Ըմբշամարտի Միջազգային Ֆետերասիոնին Նախագահը Պաշտօնանկ Եղաւ

Իր լուրը քաղելով ռուսական «Կազեթա» պարբերաթերթէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Ռաֆայէլ Մարթինեթի պաշտօնանկ եղաւ:

Թայլանտի մէջ իր գումարած արտակարգ ժողովին, ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը որոշում տուաւ պաշտօնազրկել Մարթինեթին, որ 2002-էն ի վեր կը մնայ իր պաշտօնին վրայ:

Բնականաբար անոր պաշտօնազրկումը հետեւանք է եւ կապուած այն հարցին, որ ան Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին հետ իր ունեցած քննարկումներուն ընթացքին արծարծեց այն հարցը, որ ըմբշամարտը պէտք է դուրս մնայ 2020-ի ողիմպիականի խաղերէն:

Share this Article
CATEGORIES