ՀՄԸՄ Անթիլիասի Սկաուտներ. «Սկաուտը Միշտ Օգնող»

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն եւ խմբապետական կազմին, դեկտեմբեր եւ յունուար ամիսներուն տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ բարեսիրական աշխատանք մը: Առաջին անգամը չէր, որ նմանօրինակ աշխատանք մը կը կատարուէր մասնաճիւղին մէջ, սակայն այս անգամ նպատակն էր սկաուտական բոլոր խումբերը, անոնց  ծնողներն ու բարեկամները, ինչպէս նաեւ շրջանի հայութիւնը կարելի եղած չափով մասնակից դարձնել այս աշխատանքին, որպէսզի արտակարգ աշխատանքէ մը աւելի, այս գործունէութիւնը մղէ բոլորը մնայուն կերպով բարեսիրական նախաձեռնութիւններ կատարելու:

Դեկտեմբերի առաջին շաբաթէն իսկ շրջաբերականներով, համացանցի վրայ զետեղուած ծանուցումներով եւ անձնական միջոցներով, սկաուտները տեղեկացուցին իրենց շրջապատն ու բարեկամները, թէ ծրագրած էին «Սկաուտը միշտ օգնող» անունը կրող բարեսիրական աշխատանք մը: Պատրաստուած էր նուէրներու ցանկ մը, որուն հիման վրայ օժանդակութիւններ կը հաւաքուէին: Թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ բարեկամներուն քաջալերանքն ու սրտագին մասնակցութիւնը խրախուսիչ էր սկաուտներուն համար, եւ կարելի եղաւ հաւաքել ուտեստեղէն, խաղալիք, հագուստ եւ կօշիկ, տունի անհրաժեշտ առարկաներ, անկողին, մահճակալ, վառարան եւ այլն:

Իւրաքանչիւր սկաուտ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակութիւն մը տրամադրած էր: Ոմանք այցելած էին իրենց տան դրացիներուն եւ` օժանդակութիւն հաւաքած, ուրիշներ` իրենց գանձանակի դրամով խաղալիք գնած, իսկ կարգ մը սկաուտներ դիմած էին իրենց ծնողներուն եւ ազգականներուն, որպէսզի իրենց խանութներէն առարկաներ տրամադրեն: Արենուշական խումբը շրջանին մէջ կարկանդակի վաճառք մը կատարելով` ապահոված էր կոկիկ գումար, որուն միջոցով կարելի եղաւ որոշ գոյքեր գնել:

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին հետ համադրելով` ճշդուեցան 3 կարիքաւոր ընտանիքներ, որոնց պիտի տրամադրուէին օժանդակութիւնները: Ակումբին մէջ աշխատանքը բաժնուեցաւ խումբերու վրայ: Փոքրերը պատրաստեցին Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ բարեմաղթութեան բացիկներ, իսկ արենուշները դասաւորեցին ստացուած օժանդակութիւները:

30 դեկտեմբեր 2012-ին, Ամանորի նախօրեակին, արենուշներէ եւ արիներէ բաղկացած երեք խումբեր այցելեցին ընտանիքներուն եւ յանձնեցին նուէրներն ու Ամանորի գիշերուան յատուկ ընթրիք մը: Սկաուտները լսեցին ընտանիքներուն մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները, խաղացին փոքրերուն հետ, եւ մաղթեցին անոնց լաւ տարի մը:

Դէպի ակումբ վերադարձին, անդամները մեծապէս ազդուած էին եւ իսկապէս հասկցած` իրենց կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնն ու անոր իսկական խորհուրդը: Նոյն օրն իսկ, սկաուտ մը կապուելով խմբապետական կազմին հետ, տեղեկացուցած էր, թէ իր ընտանիքը կը փափաքի յաւելեալ օժանդակութիւններ ուղարկել իր այցելած ընտանիքին, իսկ այլ սկաուտ մը կապուած էր բարեկամներու հետ եւ ապահոված` անհրաժեշտ կահ կարասի: Հետեւաբար ծրագրուեցաւ աշխատանքի երկրորդ հանգրուան մը: 26 յունուար 2013-ին, մասնաճիւղի երէցական փաղանգը փոխադրեց գոյքերն ու կարասին երեք ընտանիքներուն տուները` այսպիսով աւարտելով բարեսիրական աշխատանքի վերջին բաժինը:

Արենուշական խումբէն Նարօտ Քեչեպաշեան կը վկայէ. «Շատ յուզուեցայ, երբ աշխատանքի սկսանք. նախ փառք տուի Աստուծոյ եւ լծուեցայ գործի: Աւելի ուշ, երբ իրենց ուրախութիւնը տեսայ, շատ աւելի յուզուեցայ եւ ծրագրեցի ասկէ ետք առնուազն տարին անգամ մը օգնել կարիքաւոր ընտանիքներու, հաւատարիմ մնալով սկաուտական դաւանանքի կէտերէն մէկուն` «միշտ օգնել ուրիշին»: 12-ամեայ Նարօտ Մերթխանեան աւելցուց. «Չափազանց յուզուած եւ ազդուած` տուն վերադառնալէս յետոյ, որոշեցի կարողութեանս սահմաններուն մէջ օգտակար դառնալ այդ ընտանիքին: Նաեւ անդրադարձայ, թէ միշտ պէտք է շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ եւ կեանքի մէջ չնեղուիլ անիմաստ պատճառներու համար»:

Այսպիսով, հաւատարիմ մնալով սկաուտական դաւանանքներուն եւ մեկնելով ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի խմբապետական կազմին եւ սկաուտներուն ցանկութենէն եւ համոզումէն, «Սկաուտը միշտ օգնող» ծրագիրը պիտի չըլլայ արտակարգ գործունէութիւն մը, եւ պիտի կրկնուի յաճախակի կերպով: Զատկուան առիթով սկաուտները պիտի կրկնեն վերոյիշեալ աշխատանքը փորձելով ալ աւելի լայնցնել մասնակիցներու ծիրը, որպէսզի կարելի ըլլայ օժանդակել մեծ թիւով կարիքաւոր ընտանիքներու:

Վարձքը կատար բոլորին:

Share this Article
CATEGORIES