Աւանդութեան Ճամբով. Մեր Մայրերը Եւ Բարեկենդանը
Ս. Պ.
Աւանդութեան պահպանումը ազգային պարտաւորութիւն է: Կարելի է ըսել, որ հայոց ազգային պատմութեան բաղկացուցիչ մէկ տարրն է` ժողովրդային մթնոլորտով շաղուած: Եթէ մեր աւանդութիւնը սերունդէ սերունդ չփոխանցենք, կը դադրինք ինքնուրոյն ազգ մը ըլլալէ, կը նմանինք ուրիշին եւ ոչ` մենք մեզի:
Բարեկենդանը հայկական աւանդութիւններու մէջ ունի իր իւրայատուկ գրաւչութիւնը երկու իմաստով. եկեղեցական թէ ժողովրդային: Քրիստոնեայ եկեղեցին կը պահէ Բարեկենդանը եկեղեցւոյ տօներու շարքին, բայց չենք կրնար ըսել, թէ ժողովրդային հասկացողութեան իմաստով կը նոյնանա՞յ հայկականին հետ: Այս կապակցութեամբ չենք կրնար կարծիք մը սահմանել, բայց հաստատ գիտենք, որ մեր հայկական Բարեկենդանը ունի տարբեր գոյն ու որակ, յատուկ յարգանք:
Մեծ պահոց եօթը շաբաթ տեւող ժամանակաշրջանին բացումը կը կատարուի Բարեկենդանով: Այս կը նշանակէ, թէ տանտիկինը, մայրը պէտք է պատրաստէ ճոխ սեղան` ուտեստեղէններով, մսեղէնի եւ կաթնեղէնի առատ հայթայթումով: Անուշեղէնը պէտք է ըլլայ սեղանին զարդը, համն ու բոյրը: Պայման է սակայն, որ այս ճոխ սեղանին շուրջ բոլորուին ընտանիքին անդամները, հարազատները, միասնաբար, սիրալիր ցնծութեամբ:
Հայկական մեր միութիւնները, մասնաւորաբար կնոջական կազմակերպութիւնները հաւատարիմ կը մնան մեր այս հիանալի եւ հոգեթով աւանդութեան, կը կազմակերպեն հանդիպումներ` առատ սեղաններու շուրջ:
Այս առիթով ներկայ եղանք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած Բարեկենդանի հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ 5 փետրուարի կէսօրուան ժամերուն, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ: Ներկայ եղան մասնաճիւղի անդամուհիներ, հրաւիրեալներ:
Հանդիպումին բացման խօսքը ներկայացուց վարչութեան ատենապետուհի Իսկուհի Գափլանեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջած էին հրաւէրին: Ան հակիրճ խօսքով բացատրեց իմաստը Բարեկենդանի տօնին` իբրեւ աւանդութեան, ինչպէս նաեւ` ԼՕԽ-ին առաքելութիւնը, որ օգտակար ըլլալ է գաղութի մեր կարիքաւորներուն: Իր խօսքի աւարտին ան հրաւիրեց մասնաճիւղի անդամ Շահանդուխտը` իր կարգին անդրադառնալու Բարեկենդանին եւ Մեծ պահոց իմաստին ու խորհուրդին: Շահանդուխտ գնահատեց վարչութեան ջանքերը` մեր աւանդութիւններուն պահպանման համար, ներկաներուն յիշեցուց մեր աւանդութիւններուն հանդէպ մեր ունենալիք յարգանքը իբրեւ ազգային ուրոյն պարտաւորութիւն: Ան շեշտը դրաւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ օրինապահութեան, եկեղեցական աւանդութեան, հին դարերէն փոխանցուած աղօթքներուն, մասնաւորաբար Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի այնքան սրտամօտ բանաստեղծութիւններուն, որոնք կը յիշուին ամբողջ եօթը շաբաթներու ընթացքին մասնաւորաբար, արեւագալի եւ հսկումի արարողութեանց ընթացքին: Բանախօսուհին արտասանեց Նարեկացիի եւ Շնորհալիի բանաստեղծութիւններէն` նոյն ատեն մատնանշելով այն կարեւոր կէտը, թէ Մեծ պահոց օրերը չեն սահմանուած միայն մսեղէն կամ կաթնեղէն չուտելով, ոչ միայն մեր մարմնին ֆիզիքական ժուժկալութիւն փոխանցելով, այլ նոյն ատեն հարկ է մաքրել մեր հոգիներուն եւ սիրտերուն վրայ կուտակուած աւելորդ եւ վնասակար «աղտերը», որոնք կը ստեղծեն չարիք` նախանձով, ոխով, քինախնդրութեամբ եւ մասամբ սոցին: Ան հրաւիրեց ներկաները` «Հրաժարելու սատանայէն եւ ամենայն չար զօրութենէ նորա»…:
Հանդիպումը ունեցաւ գեղարուեստական որակաւոր յայտագիր` մասնակցութեամբ գաղութին հանրածանօթ արուեստագիտուհի, բեմադրիչ, դերասանուհի-ասմունքող եւ երգչուհի Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզլեանին, որ ներկայացուց հայկական առակ մը` յոպոպ թռչունին հեքիաթանման պատմութիւնը, հայ գրականութեան մէջ ծանօթ: Ան իր հիանալի սոփրանօ ձայնով երգեց «Քանի վուր ջան իմ», «Երազ իմ երկիր հայրենի», «Արի եար» երգերը: Ներկաները բուռն ծափերով ողջունեցին արուեստագիտուհիին աննախընթաց կատարումները, խնդրեցին շարունակել: Ան ներկայացուց «Ռեթրօ»` հին օրերէն փոխանցուած անգլերէն երգեր` խանդավառելով մթնոլորտը: Այս խնդութիւնը պարեղանակներով եւ շուրջպարերու կշռոյթով ջերմացուց Գէորգ Պաղտասարեան` ներկաները ներշնչելով հայ երգարուեստով:
Արտասանութեան բաժինը ծաղկեցուց Մարինէ Եսայեան, որ արտասանեց Յովհաննէս Շիրազի «Հրաշք ոգեգալուստի» եւ Պարոյր Սեւակի «Ապրել» բանաստեղծութիւնները` արժանանալով ջերմ ծափերու: Յատկանշական կը նկատենք այս անդրադարձումը, տրուած ըլլալով, որ մեր գաղութին մէջ ունինք օժտուած ու տաղանդաւոր հայուհիներ, զորս չենք ճանչնար: Բարեկենդանները կը յայտնաբերեն զանոնք:
Վերեւ յիշեցինք Բարեկենդանի յատուկ հարուստ ճաշասեղանները մեր ընտանեկան յարկերէն ներս: ԼՕԽ-ը իբրեւ մեր մեծ ընտանիքը` կատարեց իր պարտականութիւնը այս առնչութեամբ: Գեղարուեստական յայտագիրներու շարքին, վարչութիւնը հրամցուց առատ ճաշերու տեսականի, համեղ ու քաղցր, մեծ մասը` պատրաստուած վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ:
Հանդիպման վերջին մասով ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, ապա կատարուեցաւ աւանդութիւն դարձած վիճակահանութիւնը, որմէ բախտաւորուեցան բազմաթիւ ներկաներ:
ԼՕԽ-ի նախաձեռնած հանդիսութիւններէն յիշատակելի պիտի մնայ 5 փետրուար 2013-ի Բարեկենդանի այս հանդիպումը: