկսած դասախօսութեանց շարքի մը, որուն նպատակն է Հայոց ցեղասպանութեան ծալքերը ծանօթացնել համայնքին, ինչպէս նաեւ` աջակցութիւն ապահովել հայագիտական ուսմանց ծրագիրին:

Ներկաները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Հայոց ցեղասպանութեան գրականութեան նուիրուած դասախօսութեան, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ, թէ Ցեղասպանութիւնը ինչպիսի՛ հետքեր ձգած է վերապրողներու հոգեբանութեանց վրայ, եւ շեշտուեցաւ Ցեղասպանութեան գրականութեան կարեւորութիւնը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց համալսարանի հայկական ու պարսկական ուսմանց դասախօս փրոֆ. Թուրաժ Տարիայի, որ նաեւ ներկաներուն ծանօթացուց օրուան դասախօսը եւ անոր իրագործումները:

Փիրումեան խօսեցաւ Ցեղասպանութեան նուիրուած իր նորագոյն հատորին` «The Armenian Genocide in Literature: Perceptions of Those Who Lived Through the Years of Calamity» մասին, ուր կ՛արծարծուին ու կը վերլուծուին Ցեղասպանութեան յիշողութեան փոխանցման հարցերը: Ան ըսաւ, թէ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու հետ հարցազրոյցներով ու վերապրողներու յուշերու ընթերցումով` մուտք գործած է Հայոց ցեղասպանութեան մութ ծալքերէն ներս եւ, բնականաբար, խորապէս ազդուած է` վերապրելով վերապրողներուն կրած ցաւերը:

Դասախօսութեան աւարտին փրոֆ. Փիրումեան յոյս յայտնեց, որ համալսարանին մէջ հայագիտական ամպիոն մը հաստատելու աշխատանքը յաջողութեամբ կը պսակուի, որովհետեւ նման հաստատութեանց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ողջ պահել հայերէնն ու հայոց պատմութիւնը: Ան շեշտեց, որ հայ երիտասարդութիւնը ժառանգորդն է Ցեղասպանութեան յիշատակին եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ, մինչեւ որ արդար հատուցում ապահովուի:

Քաթրին Մենարտ Պիտի Կառուցէ
Փասատինայի
Ցեղասպանութեան Յուշարձանը

Փասատինայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբին կազմած դատական մարմինը ընտրած է յուշարձանը կառուցելու նպատակով իրեն ներկայացուած նախագիծերէն լաւագոյնը, որ կը պատկանի քաղաքի Արուեստի համալսարանի ուսանողուհի Քաթրին Մենարտի: Դատական մարմինին մաս կը կազմէին` Սթեֆանոս Փոլիզոյտես, Ռուբէն Էմիրեան ու Նշան Փիրումեան:

Դատակազմը Մենարտի ներկայացուցած նախագիծը որակած է զգացական եւ համոզիչ ` արտայայտելով այն համոզումը, թէ ան պիտի կարենայ յուզել նոյնիսկ ապագայ սերունդները:

Մենարտի նախագիծը իրարու յենած երեք սիւներու քարակերտ աւազան մըն է, որուն ամենաբարձր կէտէն իւրաքանչիւր երեք երկվայրկեան անգամ մը մէկ կաթիլ ջուր կամ «արցունք» պիտի կաթի, որ կը խորհրդանշէ Եղեռնին զոհ գացած իւրաքանչիւր մարդու կեանք: Մէկ տարուան ընթացքին, աւազանին մէջ պիտի կաթի 1.5 միլիոն «արցունք»` ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհերուն:

Նախագիծը ներկայացնելէ առաջ Մենարտ ուսումնասիրած է հայոց պատմութեան այս ողբերգական հատուածը, որ ըստ իրեն` տպաւորիչ եւ ոգեշնչող էր:

Աշխատանք կը տարուի, որ յուշակոթողը տեղադրուի նախքան Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, Փասատինայի «Մեմորիըլ» զբօսայգիին մէջ:

Յայտնենք, թէ Փասատինայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբի վարչութեան վերջերս անդամակցած էին Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Փասատինայի նախկին ոստիկանապետ Պեռնարտ Մելեքեան, իսկ միւս անդամներն են` Պիլ Փափարեան, Տէյվիտ Ճորճ Գէորգեան, Կրեկ Աֆշարեան, Մայք Եուսէֆեան եւ Շողիկ Եփրեմեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )