Բարեկենդան-«Ճաշի Պազար»` ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի
Հայ ժողովուրդի զաւակներուն մէջ ներկայ է միշտ բարեպաշտ հաւատացեալ ու աւանդապահ հայը, որ կը սիրէ իր պապերէն ժառանգած աւանդութիւնները պահել:
Մեծ պահքին նախորդող կիրակին կը կոչուի Բուն բարեկենդան, ժողովրդական լեզուով կը նշանակէ երջանիկ կեանք, վերակենդանացում, ուրախութիւն, խրախճանք եւ ճոխ ուտելիքներ:
Մեր նախնիները Բարեկենդանը կը տօնէին մեծահանդէս տօնակատարութիւններով, աղօթքներու մրմունջներու կողքին, կը զուարճանային նաեւ ուտելով, խմելով եւ պարելով: Բարեկենդանը թէեւ հայոց հեթանոսական շրջանէն կու գայ, սակայն քրիստոնէութիւնը արգելք չէ հանդիսացած Բարեկենդանի սովորութիւններուն եւ աւանդութեան:
Հայ ժողովուրդը մինչեւ այսօր աւանդական ճաշերով, կերուխումով, տօնակատարութիւններով կը տօնէ Բարեկենդանը, իսկ Մեծ պահքին կ՛անդրադառնայ խորհրդածութեամբ, հետեւելով, դարեր առաջ, իբրեւ պատգամ փոխանցուած սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին խօսքին`
«Եկայք հաւատացեալք Աստուծոյ,
Ցնծութեամբ պահեսցուք»:
Բարեկենդանէն ետք, Մեծ պահքը եօթը շաբաթներու վրայ երկարող շրջանն է, երբ հաւատացեալները կտրուելով աշխարհայինէն, կը մտածեն հոգեկան եւ յաւիտենական կեանքին մասին, ոչ թէ միայն հրաժարելով որոշ կերակուրներէ, միսէ, ճարպէ, այլ` քրիստոնէավայել կեանք ապրելու, ողորմութիւն ընելու եւ հոգեպէս պատրաստուելու Քրիստոսի յարութեան:
Այս պատճառով, Բարեկենդանի տօնախմբութեամբ, մարդիկ չարատիպ դիմակներով կ՛ուզեն վանել չարը եւ կը ցանկան բարիով եւ ծոմապահութեամբ ընդունիլ Մեծ պահքի շրջանը:
Ամէն տարի, Բարեկենդանին, ինչպէս այս տարի, շաբաթ, 9 փետրուար 2013-ին, ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը նախաձեռնած էր «Ճաշի պազար»-ի մը «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, համախմբելով շրջանի անդամուհիները ու բարեկամուհիները:
Վարչական ընկերուհիները գործերը բաժնուած ու կանուխէն լծուած էին աշխատանքի. անոնք զբաղած էին սեղաններու ու ճաշերու դասաւորումով, սիրալիր ընդունելութեամբ, ստեղծելով տօնական ջերմ մթնոլորտ:
Հաւաքական աշխատանքով կարելի եղած էր «պազարը» լաւապէս կազմակերպել, սեղաններուն վրայ ցուցադրուած էին տեսակաւոր խմորեղէններ, ճաշի տեսակներ եւ անուշեղէններ` տրամադրուած մասնաճիւղի անդամներուն կողմէ: Անոնք հաւատքով ու հպարտութեամբ կը զօրակցէին վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկին յաջողութեան եւ հայկական աւանդութիւններու պահպանման ու գոյատեւման:
Հեւքոտ առօրեայէն քիչ մը հեռու` ընկերուհիներ իրարու մօտ ըլլալով, ստեղծեցին հաճելի տօնական օրերու մթնոլորտ, որ կը փոխադրէր ներկաները դէպի մեր պապերուն արմատները եւ կը յուշէր անոնց աւանդական մաղթանքը`
«Շնորհաւոր Բարեկենդան,
Բարով հասնինք սուրբ յարութեան»: